Եսայիա մարգարեյի գիրք
45
Տէրը Կիւրոսը կը նշանակէ
1Այսպէս կ’ըսէ Տէրը իր օծեալ Կիւրոսին, Որուն աջ ձեռքը բռնեցի, Որպէս զի ազգերը անոր առջև հնազանդեցնեմ, Ու թագաւորներուն մէջքը թուլցնեմ, Եւ անոր առջև դռներուն փեղկերը բացուին, Ու դռները բնաւ չգոցուին. 2Ես քու առջևէդ պիտի երթամ, Եւ խորտուբորտ տեղերը պիտի շիտկեմ. Պղնձէ դռները պիտի փշրեմ, Ու երկաթէ նիգերը պիտի կոտրտեմ. 3Եւ քեզի խաւարի մէջ ծածկուած գանձերը, Ու պահուած հարստութիւնները պիտի տամ, Որպէս զի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, որ քեզ քու անունովդ կը կանչեմ: 4Իմ Յակոբ ծառայիս համար Եւ իմ ընտրած Իսրայէլիս համար Քեզ քու անունովդ կանչեցի, Ու քեզի մականուն դրի` թէև զիս չէիր ճանչնար: 5Ես եմ Տէրը, և ուրիշ մը չկայ, Ինծմէ զատ Աստուած չկայ. Ես քեզի գօտի կապեցի, թէև զիս չէիր ճանչնար. 6Որպէս զի արևելքէն ու արևմուտքէն գիտնան Որ ինծմէ զատ մէ՛կը չկայ. Ես եմ Տէրը, և ուրիշ մը չկայ: 7Լոյսը հաստատողը և խաւարը ստեղծողը, Խաղաղութիւնը ընողը ու չարիքը ստեղծողը, Այս ամէն բաները ընողը ես Տէրս եմ: 8Ով երկինքներ, վերէն ցօղ կաթեցուցէք, Եւ ամպերը արդարութիւն տեղան. Երկիր բացուի ու փրկութեան պտուղ տայ, Ու մէկտեղ արդարութիւն բուսնի. Ասոնք ստեղծողը ես Տէրս եմ:
Ստեղծագործութեան և պատմութեան Տէրը
9Վա¯յ անոր որ իր Արարիչին հետ կը վիճի, Ու ինք երկրի խեցիներուն պէս խեցի մըն է*. Միթէ կաւը զինք ձևացնողին կրնա՞յ ըսել թէ Ի՞նչ կը շինես, Կամ քու գոծդ կրնա՞յ քեզի ըսել թէ Ձեռք չունիս: 10Վա՜յ անոր որ իր հօրը կ’ըսէ, Ի՞նչ կը ծնանիս, Ու իր մօրը` Ի՞նչ զաւակ կը բերես: 11Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլի Սուրբը ու անոր Արարիչը. Գալու բաներուն վրայով ինծի հարցուցէք, Իմ որդիներուս համար ու իմ ձեռքերուս գործերուն համար Ինծի պատուէր տուէք: 12Երկիրը ես շինեցի, Ու անոր վրայ մարդը ստեղծեցի. Երկինքը իմ ձեռքերս տարածեցին, Եւ անոր բոլոր զօրքին ես պատուէր տուի: 13Ես զանիկա արդարութեամբ արթÁնցուցի, Ու անոր ամէն ճամբաները պիտի շիտկեմ. Անիկա իմ քաղաքս պիտի շինէ, Եւ իմ աքսորուածներս ետ պիտի դարձնէ Առանց գնոյ ու առանց կաշառքի, Կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 14Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Եգիպտոսի վաստակը, Ու Եթէովպացւոց և երկայնահասակ Սաբայեցւոց վաճառականութիւնը Քեզի պիտի անցնի, ու քուկդ պիտի ըլլայ. Անոնք քու ետևէդ պիտի քալէն, Եւ շղթաներով պիտի պտըտին, Ու քեզի երկրպագութիւն ընելով` Քեզի պիտի աղաչեն ու ըսեն, Միայն քու մէջդ Աստուած կայ, Ու անկէ զատ ուրիշ Աստուած մը չկայ: 15Յիրաւի դուն քեզ ծածկող Աստուած մըն ես, Ով Իսրայէլի փրկիչ Աստուածը: 16Անոնք ամէնը պիտի ամչնան ու պատկառին. Կուռք շինողները մէկտեղ ամօթով պիտի երթան: 17Իսրայէլ յաւիտենական փրկութիւնով Տէրոջմէ պիտի փրկուի. Դուք յաւիտեանս յաւիտենից պիտի չամչնաք ու չպատկառիք: 18Քանզի այսպէս կ’ըսէ երկինքը ստեղծող Տէրը, Այն Աստուածը որ երկիրը կազմեց, Զանիկա շինեց և հաստատեց, Զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, Հապա բնակութեան համար կազմեց. Տէրը ես եմ, ու ինծմէ ուրիշը չկայ: 19Ես ծածկաբար երկրի մութ տեղը չխօսեցայ. Յակոբի սերունդին չըսի թէ Զուր տեղ զիս փնտռեցէք. Ես Տէրս արդարութիւն կը խօսիմ Եւ ճշմարիտ բաներ կը յայտնեմ:
Աշխարհի Տէրը և Բաբելոնի կուռքերը
20Ժողվուեցէք ու եկէք, Մէկտեղ մօտեցեք դուք, ով ազգերէն ազատուածներ. Անոնք գիտութիւն չունին, որ իրենց կուռքին փայտը կը կանգնեն, Ու փրկելու կարողութիւն չունեցող աստուծոյ աղօթք կ’ընեն: 21Քարոզեցէք ու զանոնք մօտեցուցէք, Եւ անոնք մէկտեղ խորհուրդ ընեն. Ասիկա ի սկզբանէ ո՞վ գիտցուց, Այն ժամանակէն ի վեր ո՞վ պատմեց. Չէ՞ որ ես Տէրս, և ինծմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ, Եւ ինծմէ ուրիշ ճշմարիտ Աստուած ու Փրկիչ չկայ: 22Ով երկրի բոլոր ծայրերը, ինծի նայեցէք որպէս զի փրկուիք. Քանզի ես եմ Աստուած, և ինծմէ ուրիշ չկայ: 23Իմ անձիս վրայ երդում ըրի, Իմ բերնէս արդարութեան խօսք ելաւ ու ետ չդառնար, Որ ամէն ծունկ ինծի պիտի կրկնուի, Եւ ամէն լեզու երդում պիտի ընէ: 24Մէկը պիտի ըսէ, Միայն Տէրոջմով արդարութիւն ու զօրութիւն ունիմ. Ամէն մէկը անոր պիտի գայ. Եւ բոլոր անոր դէմ բարկացողները պիտի ամչնան: 25Իսրայէլի բոլոր սերունդը Տէրոջմով պիտի արդարանայ ու պիտի պարծենայ: