Եսայիա մարգարեյի գիրք

40

1Մխիթարեցէք, մխիթարեցէք իմ ժողովուրդս, Կ’ըսէ ձեր Աստուածը. 2Երուսաղէմի քաղցրութեամբ խօսեցէք, Ու անոր կանչեցէք` որ անոր պատերազմելու ժամանակը լրացաւ, Եւ անոր անօրէնութիւնը թողուեցաւ. Քանզի իր բոլոր մեղքերուն համար Տէրոջը ձեռքէն կրկին հատուցում առաւ: 3Անապատի մէջ կանչողին ձայնը, Տէրոջը* ճամբան պատրաստեցէք, Ու ամայութեան մէջ մեր Աստուծոյն համար շաւիղ շիտկեցէք: 4Ամէն ձոր պիտի բարձրանայ, Եւ ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ, Ու ծուռը պիտի շիտկուի, Եւ խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ըլլան. 5Ու Տէրոջը փառքը պիտի յայտնուի, Եւ ամէն մարմին մէկտեղ զանիկա պիտի տեսնէ. Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ: 6Ձայն մը ըսաւ, Կանչէ. Ու անիկա ըսաւ*, Ի՞նչ կանչեմ, Ամէն մարմին խոտ է, Ու անոր բոլոր վայելչութիւնը դաշտի ծաղիկին պէս է: 7Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, Երբ անոր վրայ Տէրոջը հովը կը փչէ. Իրաւցընէ ժողովուրդը խոտ է: 8Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, Բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ: 9Ելիր բարձր լեռան վրայ, Ով դուն, որ Սիօնի աւետիս կը բերես. Քու ձայնդ ուժով բարձրացուր, Ով դուն, որ Երուսաղէմի աւետիս կը բերես. Բարձրացուր, մի վախնար. Յուդայի քաղաքներուն ըսէ, Ահա ձեր Աստուածը: 10Ահա Տէր Եհովա զօրութեամբ պիտի գայ, Ու անոր բազուկը իրեն համար պիտի իշխէ. Ահա իր վարձքը իրեն հետ է, Ու գործերու հատուցումը իր առջև է. 11Անիկա հովուի պէս իր հօտը պիտի հովուէ. Գառնուկները իր բազուկովը պիտի ժողվէ, Ու զանոնք իր գիրկին մէջ պիտի կրէ, Եւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ:

Իսրայէլի անզուգական Աստուածը

12Ո՞վ իր ափով ջուրերը չափեց, Ու թիզով երկինքը ծրագրեց, Ու երկրի հողը չափի մէջ ամփոփեց, Եւ լեռները կշռորդով, Ու բլուրները կշիռքով կշռեց: 13Ո՞վ քննեց Տէրոջը Հոգին, Ու անոր խորհրդակից ըլլալով` խելամուտ ըրաւ զանիկա: 14Անիկա որո՞ւ խորհուրդ հարցուց, Եւ ո՞վ անոր իմաստութիւն տուաւ, Ու դատաստանի ճամբան սորվեցուց, Ո՞վ անոր գիտութիւն սորվեցուց, Ու իմաստութեան ճամբան գիտցուց: 15Ահա ազգերը դոյլէն կաթած կաթիլի պէս են, Ու կշիռքի մէջի մանր փոշիին պէս կը սեպուին. Ահա կղզիները ցրուած փոշիի պէս են*: 16Եւ Լիբանան կրակի համար բաւական չէ, Ու անոր անասունները ողջակէզի համար բաւական չեն: 17Ամէն ազգերը անոր առջև ոչինչի պէս, Ու ոչինչէն պակաս և ունայնութիւն կը սեպուին: 18Ուստի դուք զԱստուած որո՞ւ կը նմանցնէք, Ու զանիկա ի՞նչ նմանութեան հետ կը հաւասարցնէք: 19Արուեստաւորը կը ձուլէ կուռքը, Ու ոսկերիչը զանիկա ոսկիով կը պատէ, Եւ անոր արծաթէ շղթաներ կը շինէ: 20Այն աղքատը որ չկրնար մեծածախ նուէրներ ընել, Անփուտ փայտ կ’ընտրէ, Իրեն վարպետ արհեստաւոր մը կը փնտռէ, Որպէս զի անշարժ մը շինէ: 21Միթէ չգիտցա՞ք, չլսեցի՞ք, Ձեզի առաջուընէ չզրուցուեցա՞ւ, Երկրի հիմնադրութենէն չհասկցա՞ք: 22Ինքն է երկրի շրջանին վրայ նստողը: Ու անոր բնակիչները մարախներու պէս են. Ինքն է երկինքը վարագուրի պէս տարածողը, Ու նստելու համար զանիկա վրանի պէս կանգնողը. 23Ինքն է իշխանները բնաջինջ ընողը, Ու երկրի դատաւորները ոչնչացնողը: 24Անոնք դեռ չտնկուած, չցանուած, Եւ անոնց բունը հողի մէջ չարմատացած, Անիկա անոնց վրայ կը փչէ, ու անոնք կը չորնան. Եւ փոթորիկը զանոնք մղեղի պէս կը տանի: 25Արդ որո՞ւ կը նմանցնէք զիս, Որ ես անոր հաւասար ըլլամ, կ’ըսէ Սուրբը: 26Աչքերնիդ վեր վերցուցէք ու նայեցէք, Ասոնք ո՞վ ստեղծեց. Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ, Անոնց ամէնը իրենց անունովը կը կանչէ. Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը Անոնցմէ բնաւ մէկը ետ չմնար: 27Ով Յակոբ, ինչո՞ւ կ’ըսես, Ու, ով , ինչո՞ւ կը զրուցես թէ Իմ ճամբաս Տէրոջմէ ծածկուեցաւ, Եւ իմ իրաւունքս իմ Աստուծմէս զանց եղաւ: 28Միթէ չգիտցա՞ր կամ չլսեցի՞ր Որ յաւիտենական Աստուածը Եհովա, Երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը, Չյոգնիր ու չթուլնար. Անոր իմաստութիւնը չքննուիր: 29Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը, Ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը: 30Երիտասարդները անգամ պիտի յոգնին ու թուլնան, Եւ ընտիր կտրիճները բոլորովին պիտի իյնան. 31Բայց Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի. Եւ անոնք արծիւներու պէս թևերով վեր պիտի ելլեն*, Պիտի վազեն ու չթուլնան, Պիտի քալեն ու չյոգնին:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)