Եսայիա մարգարեյի գիրք
31
Աստուած Երուսաղէմը պիտի պաշտպանէ
1Վա՜յ անոնց որ օգնութեան համար Եգիպտոս կ’իջնեն, Ու ձիերու կը վստահին և կառքերու կ’ապաւինին, որովհետև շատ են, Ու ձիաւորներու` որովհետև խիստ զօրաւոր են. Եւ Իսրայէլի Սուրբին չեն նայիր, Ու Տէրը չեն փնտռեր: 2Բայց անիկա ալ իմաստուն է, ու չարիք կը բերէ, Եւ իր խօսքերը ետ չդարձներ. Ու չարերուն տանը դէմ, Եւ անօրէնութիւն գործողներուն օգնութեանը դէմ կ’ելլէ: 3Արդ Եգիպտացիք մարդ են և ոչ թէ Աստուած. Ու անոնց ձիերը մարմին են և ոչ թէ հոգի. Ու երբ Տէրը իր ձեռքը երկնցնէ, Թէ՛ օգնութիւն ընողը պիտի սահի, Եւ թէ՛ օգնութիւն գտնողը պիտի իյնայ. Ու ամէնը մէկտեղ պիտի կորսուին: 4Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. Զոր օրինակ առիւծը կամ կորիւնը իր որսին համար կը գոչէ, Ու երբ հովիւներուն գունդը անոր վրայ կը ժողվուին, Անոնց ձայնէն չվախնար, Ու անոնց աղաղակէն չվհատիր, Այնպէս զօրաց Տէրը Սիօն լեռանը համար Ու անոր բլուրին համար պատերազմելու պիտի իջնէ: 5Ինչպէս թռչունները իրենց ձագերը կը ծածկեն, Այնպէս զօրաց Տէրը Երուսաղէմի պաշտպանութիւն պիտի ընէ. Պիտի պաշտպանէ ու փրկէ զանիկա, Պիտի անցնի ու պիտի ազատէ: 6Դուք այն Աստուծոյն դարձէք, Որմէ Իսրայէլի որդիները չարաչար ապստամբեցան, 7Քանզի այն օրը ամէն մարդ մէկդի պիտի նետէ Իր արծաթէ կուռքերը ու ոսկիէ կուռքերը, Զորոնք ձեռքերնիդ շինեցին ձեզի մեղքի համար: 8Եւ Ասորեստանցին սրով պիտի իյնայ, բայց ոչ թէ մարդու սրով. Հապա զանիկա այնպիսի սուր մը պիտի ուտէ, որ մարդու սուր չէ. Ու անիկա սուրին երեսէն պիտի փախչի. Եւ անոր երիտասարդները հարկատու պիտի ըլլան: 9Ու անիկա իր վախին պատճառաւ իր բերդը պիտի անցնի. Եւ անոր իշխանները դրօշակէն պիտի զարհուրին, Կ’ըսէ Տէրը, որուն կրակը Սիօնի մէջ է, Ու փուռը Երուսաղէմի մէջ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981