Եսայիա մարգարեյի գիրք

33

Աղոթք օգնութեան համար

1Վա՜յ քեզի, ով կործանող, որ դուն չկործանուեցար. Ու վա՜յ քեզի, ով յափշտակող, որ քեզ չյափշտակեցին. Երբ դուն կործանելը լմնցնես, քեզ պիտի կործանեն. Երբ յափշտակելէն դադարիս, քեզ պիտի յափշտակեն: 2Ով Տէր, մեզի ողորմէ, քեզի կը յուսանք. Ամէն առտու անոնց զօրութիւն եղիր, Ու նեղութեան ժամանակ մեզի փրկութիւն եղիր: 3Աղմուկին ձայնէն ժողովուրդները կը փախչին, Քու բարձրանալէդ ազգերը կը ցրուին: 4Եւ ձեր աւարը թրթուրին ժողվելուն պէս պիտի ժողվեն. Անոր վրայ` մարախներուն ցաթկելուն պէս պիտի ցաթկեն: 5Տէրը բարձրացած է, վասն զի բարձրերը կը բնակի. Սիօնը իրաւունքով ու արդարութիւնով լեցուց: 6Եւ քու ժամանակներուդ հաստատութիւնը, Ու փրկութեանդ զօրութիւնը իմաստութիւն ու գիտութիւն պիտի ըլլայ. Տէրոջը վախը անոր գանձն է: 7Ահա անոնց զօրաւորները դուրսը կ’աղաղակեն. Խաղաղութեան դեսպանները դառնապէս կու լան: 8Բանուկ ճամբաները ամայի եղան, Ճամբայէն անցնող չմնաց. Անիկա ուխտը աւրեց, քաղաքները կ’անարգէ, Մարդը բանի տեղ չսեպեր. 9 սուգ կը բռնէ ու կը նուաղի, Լիբանան ամչցաւ ու թառամեցաւ, Սարօն անապատի պէս եղաւ, Եւ ու Կարմեղոս կը թօթվուին:

Աստուած իր թշնամիները կը խրատէ

10Հիմա պիտի ելլեմ, կ’ըսէ Տէրը, Հիմա պիտի փառաւորուիմ, Հիմա պիտի բարձրանամ: 11Դուք յարդով պիտի յղանաք և մղեղ պիտի ծնանիք. Ու ձեր շունչը կրակի պէս ձեզ պիտի ուտէ: 12Եւ ժողովուրդները կիրի այրուելուն պէս պիտի ըլլան. Անոնք կրակի մէջ` կտրուած փուշերու պէս պիտի այրին: 13Ով հեռու եղողներ, իմ ըրածս լսեցէք. Ու, մօտ եղողներ, իմ զօրութիւնս գիտցէք: 14Սիօնի մէջ մեղաւորները կը վախնան, Կեղծաւորները դողը կը բռնէ: Մեզմէ ո՞վ պիտի բնակի մաշող կրակին մէջ. Մեզմէ ո՞վ պիտի բնակի յաւիտենական բոցերուն մէջ: 15Արդարութեամբ քալողը և ուղղութիւն խօսողը, Անիրաւութեան շահը մերժողը, Կաշառք առնելէն ձեռքերը թօթվողը, Արիւնահեղութեան խօսքերը չլսելու համար ականջները գոցողը, Ու չարութիւնը չտեսնելու համար աչքերը գոցողը: 16Անիկա բարձրերը պիտի բնակի, Անոր բերդը ամուր վէմերու վրայ պիտի ըլլայ. Անոր պիտի տրուի, Ու անոր ջուրը անպակաս պիտի ըլլայ:

Յաղթական ապագա

17Քու աչքերդ թագաւորը իր վայելչութիւնովը պիտի տեսնեն, Անոնք հեռաւոր երկիր պիտի նային: 18Քու սիրտդ վախերը պիտի մտածէ. Ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է կշռողը, Ո՞ւր է աշտարակները գրողը: 19Դուն պիտի չտեսնես այն խիստ ժողովուրդը, Դժուարիմաց ու անծանօթ լեզու ունեցող ժողովուրդը, Թոթովախօս ու անիմանալի լեզուով ժողովուրդը: 20Մեր տօնախմբութիւններու քաղաքին, Սիօնի, նայէ. Քու աչքերդ Երուսաղէմը պիտի տեսնեն, Իբրև հանգիստ բնակարան մը ու չխախտուելու վրան մը. Որուն ցիցերը յաւիտեան պիտի չշարժին, Ու չուանները բնաւ պիտի չկտրին: 21Հապա հոն փառաւորեալ Տէրը պիտի ըլլայ մեզի Լայնատարած գետերու ու վտակներու տեղ, Ուր թիաքարշ նաւ պիտի չմտնէ, Եւ անկէ մեծ նաւ պիտի չանցնի: 22Քանզի մեր դատաւորը Տէրն է, Մեր օրէնսդիրը Տէրն է, Մեր թագաւորը Տէրն է, Անիկա մեզ պիտի ազատէ: 23Քու չուաններդ թուլցան, Իրենց կայմին խարիսխը չկրցան հաստատ բռնել, Առագաստը չկրցան բանալ. Այն ատեն մեծ աւար բաժնուեցաւ, Մինչև անգամ կաղերը աւար առին: 24Ու հոն բնակողը պիտի չըսէ թէ Հիւանդ եմ. Հոն բնակող ժողովուրդին անօրէնութիւնը պիտի թողուի:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981