Եսայիա մարգարեյի գիրք
34
Աստուած իր թշնամիները պիտի պատժէ
1Ով ազգեր, մօտեցէք որպէս զի լսէք, Ով ժողովուրդներ, ականջ տուէք. Երկիր ու անոր լիութիւնը, Աշխարհ ու անոր բոլոր բնակիչները թող մտիկ ընեն: 2Վասն զի Տէրոջը բարկութիւնը ամէն ազգերուն վրայ, Ու սրտմտութիւնը անոնց բոլոր զօրքերուն վրայ է. Անիկա զանոնք նզովեց, զանոնք սպանման մատնեց: 3Եւ անոնց սպանուածները պիտի նետուին, Ու անոնց դիակներէն գէշ հոտ պիտի ելլէ, Եւ անոնց արիւնէն լեռները պիտի հալին: 4Ու երկինքի բոլոր զօրքերը պիտի հալին, Ու երկինք մագաղաթի պէս պիտի գալարի, Եւ անոր բոլոր զօրքերը վար պիտի թափին, Ինչպէս տերևը որթէն կը թափի, Ու ինչպէս թուզը թզենիէն կը թափի: 5Քանզի իմ սուրս երկինքի մէջ արբեցած է. Ահա անիկա Եդովմի վրայ ու իմ նզոված ժողովուրդիս վրայ Դատաստան ընելու պիտի իջնէ: 6Տէրոջը սուրբ արիւնով լեցուած է Ու ճարպով իւղոտած է. Գառներուն և նոխազներուն արիւնովը Ու խոյերուն երիկամունքներուն ճարպովը. Քանզի Տէրը Բօսրայի մէջ զոհ ունի, Ու Եդովմի երկրին մէջ` մեծ սպանդ: 7Եւ անոնց հետ պիտի իյնան միեղջերուները, Ու զուարակները` ցուլերուն հետ. Եւ անոնց երկիրը արիւնով պիտի գինովնայ. Ու անոնց հողը ճարպով պիտի պարարտանայ. 8Քանզի Տէրոջը վրէժխնդրութեան օրը Ու Սիօնի վէճին համար հատուցման տարին է: 9Եւ անոր գետերը ձիւթի, Ու հողը ծծումբի պիտի դառնան. Եւ անոր երկիրը վառած ձիւթ պիտի ըլլայ: 10Գիշեր ու ցորեկ պիտի չմարի. Անոր ծուխը յաւիտեան պիտի ելլէ, Եւ դարէ դար աւերակ պիտի մնայ. Յաւիտեանս յաւիտենից անկէ անցնող պիտի չըլլայ: 11Հապա զանիկա հաւալուսները ու ոզնիները պիտի ժառանգեն. Եւ հոն քաջահաւը ու ագռաւը պիտի բնակի. Ու անոր վրայ դատարկութեան լարը Եւ ունայնութեան կշիռը պիտի քաշուի: 12Անոր ազնուականները թագաւորութեան պիտի կանչեն, Բայց հոն մէկը պիտի չգտնուի. Ու անոր բոլոր իշխանները պիտի ոչնչանան: 13Եւ անոր պալատներուն մէջ փուշեր, Ու անոր պարիսպներուն վրայ եղինճ ու եկքան պիտի բուսնին. Եւ չագալներու բնակարան, Ու ջայլամներու գաւիթ պիտի ըլլայ: 14Եւ վայրենի կատուները բորենիներուն պիտի հանդիպին, Ու այծամարդները իրարու ձայն պիտի տան, Եւ յուշկապարիկները հոն պիտի հանգչին, Ու հոն իրենց հանգիստ տեղ պիտի գտնեն: 15Հոն նետ օձը իր բոյնը պիտի շինէ ու հաւկիթ պիտի ածէ, Եւ իր ձագերը պիտի հանէ ու իր հովանիին տակ առնելով պիտի խնամէ. Եւ ուրուրները հոն պիտի ժողվուին, ամէն մէկը իր ընկերին հետ: 16Տէրոջը գիրքին մէջ փնտռեցէք ու կարդացէք. Ասոնց մէ՛կը պիտի չպակսի, Մէկո՛ւն ընկերը պակաս պիտի չըլլայ. Վասն զի իր բերանը հրամայեր է, Ու իր Հոգին պիտի ժողվէ զանոնք: 17Եւ ինք անոնց համար վիճակ ձգեր է, Ու իր ձեռքը զանիկա լարով բաժներ է անոնց. Զանիկա յաւիտեան պիտի ժառանգեն, Դարէ դար անոր մէջ պիտի բնակին: