Եսայիա մարգարեյի գիրք
35
Սրբութեան ճամբան
1Անապատը ու չոր երկիրը պիտի ուրախանայ. Եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ, ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի: 2Անիկա բոլորովին պիտի ծաղկի, Եւ ցնծութեամբ ու երգերով պիտի ուրախանայ. Անոր պիտի տրուի Լիբանանի փառքը, Կարմեղոսի ու Սարօնի վայելչութիւնը. Անոնք Տէրոջը փառքը, Մեր Աստուծոյն վայելչութիւնը, պիտի տեսնեն: 3Թուլցած ձեռքերը ուժովցուցէք, Ու դողդոջուն ծունկերը զօրացուցէք. 4Թուլասիրտներուն ըսէք, Ուժովցէք, մի վախնաք. Ահա ձեր Աստուածը վրէժխնդրութիւնով Ու Աստուծոյ հատուցումովը կու գայ. Անիկա պիտի գայ ու ձեզ ազատէ. 5Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին, Ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին: 6Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցաթկըտէ, Ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ. Քանզի անապատի մէջ ջուրեր Ու անբնակ երկրի մէջ հեղեղներ պիտի բղխին: 7Եւ խորշակահար երկիրը լիճի պիտի դառնայ, Ու ծարաւուտ երկիրը ջուրի աղբիւրներ պիտի բղխէ. Եւ չագալներուն պառկած բնակարանը Եղէգի ու կնիւնի գաւիթ պիտի ըլլայ: 8Եւ հոն պողոտայ ու ճամբայ պիտի ըլլայ, Ու անիկա սուրբ ճամբայ պիտի ըսուի. Անկէ պիղծ մէ՛կը պիտի չանցնի, Հապա անիկա անոնց համար պիտի ըլլայ. Այն ճամբուն մէջ քալողը` ու յիմարները անգամ պիտի չմոլորին: 9Հոն առիւծ պիտի չըլլայ, Ու անոր վրայ պատառող գազան պիտի չելլէ, Եւ հոն պիտի չգտնուի, Հապա փրկուածները հոն պիտի քալեն: 10Ու Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան, Ու երգերով Սիօն պիտի գան, Եւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ. Անոնք ցնծութիւն և ուրախութիւն պիտի ստանան, Եւ տրտմութիւնը ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանայ: