Եսայիա մարգարեյի գիրք
36
Ասորեստանցիները Երուսաղէմին կը սպառնան
1Ու եղաւ որ Եզեկիա թագաւորին չորեքտասաներորդ տարին, Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը Յուդայի բոլոր պարսպաւոր քաղաքներուն վրայ ելաւ, ու զանոնք առաւ: 2Եւ Ասորեստանի թագաւորը Ռափսակը շատ զօրքով Լաքիսէ Երուսաղէմ ղրկեց Եզեկիա թագաւորին. ու անիկա թափիչի ագարակին ճամբան եղող վերի աւազանին ջրմուղին վրայ կայնեցաւ: 3Եւ Քեղկիայի որդին Եղիակիմ, պալատին հազարապետը, ու Սեբնա ատենադպիրը ու յիշատակներու դպիր Ասափի որդին Յովաք անոր ելան: 4Եւ Ռափսակ անոնց ըսաւ, Եզեկիայի ըսէք, Մեծ թագաւորը, Ասորեստանի թագաւորը, այսպէս կ’ըսէ. Ի՞նչ է այդ յոյսը` որու դուն կ’ապաւինիս: 5Դուն ըսիր, Պատերազմի համար խորհուրդ ու զօրութիւն ունիմ. բայց շրթունքի խօսքեր են. հիմա որո՞ւ ապաւինելով ինծմէ ապստամբեցար: 6Ահա դուն այն ջախջախած եղէգէ ցուպին, Եգիպտոսի, ապաւինեցար, որ եթէ անոր մարդ մը կռթընի` ձեռքը պիտի մտնէ ու զանիկա պիտի ծակէ. Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը բոլոր իրեն ապաւինողներուն այնպէս է: 7Բայց եթէ ինծի ըսես թէ Մենք մեր Եհովա Աստուծոյն կ’ապաւինինք, ասիկա ան չէ՞ որուն բարձր տեղերը ու սեղանները Եզեկիա վերցուց, և Յուդայի ու Երուսաղէմի ըսաւ, Միայն այս սեղանին առջև երկրպագութիւն ըրէք: 8Ու հիմա իմ տէրոջս, Ասորեստանի թագաւորին, հետ հաշտուէ*, ու քեզի երկու հազար ձի տամ, եթէ դուն քու կողմանէդ անոնց վրայ հեծնողներ դնելու կարող ես: 9Եւ իմ տէրոջս ամէնէն պըզտիկ ծառաներէն մէկ կուսակալին ի՞նչպէս կրնաս դէմ դնել, որ դուն կառքերու ու ձիերու համար Եգիպտոսի կ’ապաւինիս: 10Եւ հիմա այս երկրին վրայ արդեօք առանց Եհովայի հրամանի՞ն ելեր եմ` զանիկա աւրելու համար. ինծի Եհովա ըսաւ, Այն երկրին վրայ ելիր ու զանիկա աւրէ: 11Ու Եղիակիմ և Սեբնա ու Յովաք Ռափսակի ըսին, Շնորհք ըրէ, քու ծառաներուդ հետ Ասորերէն խօսէ, քանզի մենք կը հասկնանք, ու մեզի հետ Եբրայեցերէն մի խօսիր որ պարսպին վրայ եղող ժողովուրդը լսէ: 12Բայց Ռափսակ ըսաւ, Միթէ այս խօսքերը խօսելու համար իմ տէրս զիս քու տէրոջդ ու քեզի՞ միայն ղրկեց. չէ՞ որ այս մարդոց ալ` որոնք պարսպին վրայ կը նստին ձեզի հետ իրենց աղբը ուտելու ու իրենց մէզը խմելու: 13Եւ Ռափսակ ոտք ելաւ, ու մեծ ձայնով մը Եբրայեցերէն աղաղակեց ու ըսաւ, Մեծ թագաւորին, Ասորեստանի թագաւորին, խօսքերը մտիկ ըրէք: 14Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. Եզեկիա ձեզ չխաբէ, քանզի անիկա չկրնար ձեզ ազատել: 15Ու Եզեկիա ձեզ Եհովայի չյուսացնէ` ըսելով, Եհովա մեզ անշուշտ պիտի ազատէ, ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի: 16Եզեկիայի մտիկ մի ընէք, քանզի Ասորեստանի թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. Ինծի հետ հաշտութիւն ըրէք ու ինծի ելէք. և ամէն մարդ իր որթէն, ու ամէն մարդ իր թզենիէն ուտէ, և ամէն մարդ իր ջրհորին ջուրէն խմէ, 17Մինչև ես գամ, ու ձեզ ձեր երկրին պէս երկիր մը, ցորենի ու գինիի երկիր մը, հացի ու այգիներու երկիր մը, տանիմ: 18Չըլլայ որ Եզեկիա ձեզ գլխէ հանէ` ըսելով, Եհովա մեզ պիտի ազատէ: Միթէ ազգերուն աստուածները Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն` ամէն մէկը իր երկիրը ազատե՞ց: 19Եմաթի ու Արփաթի աստուածները ո՞ւր են. Սեփարուիմի աստուածները ո՞ւր են. միթէ անոնք Սամարիան իմ ձեռքէս ազատեցի՞ն: 20Այս երկիրներուն ամէն աստուածներէն ո՞րը իր երկիրը իմ ձեռքէս ազատեց, որ Եհովա Երուսաղէմը իմ ձեռքէս ազատէ: 21Ու անոնք լուռ կեցան և անոր ամենևին պատասխան մը չտուին. քանզի թագաւորը հրամայեր էր` ըսելով, Անոր պատասխան մի տաք: 22Ու Քեղկիայի որդին Եղիակիմ, պալատին հազարապետը, և Սեբնա ատենադպիրը ու յիշատակներու դպիր Ասափի որդին Յովաք հանդերձնին պատռած` Եզեկիայի գացին, ու Ռափսակի խօսքերը անոր պատմեցին: (Դ Թագ.19:1-7)