Եսայիա մարգարեյի գիրք
43
Աստուած իր ժողովուրդը փրկել կը խոստանայ
1Եւ հիմա, ով Յակոբ, քեզ ստեղծողը, Ու, ով Իսրայէլ, քեզ ձևակերպող Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Մի վախնար, վասն զի ես քեզ փրկեցի, Քեզ քու անունովդ կանչեցի. դուն իմս ես: 2Երբ ջուրերէն անցնիս, ես քեզի հետ պիտի ըլլամ, Ու երբ գետերէն անցնիս, քեզ պիտի չկոխեն. Երբ կրակի մէջէն քալես, պիտի չայրիս, Եւ բոցը քեզ պիտի չբռնկցնէ: 3Քանզի ես քու Տէր Աստուածդ, Իսրայէլի Սուրբը, քու Փրկիչդ եմ. Եգիպտոսը քեզի համար փրկանք, Եթէովպիան ու Սաբան քեզի համար փոխարէն տուի: 4Որովհետև իմ առջևս պատուական եղար, Պատիւ գտար, ու ես քեզ սիրեցի. Անոր համար քու անձիդ փոխարէն մարդ, Ու քու հոգիիդ փոխարէն ժողովուրդներ պիտի տամ: 5Մի վախնար, քանզի Ես քեզի հետ եմ. Քու սերունդդ արևելքէն պիտի բերեմ, Եւ քեզ արևմուտքէն պիտի ժողվեմ: 6Հիւսիսին պիտի ըսեմ թէ Տուր, Ու հարաւին` թէ Մի արգիլեր. Իմ տղաքներս հեռուէն, Ու աղջիկներս երկրի ծայրէն բեր, 7Այսինքն բոլոր իմ անունովս կոչուածները. Վասն զի անոնք իմ փառքիս համար ստեղծեցի, Զանոնք ձևակերպեցի ու կազմեցի:
Իսրայէլ՝ Տէրոջը վկան
8Աչք ունեցող կոյր ժողովուրդը, Ու ականջ ունեցող խուլերը հանեցէք: 9Բոլոր ազգերը մէկտեղ ժողվուին, Եւ ժողովուրդները հաւաքուին. Անոնցմէ ո՞վ կրնայ ասիկա պատմել, Ու առաջուան բաները մեզի գիտցնել. Իրենց վկաները թող բերեն որպէս զի արդարանան, Եւ մարդիկ լսեն ու ըսեն թէ Ասիկա ճշմարիտ է, 10Իմ վկաներս դուք էք, կ’ըսէ Տէրը, Նաև իմ ընտրած ծառաս. Որպէս զի գիտնաք ու ինծի հաւատաք, Եւ հասկնաք որ ես եմ. Ինծմէ առաջ Աստուած չեղաւ, Ու ինծմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ: 11Տէրը ես եմ, ես եմ, Եւ ինծմէ ուրիշ փրկիչ չկայ: 12Ես զրուցեցի ու փրկեցի և գիտցուցի, Երբ ձեր մէջ օտար աստուած չկար. Ու իմ վկաներս դուք էք, կ’ըսէ Տէրը, որ ես եմ Աստուած: 13Սկիզբէն ի վեր ես նոյն եմ, Ու չկայ մէկը որ իմ ձեռքէս ազատէ. Երբ ես բան մը կ’ընեմ, ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել:
Փախուստ Բաբելոնի
14Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, Ձեր Փրկիչը, Իսրայէլի Սուրբը. Ձեր սիրոյն համար Բաբելոն կը ղրկեմ, Եւ անոնց ամէն փախստականները Ու նաւերու մէջ աղաղակող Քաղդէացիները կ’իջեցնեմ*: 15Ես եմ Եհովա, Ձեր Սուրբը, Իսրայէլի Ստեղծիչը, ձեր Թագաւորը: 16Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, որ ծովու մէջ ճամբայ, Ու զօրաւոր ջուրերու մէջ շաւիղ կը դնէ, 17Որ կառքը ու ձին, զօրքը և զօրութիւնը կը հանէ. Անոնք մէկտեղ կը պառկին ու չեն ելլեր. Անոնք պատրոյգի պէս կը մարին և կ’անցնին: 18Առաջուանները մի յիշէք, Ու հին բաները միտքերնիդ մի բերէք: 19Ահա ես նոր բան պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի յայտնուի. Միթէ զանիկա պիտի չգիտնա՞ք. Ես անապատի մէջ ալ ճամբայ, Ու անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի դնեմ: 20Զիս դաշտի գազանները, Չագալները ու ջայլամները պիտի փառաւորեն. Վասն զի իմ ժողովուրդիս, իմ ընտրեալներուս, խմցնելու համար, Անապատի մէջ ջուրեր, Եւ անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի տամ: 21Այս ժողովուրդը ես ինծի համար ստեղծեցի, Անոնք իմ գովութիւնս պիտի պատմեն:
Իսրայէլի մեղքը
22Բայց դուն ինծի չկանչեցիր, ով Յակոբ. Հապա ինծմէ ձանձրացար, ով Իսրայէլ: 23Քու ողջակէզներուդ ոչխարները ինծի չբերիր, Եւ քու զոհերովդ զիս չփառաւորեցիր. Ընծայի համար քեզ չաշխատցուցի, Ու կնդրուկի համար քեզ չյոգնեցուցի: 24Ինծի համար ստակով խունկեղէգն ծախու չառիր, Եւ քու զոհերուդ ճարպովը զիս չկշտացուցիր. Հապա քու մեղքերովդ զիս աշխատցուցիր, Ու քու անօրէնութիւններովդ զիս յոգնեցուցիր: 25Ես եմ, ես եմ, որ քու յանցանքներդ ինծի համար կը ջնջեմ, Ու քու մեղքերդ ա՛լ պիտի չյիշեմ: 26Միտքս ձգէ, մէկտեղ դատի ելլենք. Դուն զրուցէ, որպէս զի արդարանաս: 27Քու նախահայրդ մեղք գործեց, Եւ քու ուսուցիչներդ ինծմէ ապստամբեցան: 28Ուստի ես ալ սրբարանին իշխանները պիղծ սեպեցի, Եւ Յակոբը նզովքի, Ու Իսրայէլը նախատինքի մատնեցի: