Եսայիա մարգարեյի գիրք

42

Տէրոջը ծառան

1Ահա իմ ծառաս, որու ձեռնտու պիտի ըլլամ, Ու իմ ընտրածս, որու իմ սիրտս հաւնեցաւ. Իմ Հոգիս անոր վրայ դրի. Անիկա ազգերուն պիտի հանէ: 2Անիկա պիտի չպոռայ ու պիտի չաղաղակէ, Եւ իր ձայնը դուրսը լսել պիտի չտայ: 3Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ, Ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ, Իրաւունքը ճշմարտութեան պիտի հանէ: 4Անիկա պիտի չտկարանայ ու պիտի չթուլնայ, Մինչև իրաւունքը երկրի վրայ հաստատէ. Եւ կղզիները անոր օրէնքին պիտի սպասեն: 5Երկինքը ստեղծող ու զանիկա կազմող, Երկիրը ու անոր մէջ բուսածը տարածող, Անոր վրայ եղող ժողովուրդին շունչ` Եւ անոր մէջ քալողներուն տուող Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. 6Ես Տէրս քեզ արդարութեամբ կանչեցի, Եւ ձեռքէդ պիտի բռնեմ ու քեզ պիտի պաշտպանեմ, Եւ քեզ ժողովուրդին ուխտ` Ու ազգերուն լոյս պիտի տամ. 7Որպէս զի կոյրերուն աչքերը բանաս. Բանտարկեալները բանտէն հանես. Ու խաւարի մէջ նստողները` կապանքի տունէն: 8Ես Եհովա եմ. իմ անունս այս է. Ու իմ փառքս ուրիշի չեմ տար, Ոչ ալ իմ պատիւս կուռքերուն: 9Առաջուան բաները ահա եղան, Ու նորերը ես կը յայտնեմ. Անոնք դեռ չեղած ձեզի կ’իմացնեմ:

Փառաբանութեան երգ մը

10Նոր երգ երգեցէք Տէրոջը, Ու անոր գովութիւնը` երկրի ծայրերէն, Ով ծովը իջնողներ ու զանիկա լեցնողներ, Կղզիներ և անոնց բնակիչները: 11Անապատը ու անոր քաղաքները, Կեդարու բնակած գեղերը ձայն վերցնեն, Վէմի բնակիչները յաղթանակի երգով Լեռներուն գլխէն ձայն տան. 12Տէրոջը տան, Եւ անոր գովութիւնը կղզիներուն մէջ պատմեն: 13Տէրը հզօրի պէս պիտի ելլէ, Պատերազմող մարդու պէս իր նախանձը պիտի արթնցնէ. Պիտի աղաղակէ ու բարձրաձայն պիտի գոչէ Եւ իր թշնամիներուն վրայ յաղթող պիտի ըլլայ*:

Աստուած իր ժողովուրդին օգնել կը խոստանայ

14Ես շատոնցմէ լուռ կեցայ, Ձայնս կտրեցի ու զիս զսպեցի. Հիմա ծնանող կնոջ պէս պիտի պոռամ, Պիտի աւրեմ ու մէկէն պիտի կլլեմ*. 15Լեռները ու բլուրները պիտի ընեմ, Եւ անոնց բոլոր խոտը պիտի չորցնեմ, Ու գետերը ցամաքի պիտի դարձնեմ, Եւ լիճերը պիտի ցամքեցնեմ: 16Ու կոյրերը իրենց չգիտցած ճամբուն մէջ պիտի պտըտցնեմ, Զանոնք իրենց չգիտցած շաւիղներուն մէջ պիտի քալեցնեմ. Անոնց առջև խաւարը լոյս, ու խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ընեմ. Անոնց այս բաները պիտի ընեմ, ու զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ: 17Քանդակած կուռքերու ապաւինողները, Եւ ձուլածոյ կուռքերուն` Դուք մեր աստուածներն էք` ըսողները Ետ պիտի դառնան ու ամօթալից ըլլան:

Իսրայէլի թերացումը սորվելու մէջ

18Ով խուլեր, լսեցէք, Եւ, ով կոյրեր, նայեցէք, որպէս զի տեսնէք: 19Ո՞վ է կոյր բաց ի իմ ծառայէս, Կամ խուլ` իմ ղրկած դեսպանիս պէս. Ո՞վ է կոյր` Աստուծոյ նուիրեալին պէս, Եւ կոյր` Տէրոջը ծառային պէս: 20Շատ բաներ կը տեսնես, բայց զգուշութիւն չես ըներ. Ականջներդ բաց են, բայց չես լսեր: 21Տէրը իր արդարութեանը համար անոր հաճեցաւ, Իր օրէնքը մեծցուց ու փառաւորեց. 22Բայց անիկա յափշտակուած և կողոպտուած է. Ամէնը քարայրներու մէջ որոգայթի բռնուեցան, Ու բանտերու մէջ պահուեցան. Անոնք յափշտակութեան մատնուեցան, և ազատող մը չկայ. Կողոպուտ եղան, ու մէկը չգտնուիր որ Ետ տուր` ըսէ: 23Ձեր մէջ ո՞վ կայ որ ասոր ականջ դնէ, Եւ մտիկ ընէ ու լսէ գալու ժամանակին համար: 24Ո՞վ մատնեց Յակոբը յափշտակութեան, Ու Իսրայէլը` կողոպտիչներուն. Չէ՞որ Տէրը` որու դէմ գործեցինք. Վասն զի անոր ճամբաներուն մէջ քալել չուզեցին, Եւ անոր օրէնքին հնազանդութիւն չըրին: 25Ուստի իր սատիկ բարկութիւնը Ու պատերազմի ուժգնութիւնը անոր վրայ թափեց, Եւ ամէն կողմէն զանիկա բռնկցուց, բայց անիկա չգիտցաւ. Զանիկա այրեց, բայց անիկա իր սրտին մէջ չդրաւ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981