Եսայիա մարգարեյի գիրք

30

Անօգուտ դաշինք Եգիպտոսի հետ

1Վա՜յ ապստամբ տղաքներուն, կ’ըսէ Տէրը, Որոնք մեղքի վրայ աւելցնելու համար Խորհուրդ կ’ընեն, բայց ինծմով չէ. Ու դաշնադրութիւն կ’ընեն, բայց իմ Հոգւովս չէ. 2Որոնք առանց իմ բերնիս հարցնելու Կ’երթան կ’իջնեն, Փարաւոնի պաշտպանութեանը տակ ամրանալու, Ու Եգիպտոսի հովանիին ապաւինելու համար: 3Բայց Փարաւոնի պաշտպանութիւնը ձեզի ամօթ, Ու Եգիպտոսի հովանիին ապաւինիլը ձեզի նախատինք պիտի ըլլայ: 4Քանզի անոր իշխանները Տայանիս գացին, Ու դեսպանները Հանէս հասան: 5Ամէնը ամչցան այն ժողովուրդին պատճառաւ Որ իրենց օգուտ մը ընելու կարողութիւն չունի. Անիկա չկրնար օգնութիւն մը կամ օգուտ մը ընել, Հապա իրենց ամօթ ու նախատինք պիտի ըլլայ: 6Ահա բեռ կրող անասունները* դէպ ի հարաւ, Նեղութեան ու վիշտերու, Մատակ առիւծի և առոյգ առիւծի, Իժի ու կիզող թևաւոր օձի երկիրը կ’երթան. Իրենց ստացուածքը էշերու կռնակին վրայ, Ու իրենց գանձերը ուղտի սապատին վրայ կը տանին Այնպիսի ժողովուրդի մը` որ իրենց օգուտ չունի: 7Վասն զի Եգիպտացիք պարապ ու զուր տեղ օգնութիւն կ’ընեն. Անոր համար անոր Պարապ նստող պարծենկոտ կանչեցի:

Անհնազանդ ժողովուրդը

8Ուրեմն գնա, անոնց առջև ասիկա տախտակի վրայ գրէ, Եւ գիրքի մէջ դրոշմէ, Որպէս զի գալու ժամանակին մնայ Յաւիտենական վկայութեան համար: 9Քանզի ասիկա ապստամբ մըն է. Ստախօս տղաքներ են, Ու այնպիսի տղաքներ են` որ Տէրոջը օրէնքը լսել չեն ուզեր. 10Որոնք տեսանողներուն կ’ըսեն, Մի տեսնէք, Ու մարգարէներուն` Մեզի համար ուղիղ բաներ մի մարգարէանաք. Մեզի շողոքորթութիւններ խօսեցէք, Խաբէութիւններ մարգարէացէք, 11Ճամբայէն ետ քաշուեցէք, Շաւիղէն խոտորեցէք, Իսրայէլի Սուրբը մեր առջևէն վերցուցէք: 12Ուստի Իսրայէլի Սուրբը այսպէս կ’ըսէ. Որովհետև դուք այս խօսքը անարգեցիք, Եւ բռնութեան ու ծռութեան ապաւինեցաք, Ու անոնց վրայ կռթնեցաք, 13Անոր համար այս անօրէնութիւնը Բարձր պարիսպի մը իյնալու վրայ եղող Ուռեցած ճեղքուածքին պէս պիտի ըլլայ ձեզի, Որուն կործանումը յանկարծակի մէկ վայրկեանի մէջ կու գայ: 14Եւ զանիկա բրուտներու սափորին կոտրուածքին պէս պիտի կոտրէ. Պիտի փշրէ ու չխնայէ. Եւ անոր կտորուանքներուն մէջ Կրակարանէն կրակ առնելու Կամ փոսէն հանելու կտոր մը պիտի չգտնուի: 15Վասն զի Եհովա Տէրը, Իսրայէլի Սուրբը, այսպէս կ’ըսէ. Դուք դառնալով ու հանգստանալով փրկութիւն կը գտնէք, Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու ապաւինութեամբ կ’ըլլայ. Բայց դուք չուզեցիք. 16Հապա ըսիք, Ոչ, ձի հեծնենք փախչինք. Անոր համար պիտի փախչիք. Արագընթաց ձիերու վրայ հեծնենք ըսիք, Անոր համար ձեզ հալածողներն ալ արագընթաց պիտի ըլլան: 17Մէկուն սպառնալիքովը հազարնիդ, Հինգին սպառնալիքովը ամէնդ պիտի փախչիք. Մինչև որ լեռան գլուխը սիւնի պէս, Ու բլուրի վրայ դրօշակի պէս թողուիք: 18Բայց Տէրը պիտի սպասէ որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէ, Ու պիտի բարձրանայ որպէս զի ձեզի ողորմի. Քանզի Տէրը արդար մըն է Երանի՜ այն ամէնուն որ անոր կը սպասեն:

Աստուած իր ժողովուրդը պիտի օրհնէ

19Քանզի ժողովուրդը Սիօնի վրայ, Երուսաղէմի մէջ, պիտի բնակի. Ալ բնաւ պիտի չլաս. Քու աղաղակիդ ձայնը ելածին պէս շուտով քեզի պիտի ողորմի, Զանիկա լսածին պէս քեզի պատասխան պիտի տայ: 20Թէև Տէրը ձեզի նեղութեան ու տառապանքի ջուր տայ, Քու ուսուցիչներդ մէյմըն ալ պիտի չհեռանան, Հապա քու աչքերդ քու ուսուցիչներդ պիտի տեսնեն: 21Ու երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, Քու ականջներդ ետեւէդ մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ, Ասիկա է ճամբան, ասոր մէջ քալեցէք: 22Այն ատեն քու քանդակած արծաթ կուռքերուդ ծածկոցները Ու ձուլածոյ կուռքերուդ զարդերը պիտի պղծես, Զանոնք դաշտանի լաթի պէս պիտի նետես, Անոնց ամէն մէկուն պիտի ըսես, Դուրս ելիր: 23Եւ Տէրը քու սերմանած երկրիդ հունտերուն վրայ անձրև, Ու երկրի արդիւնքէն հաց պիտի տայ, Եւ առատ ու պարարտ պիտի ըլլայ. Այն օրը քու խաշինքդ ընդարձակ արօտի մէջ պիտի ճարակին: 24Ու երկիրը գործող եզները ու էշերը Թիով ու հեծանոցով հոսած Մաքուր կերակուր պիտի ուտեն: 25Եւ մեծ կոտորածին օրը Ու աշտարակներուն կործանման ատենը Ամէն բարձր լեռան վրայ Եւ ամէն բարձրացած բլուրի վրայ Գետեր ու ջուրի առուներ պիտի ըլլան: 26Եւ այն օրը որ Տէրը իր ժողովուրդին վէրքը պիտի պատէ, Ու անոնց հարուածքին խոցը պիտի բժշկէ, Լուսնին լոյսը արևին լոյսին պէս, Ու արևին լոյսը եօթնապատիկ աւելի, Ու եօթը օրուան լոյսին չափ պիտի ըլլայ:

Աստուած Ասորեստանը պիտի պատժէ

27Ահա Տէրոջը անունը հեռուէն կու գայ, Անոր բարկութիւնը կը վառի ու բոցը սաստիկ է. Շրթունքները սրտմտութեամբ լեցուած են, Ու լեզուն մաշող կրակի պէս է. 28Եւ անոր հոգին յորդահոս գետի պէս Մինչև պարանոցը պիտի հասնի, Որպէս զի ազգերը ունայնութեան մաղով մաղէ, Եւ ժողովուրդներուն կզակը սանձ դնելով` զանոնք խոտորեցնէ: 29Դուք սուրբ տօնի մը գիշերուան պէս երգ պիտի ունենաք, Ու Իսրայէլի Վէմին, Տէրոջը, լեռը երթալու համար Սրինգով գացողին պէս սրտի ուրախութիւն պիտի ունենաք: 30Եւ Տէրը իր փառաւոր ձայնը լսել պիտի տայ, Ու իր սաստիկ բարկութիւնովը և մաշող կրակին բոցովը, Հեղեղով, փոթորիկով ու կարկուտի քարերով Իր երկնցած բազուկը* պիտի ցուցնէ: 31Վասն զի գաւազանով զարնող Ասորեստանցին Տէրոջը ձայնէն պիտի ճնշուի: 32Ու որոշուած գաւազանին ամէն հարուածը, Զոր Տէրը անոր վրայ պիտի դնէ, Թմբուկներով ու քնարներով պիտի ըլլայ. Եւ անոր հետ աղմկալից պատերազմներով պիտի պատերազմի: 33Քանզի Տօփեթ շատոնցմէ պատրաստուած է, Անիկա ալ թագաւորին համար պատրաստուեցաւ, Զանիկա խորունկցուց ու լայնցուց, Անոր դէզը կրակ ու շատ փայտ է, Զանիկա Տէրոջը շունչը ծծումբի հեղեղի պէս պիտի բռնկցնէ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)