Եսայիա մարգարեյի գիրք
41
Աստուծոյ ապահովութիւնը
1Ով կղզիներ, իմ առջևս լուռ կեցէք, Ու ժողովուրդները իրենց ոյժը նորոգեն, Մօտենան ու այն ատեն խօսին. Մէկտեղ դատաստանի մօտենանք: 2Ո՞վ ոտք հանեց արդարը արևելքէն, Ու զանիկա իր շաւիղներուն կանչեց, Ազգերը անոր առջև դրաւ, Ու թագաւորներու վրայ անոր տիրել տուաւ. Զանոնք փոշիի պէս դրաւ անոր սուրին առջև, Ու հողմավար մղեղի պէս` անոր աղեղին առջև. 3Զանոնք հալածեց և խաղաղութեամբ անցաւ Այնպիսի ճամբայէ մը` ուր բնաւ իր ոտքը կոխած չէր: 4Ո՞վ է ասիկա գործողը ու ընողը, Ու շրջանները սկիզբէն կանչողը. Ես Տէրս, որ առաջինն եմ. Ու վերջիններուն հետ եմ: 5Կղզիները տեսան ու վախցան, Երկրի ծայրերը դողացին, Անոնք մօտեցան ու եկան. 6Անոնց ամէն մէկը իր ընկերին օգնութիւն ըրաւ, Ու ամէն մարդ իր եղբօրը Զօրացիր` ըսաւ: 7Եւ արուեստաւորը ոսկերիչին, Ուռով ծեծողը սալի վրայ զարնողին սիրտ կու տայ, Ու կ’ըսէ, Ասիկա կպցնելու համար աղէկ է. Ու զանիկա գամերով կը գամէ, որպէս զի չշարժի: 8Բայց դուն, ով իմ ծառաս Իսրայէլ, Իմ ընտրեալս Յակոբ, Իմ սիրելիիս Աբրահամի սերունդը, 9Զոր երկրի ծայրերէն առի, Ու քեզ անոր եզերքներէն կանչեցի, Եւ քեզի ըսի, Դուն իմ ծառաս ես, Քեզ ընտրեցի ու քեզ չմերժեցի. 10Մի վախնար, քանզի ես քեզի հետ եմ. Մի զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. Քեզ պիտի զօրացնեմ և քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ, Ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ: 11Ահա քեզի դէմ ամէն բարկացողները Պիտի ամչնան ու պիտի պատկառին. Ու քեզի հետ վիճող մարդիկը Չեղածի պէս պիտի ըլլան ու պիտի կորսուին: 12Քեզի հետ կռուող մարդիկը Պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես. Քեզի հետ պատերազմ ընող մարդիկը Չեղածի պէս ու ոչինչի պէս պիտի ըլլան: 13Քանզի ես քու Տէր Աստուածդ եմ, Որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ, ու քեզի կ’ըսեմ, Մի վախնար, ես քեզի օգնութիւն կ’ընեմ: 14Ով Յակոբի որդը, մի վախնար, Ով Իսրայէլի մահկանացուները, Քեզի պիտի օգնեմ, կ’ըսէ Տէրը Ու Իսրայէլի Սուրբը, քու Փրկիչդ: 15Ահա ես քեզ նոր, սուր և ատամնաւոր կամնասայլի պէս պիտի ընեմ. Լեռները պիտի մանրես ու փշրես, Եւ բլուրները մղեղի պիտի դարձնես. 16Զանոնք պիտի հոսես, ու հովը զանոնք պիտի տանի, Եւ փոթորիկը զանոնք պիտի ցրուէ. Եւ դուն Տէրոջմով պիտի ցնծաս, Իսրայէլի Սուրբովը պիտի պարծենաս: 17Աղքատները ու տնանկները ջուր կը փնտռեն, բայց չկայ. Անոնց լեզուն ծարաւէն չորցեր է. Ես Տէրս անոց խնդրուածքը պիտի լսեմ, Ես, Իսրայէլի Աստուածը, զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ: 18Բարձր տեղերու վրայ գետեր, Ու հովիտներու մէջ աղբիւրներ պիտի բանամ. Անապատը ջուրի լիճի` Ու չոր երկիրը ջուրի աղբիւրներու պիտի դարձնեմ: 19Անապատին մէջ եղևին, Սատիմ, մրտենի և իւղի ծառ պիտի տնկեմ, Անջուր երկրին մէջ մայր, Սօսի ու տօսախ մէկտեղ պիտի դնեմ. 20Որպէս զի տեսնեն ու գիտնան, Ու մէկտեղ մտածեն ու հասկնան, Որ ասիկա Տէրոջը ձեռքը ըրաւ, Ու Իսրայէլի Սուրբը ստեղծեց:
Աստուծոյ մարտահրաւէրը կուռքերուն
21Ձեր դատը յառաջ բերէք, կ’ըսէ Տէրը. Ձեր զօրաւոր փաստերը մօտեցուցէք, կ’ըսէ Յակոբի Թագաւորը: 22Թող մօտեցնեն ու ինչ ըլլալիքը մեզի պատմեն. Առաջինները մեզի յայտնեն թէ անոնք ի՛նչ էին, Որպէս զի միտքերնիս պահենք ու անոնց վախճանը գիտնանք Կամ ապագայ բաները մեզի գիտցնեն: 23Ասկէ ետքը ըլլալիքները պատմեցէք, Որպէս զի ձեր աստուած ըլլալը գիտնանք. Կա՛մ աղէկ կա՛մ գէշ բան մը ըրէք, Որպէս զի զարմանանք ու մէկտեղ տեսնենք: 24Ահա դուք ոչինչ էք, ու ձեր գործն ալ ոչինչ է. Ձեզ ընտրողը պղծութիւն է: 25Հիւսիսի կողմէն մէկը արթնցուցի, Եւ պիտի գայ ու արևելքէն իմ անունս պիտի կանչէ. Եւ իշխանները տիղմի պէս պիտի կոխէ, Ինչպէս բրուտը կաւը կը կոխէ: 26Ո՞վ պատմեց սկիզբէն` որ գիտնանք. Ու առաջուան դարերէն` որ Ճշմարիտ է` ըսենք. Ոչ յայտնող մը կայ, ոչ գիտցնող մը Եւ ոչ ձեր խօսքերը մտիկ ընող մը: 27Առաջ ես ըսի Սիօնի, Ահա, ահա անոնք. Ու Երուսաղէմի աւետիս բերող տուի: 28Եւ նայեցայ ու մարդ մը չկար, Եւ ասոնցմէ բնաւ մէկ խորհրդական չկար, Որո՞ւ հարցնեմ ու պատասխան տայ: 29Ահա ամէնը սնոտի են, գործերնին ոչինչ է. Անոնց ձուլածոյ կուռքերը հով և ունայնութիւն են: