Եսայիա մարգարեյի գիրք

44

Միայն Տէրը Աստուած է

1Եւ հիմա մտիկ ըրէ, ով իմ ծառաս Յակոբ, Ու դուն, ով իմ ընտրած Իսրայելս: 2Քեզ ստեղծող և արգանդի մէջ ձևակերպող, Ու քեզի օգնութիւն ընող Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ով իմ ծառաս Յակոբ, Եւ դուն, ով իմ ընտրած Իսրայէլս, մի վախնար. 3Քանզի ծարաւին վրայ պիտի թափեմ, Ու անջուր երկրին վրայ հեղեղներ. Քու սերունդիդ վրայ իմ Հոգիս պիտի թափեմ, Եւ քու որդիներուդ վրայ` իմ օրհնութիւնս: 4Ու անոնք իբր թէ խոտերու մէջ, Ջուրի վտակներու քով եղող ուռիներու պէս պիտի բուսնին: 5Մէկը պիտի ըսէ թէ Ես Տէրոջն եմ Մէկն ալ Յակոբի անունովը պիտի կանչուի, Եւ միւսն ալ իր ձեռքովը պիտի գրէ թէ Ես Տէրոջն եմ, Ու Իսրայէլի անունովը պիտի մականուանի: 6Տէրը, Իսրայէլի Թագաւորը, Եւ զօրաց Տէրը, անոր Փրկիչը, այսպէս կ’ըսէ. Ես եմ առաջինը ու ես եմ վերջինը, Ու ինծմէ ուրիշ չկայ: 7Եւ հին ժողովուրդը հաստատելէս ի վեր Ո՞վ կրցաւ ինծի պէս ձայն տալ ու պատմել, Եւ ասիկա ինծի համար կարգի դնել. Թող զրուցեն գալու և ըլլալու բաները: 8Մի վախնաք ու մի զարհուրիք. Միթէ ես ձեզի այն ատենէն չգիտցուցի՞ ու չզրուցեցի՞. Իմ վկաներս դուք էք. Ինծմէ ուրիշ Աստուած կա՞յ. Յիրաւի ուրիշ Վէմ չկայ. ուրիշ մը չեմ գիտեր:

Կռապաշտութիւնը կը հեգնուի

9 շինողներուն ամէնն ալ ունայնութիւն են, Եւ անոնց ընտիր գործերը օգուտ մը չեն ըներ, Ու իրենք իրենց դէմ վկաներ են. Չեն տեսներ ու չեն իմանար որ ամչնան: 10Բայց ո՞վ է անիկա որ աստուած կը շինէ, Եւ կուռք կը ձուլէ, որ օգուտ մը չըներ: 11Ահա անոր բոլոր ընկերները պիտի ամչնան, Վասն զի արուեստաւորները իրենք մարդ են. Թող անոնք ամէնը ժողվուին ու կայնին, Պիտի վախնան ու մէկտեղ պիտի ամչընան: 12Երկաթագործը ածուխով կը շինէ տապարը, Եւ կռաններով անոր ձև կու տայ, Ու զանիկա իր զօրաւոր բազուկովը կը շինէ. Երբ անօթենայ, ուժէ կը կտրի. Երբ ջուր չխմէ, կը մարի: 13Հիւսը լար կը քաշէ և մատիտով կուռքը կը գծագրէ, Զանիկա քանդակագործի գրիչով կը բանի, Ու անոր վրայ կարկինով կը գծէ, Զանիկա մարդու կերպարանքով Եւ մարդկային գեղեցկութիւնով կը շինէ, Որպէս զի տան մէջ դրուի: 14Անիկա իրեն եղևինները կը կտրէ, Եւ թեղօշ ու կաղնի կ’առնէ. Զորոնք իրեն` անտառի ծառերէն կ’ընտրէ, Սոճի կը տնկէ և զանիկա անձրևը կը մեծցնէ: 15Ու անոնք մարդուն վառելիք կ’ըլլան. Եւ անոնցմէ կ’առնէ, որպէս զի կրակ վառէ ու տաքնայ. Անոնց մէկ մասը կ’այրէ ու կ’եփէ, Նաև աստուած մը կը շինէ և անոր երկրպագութիւն կ’ընէ. Զանիկա կուռք կը ձևացնէ ու կը պաշտէ: 16Անոր կէսովը կրակ կը վառէ, Կէսովը միս կ’ուտէ, Խորոված կ’եփէ ու կը կշտանայ, Եւ կը տաքնայ ու կ’ըսէ, Ահա տաքցայ, կրակը տեսայ: 17Եւ անոր մնացածը աստուած, այսինքն կուռք, կը շինէ իրեն, Զանիկա կը պաշտէ ու անոր երկրպագութիւն կ’ընէ, Եւ անոր կ’ընէ ու կ’ըսէ, Զիս ազատէ, քանզի իմ աստուածս դուն ես: 18Չեն գիտեր ու չեն հասկնար. Քանզի անոնց աչքերը` տեսնելէն, Եւ անոնց սիրտերը հասկնալէն ծեփուեցան: 19Ու մէ՛կը միտքը չբերեր, Եւ գիտութիւն ու հանճար չունի որ ըսէ, Ասոր կէսովը կրակ վառեցի, Եւ անոր կայծերուն վրայ հաց ալ եփեցի, Միս խորովեցի ու կերայ. Եւ մնացածը պղծութի՞ւն շինեմ. Ծառի կո՞ճղ պաշտեմ: 20Անիկա մոխիրով կը սնանի. Անոր խաբուած սիրտը զինք կը մոլորեցնէ, Եւ իր հոգին չկրնար փրկել, ու չըսեր թէ Իմ աջ ձեռքիս մէջ ստութիւն չկա՞յ:

Տէրը, Արարիչը, Փրկիչը

21Ասոնք միտքդ բեր, ով Յակոբ, Եւ դուն, ով , քանզի իմ ծա-ռաս ես. Ես ստեղծեցի քեզ, դուն իմ ծառաս ես. Ով Իսրայէլ, ինծմէ պիտի չմոռցուիս: 22Քու յանցանքներդ մէգի պէս, Ու քու մեղքերդ ամպի պէս ջնջեցի. Ինծի դարձիր, քանզի քեզ փրկեցի: 23Ուրախ եղէք, ով երկինք, քանզի Տէրը ըրաւ ասիկա. Ով երկրի վարի կողմերը, ցնծութեամբ աղաղակեցէք. Լեռներ, անտառ ու անոր մէջ եղող բոլոր , Ուրախութեան ձայներ հանեցէք. Քանզի Տէրը փրկեց Յակոբը, Եւ Իսրայէլի մէջ փառաւորուեցաւ: 24Այսպէս կ°ըսէ Տէրը, քու Փրկիչդ, Ու քեզ արգանդի մէջ Ստեղծողը. Ես եմ Տէրը որ ամէն բաները ըրի. Երկինքը միայն ես տարածեցի, Ու երկիրը իմ կարողութիւնովս հաստատեցի. 25Ստախօսներուն նշանները պարապը կը հանեմ, Եւ գուշակողները կը յիմարացնեմ. Իմաստունները ետ կը դարձնեմ: Ու անոնց գիտութիւնը յիմարութեան կը հանեմ: 26Իմ ծառայիս խօսքը կը հաստատեմ, Եւ իմ դեսպաններուս խորհուրդը կը կատարեմ: Ես եմ, որ Երուսաղէմի համար կ’ըսեմ թէ Պիտի բնակուի, Ու Յուդայի քաղաքներուն համար` թէ Պիտի շինուին. Ու անոր աւերակները պիտի կանգնեմ: 27Եւ անդունդին կ’ըսեմ թէ Չորցիր, Ու քու գետերդ պիտի ցամքեցնեմ: 28Եւ Կիւրոսի համար կ’ըսեմ, Իմ հովիւս է, Ու իմ ամէն կամքս պիտի կատարէ. Ու Երուսաղէմի կ’ըսեմ թէ Պիտի շինուիս, Եւ տաճարին` թէ Քու հիմերդ պիտի ձգուին:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)