Եսայիա մարգարեյի գիրք

32

Արդարադատ թագաւոր մը

1Ահա թագաւոր մը արդարութեամբ պիտի թագաւորէ, Ու իշխանները իրաւունքով պիտի իշխեն: 2Եւ այս մարդը* հովի դէմ դնող պատըսպարանի պէս Ու փոթորիկի դէմ դնող ծածկոցի պէս, Չոր տեղ եղող ջուրի վտակներու պէս ծարաւուտ երկրի մէջ Մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ: 3Ու տեսնողներուն աչքերը պիտի չշլանան, Եւ լսողներուն ականջները մտիկ պիտի ընեն: 4Ու արտորացողներուն սիրտը գիտութիւն պիտի հասկնայ, Եւ թոթովախօսներուն լեզուն Յստակ խօսելու պատրաստ պիտի ըլլայ: 5Անզգամին մէյմըն ալ ազնուաբարոյ պիտի չըսուի, Ու ագահին մէյմըն ալ առատաձեռն պիտի չըսուի. 6Վասն զի անզգամը անզգամութիւն կը խօսի, Ու անոր սիրտը անօրէնութիւն կը գործէ. Կեղծաւորութիւն կ’ընէ, ու Տէրոջը վրայով ամբարշտութիւն կը խօսի. Անօթիին հոգին կերակուրե կը զրկէ, Ու ծարւածին խմելիքը կը հատցնէ: 7Եւ ագահին հնարքները չար են. Անիկա սուտ խօսքերով աղքատները կորսնցնելու համար Նենգութիւններ կը խորհի, Թէև տնանկը արդարութեամբ խօսի: 8Բայց ազնուաբարոյ մարդը ազնիւ բաներ կը խորհի. Ու ազնիւ բաներու վրայ հաստատ կը մնայ:

Դատաստան և վերհաստատութիւն

9Ով հանգիստ կիներ, ելէք, Իմ ձայնս մտիկ ըրէք. Ով անհոգ աղջիկներ, Իմ խօսքիս ականջ տուէք: 10Օրերով ու տարիներով խռովութեան մէջ պիտի ըլլաք, Ով անհոգ կիներ, Քանզի այգեկութը կորսուեցաւ, Հունձքի ժամանակ պիտի չգայ: 11Ով հանգիստ կիներ,դողացեք. Ով անհոգ կիներ, խռովութեան մէջ ինկէք. Հանուեցէք ու մերկ եղէք, Ու մէջքերնիդ քուրձ կապեցէք: 12Ցանկալի արտերուն ու պտղաբեր որթին համար Կուրծքերնին պիտի ծեծեն*: 13Իմ ժողովուրդիս երկրին վրայ Փուշ և ցախ պիտի բուսնի. Նաև ամէն ուրախութեան տուներուն վրայ` Բերկրալի քաղաքին մէջ: 14Քանզի պալատները երեսէ պիտի ձգուին, Աղմկայոյզ քաղաքը պիտի թողուի, Բերդերը ու պարիսպները յաւիտեան քարայրներ պիտի ըլլան, Ցիռերու զուարճութեան համար ու խաշինքներու արօտ ըլլալու համար, 15Մինչև որ վերէն մեր վրայ թափուի, Ու անապատը պտղաբեր արտի դառնայ, Եւ պտղաբեր արտը անտառ համարուի: 16Այն ատեն անապատին մէջ պիտի բնակի, Ու պտղաբեր արտին մէջ արդարութիւն պիտի հանգչի: 17Եւ արդարութեան գործը խաղաղութիւն, Ու արդարութեան արդիւնքը հանգիստ ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ յաւիտեան: 18Եւ իմ ժողովուրդս խաղաղաւէտ բնակութեան մէջ, Ու ապահով վրաններու մէջ, Եւ հանդարտ հանգստութեան մէջ պիտի բնակի: 19Բայց կարկուտ պիտի իջնէ անտառին վրայ, Ու քաղաքը բոլորովին պիտի խոնարհի: 20Երանի՜ ձեզի, որ ամէն ջուրերու քով կը ցանէք, ԳԼՈՒԽ ԼԳ - 33

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)