Եսայիա մարգարեյի գիրք
37
Թագաւորը մարգարէին խորհուրդին կը դիմէ
1Ու երբ Եզեկիա թագաւորը լսեց, իր հանդերձները պատռեց ու քուրձ հագաւ, և Տէրոջը տունը մտաւ. 2Ու Եղիակիմ, պալատին հազարապետը, և Սեբնա ատենադպիրը ու քահանաներուն ծերերը քուրձեր հագած` Ամովսի որդւոյն Եսայի մարգարէին ղրկեց: 3Եւ անոր ըսին, Եզեկիա այսպէս կ’ըսէ. Այսօր նեղութեան, կշտամբանքի ու նախատինքի օր է. քանզի տղաքը մինչև ծնանելու վայրկեանը հասան, բայց ծնանելու ոյժ չկայ: 4Կարելի է որ քու Տէր Աստուածդ Ռափսակի խօսքերը լսէ, զոր իր տէրը, Ասորեստանի թագաւորը, ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար, ու քու Տէր Աստուածդ այն իր լսած խօսքերուն համար յանդիմանութիւն տայ. ուրեմն դուն գըտնուող մնացորդին համար աղօթք ըրէ: 5Ու Եզեկիա թագաւորին ծառաները Եսայիի գացին: 6Ու Եսայի անոնց ըսաւ, Ձեր տէրոջը այսպէս ըսէք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Մի վախնար այն լսած խօսքերէդ, որոնցմով Ասորեստանի թագաւորին ծառաները զիս հայհոյեցին: 7Ահա ես անոր վրայ ոգի մը կը ղրկեմ, ու լուր մը լսելով` իր երկիրը պիտի դառնայ, ու զանիկա իր երկրին մէջ սրով պիտի կործանեմ:
Ասորեստանցիները ուրիշ սպառնալիք մը կը ղրկեն
8Եւ Ռափսակ դարձաւ, ու Ասորեստանի թագաւորը գտաւ որ Լեբնայի հետ կը պատերազմէր, վասն զի լսած էր որ Լաքիսէ չուեր է: 9Ու Սենեքերիմ Եթէովպացւոց Թարակա թագաւորին համար լսեց որ կ’ըսէին, Ահա անիկա քեզի հետ պատերազմելու ելեր է: Ու երբ ասիկա լսեց, Եզեկիայի դեսպաններ ղրկեց` ըսելով, 10Յուդայի Եզեկիա թագաւորին այսպէս խօսիք ու ըսէք. Այն քու Աստուածդ, որու դուն ապաւիներ ես, թող քեզ չխաբէ` ըսելով, Երուսաղէմ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի: 11Ահա դուն լսեցիր ինչ որ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր երկիրներուն ըրին, ու ի’նչպէս զանոնք բոլորովին կործանեցին, ու հիմա դո՞ւն պիտի ազատիս: 12Միթէ իմ հայրերուս կործանած ազգերուն, այսինքն Գովզանի, Խառանի, Ռեսեփի ու Թելասարի մէջ եղող Եդեմի որդիներուն աստուածները զանոնք ազատեցի՞ն: 13Ո՞ւր է Եմաթի թագաւորը ու Արփաթի թագաւորը, ու Սեփարուիմ քաղաքին, Անայի, և Աւայի թագաւորը: 14Ու Եզեկիա նամակը դեսպաններուն ձեռքէն առաւ ու զանիկա կարդաց, և Տէրոջը տունը ելաւ. ու Եզեկիա Տէրոջը առջև բացաւ զանիկա: 15Ու Եզեկիա Տէրոջը առջև աղօթք ըրաւ, ու ըսաւ, 16Ով Տէր զօրութեանց, Աստուած Իսրայէլի, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, երկրի ամէն թագաւորութիւններուն վրայ Աստուած միայն դուն ես. երկինքը ու երկիրը դուն ստեղծեցիր: 17Ով Տէր, ականջդ խոնարհեցուր ու լսէ. ով Տէր, աչքերդ բաց ու նայէ, և լսէ Սենեքերիմի բոլոր խօսքերը, զորոնք ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար: 18Ով Տէր, իրաւցընէ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր ազգերը ու անոնց երկիրը աւրեցին: 19Եւ անոնց աստուածները կրակի տուին. վասն զի անոնք Աստուած չէին, հապա մարդու ձեռագործ, փայտ ու քար, էին. անոր համար զանոնք կորսնցուցին: 20Եւ հիմա դուն, ով Տէր Աստուած մեր, ազատէ մեզ անոր ձեռքէն, որպէս զի երկրի բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան որ Տէրը միայն դուն ես:
Եսայիին պատգամը թագաւորին
21Ու Ամովսի որդին Եսայի Եզեկիայի մարդ ղրկեց` ըսելով, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Որովհետև Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին համար աղօթք ըրիր ինծի, 22Անոր վրայով Տէրոջը ըսած խօսքը այս է. Սիօնի կոյս աղջիկը քեզ անարգեց, քեզ ծաղր ըրաւ, Երուսաղէմի աղջիկը քու ետևէդ գլուխ շարժեց: 23Դուն ո՞վ նախատեցիր ու հայհոյեցիր, Ու որո՞ւ վրայ ձայնդ վերցուցիր, Եւ աչքերդ Իսրայէլի Սուրբին դէմ վեր վերցուցիր: 24Քու ծառաներուդ ձեռքով Տէրը նախատելով` ըսիր, Իմ կառքերուս շատութիւնովը լեռներուն բարձրութիւնը, Լիբանանու քովերը, ելայ, Ու անոր բարձր եղևինները Եւ ընտիր մայրերը պիտի կտրեմ*, Ու անոր խիստ բարձր ծայրը, Անոր Կարմեղոսի անտառը, պիտի մտնեմ*: 25Ես փորեցի ու ջուր խմեցի, Ու պաշարուած տեղերուն բոլոր գետերը Ոտքերուս թաթովը ցամքեցուցի: 26Միթէ լսած չե՞ս որ ասիկա շատոնցմէ ես շինեցի, Ու առաջուան օրերէն ի վեր ձևակերպեցի. Հիմա հասուցի, Որպէս զի դուն պարսպաւոր քաղաքները աւերակի հողակոյտներու դարձնես: 27Ուստի անոնց բնակիչներուն ձեռքը կարճ ըլլալուն համար Զարհուրեցան ու ամչցան. Անոնք դաշտի խոտի և կանանչ բանջարի պէս, Ու տանիքի խոտի պէս, Եւ դեռ չհասած ու խորշակէն զարնուած հունձքի պէս եղան: 28Բայց ես քու բնակութիւնդ, ելլելդ ու մտնելդ, Եւ ինծի ունեցած սրտմտութիւնդ գիտեմ: 29Որովհետև ինծի ունեցած սրտմտութիւնդ Ու քու ամբարտաւանութիւնդ իմ ականջներուս ելաւ, Ես ալ իմ կարթս քու քիթդ և իմ սանձս քու բերանդ պիտի դնեմ, Ու քու եկած ճամբայէդ քեզ ետ պիտի դարձնեմ: 30Եւ ասիկա քեզի նշան ըլլայ. Այս տարի ինքիրմէ բուսածը Ու երկրորդ տարին ինկած հատերէն բուսածը պիտի ուտէք. Ու երրորդ տարին ցանեցէք ու հնձեցէք, Եւ այգիներ տնկեցէք ու անոնց պտուղը կերէք: 31Եւ Յուդայի տանը ազատուած մնացորդը Վարէն արմատ պիտի արձակէ, Ու վերէն պտուղ պիտի տայ: 32Քանզի Երուսաղէմէ մնացորդ Ու Սիօն լեռնէն ազատուած պիտի ելլէ. Ասիկա զօրաց Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ: 33Ասոր համար Ասորեստանի թագաւորին վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Անիկա այս քաղաքը պիտի չմտնէ, Ու անոր նետ պիտի չնետէ, Եւ անոր առջև վահանով պիտի չգայ, Ու անոր դէմ պատնէշ պիտի չկանգնէ. 34Իր եկած ճամբայէն ետ պիտի դառնայ, Ու այս քաղաքը պիտի չմտնէ, կ’ըսէ Տէրը: 35Եւ այս քաղաքը պիտի պաշտպանեմ ու զանիկա ազատեմ, Ինծի համար ու իմ ծառայիս Դաւիթի համար: 36Ու Տէրոջը հրեշտակը ելաւ, և Ասորեստանի բանակին մէջ հարիւր ութսունըհինգ հազար մարդ զարկաւ. ու երբ առաւօտուն կանուխ ելան, ահա անոնց ամէնը մեռած մարմիններ էին: 37Եւ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը չուեց գնաց, ու դարձաւ Նինուէի մէջ նստաւ: 38Ու երբ անիկա իր աստուծոյն Նեսրաքի տանը մէջ երկրպագութիւն կ’ընէր, անոր որդիները Ադրամելէք ու Սարասար զանիկա սրով զարկին, ու Արարադի երկիրը փախան. և անոր տեղ անոր որդին Ասորդան թագաւոր եղաւ: