Եսայիա մարգարեյի գիրք

49

Իսրայէլ, ազգերու լոյս մը

1Ով կղզիներ, ինծի մտիկ ըրէք, Ու, ով ժողովուրդներ, հեռուէն ականջ տուէք Տէրը զիս արգանդէն կանչեց, Իմ անունս մօրս որովայնէն յիշեց. 2Եւ իմ բերանս սրած թուրի պէս ըրաւ. Զիս իր ձեռքին հովանիին տակ ծածկեց, Եւ զիս փայլուն նետի պէս ըրաւ. Իր կապարճին մէջ պահեց զիս. 3Եւ ինծի ըսաւ, Դուն իմ ծառաս ես, Ով , որով պիտի փառաւորուիմ: 4Ու ես ըսի, Պարապ տեղ աշխատեցայ, Եւ իմ զօրութիւնս ոչինչ ու դատարկ տեղ գործածեցի. Բայց իմ իրաւունքս Տէրոջը առջև է, Եւ իմ գործս իմ Աստուծոյս քով է: 5Ու հիմա այսպէս կ’ըսէ Տէրը, Որ զիս որովայնէ իրեն ծառայ ըլլալու համար ստեղծեց, Որ Յակոբը անոր դարձնեմ, Եւ Իսրայէլ անոր ժողվուի, Որ Տէրոջը առջև փառաւորուիմ, Եւ իմ Աստուածս ինծի զօրութիւն ըլլայ. 6Այսպէս կ’ըսէ. Յակոբի ցեղերը նորէն հաստատելու համար, Եւ Իսրայէլի ազատուածները դարձնելու համար, Իմ ծառաս ըլլալդ քեզի քիչ է. Ահա քեզ ազգերուն լոյս պիտի դնեմ, Որպէս զի մինչև երկրի ծայրը իմ փրկութիւնս ըլլաս: 7Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլի Փրկիչը, անոր Սուրբը, Անարգուած անձին, ազգաց ատելի եղողին, իշխաններու ծառային. Թագաւորները պիտի տեսնեն ու ոտք պիտի ելլեն. Իշխաններն ալ երկրպագութիւն պիտի ընեն Տէրոջը համար, որ հաւատարիմ է, Իսրայէլի Սուրբին համար, որ քեզ ընտրեր է:

Երուսաղէմի վերանորոգումը

8Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ընդունելի ժամանակի մը մէջ քեզի լսեցի, Եւ փրկութեան օրը քեզի օգնութիւն ըրի, Ու քեզ պահեցի և ժողովուրդին ուխտ ըլլաու տուի, Որպէս զի երկիրը հաստատես, Ու աւրուած ժառանգութիւնները ժառանգեցնես. 9Եւ կապուածներուն ըսես, Ելէք, Ու խաւարի մէջ եղողներուն` Յայտնուեցէք: Անոնք ճամբաներու վրայ պիտի արածին, Եւ անոնց արօտը ամէն բլուրներու վրայ պիտի ըլլայ: 10Անոնք պիտի չանօթենան ու չծարաւին, Եւ զանոնք խորշակը կամ արևը պիտի չզարնէ. Քանզի անոնց ողորմութիւն ընողը պիտի առաջնորդէ անոնց, Ու ջուրի աղբերակներուն քով պիտի տանի զանոնք: 11Եւ ամէն լեռներս ճամբաներ պիտի ընեմ, Ու իմ պողոտաներս պիտի բարձրանան: 12Ահա ոմանք հեռուէն, Եւ ահա ոմանք հիւսիսէն ու արևմուտքէն, Եւ ոմանք Սինէացւոց երկրէն պիտի գան: 13Ով երկինք, ուրախ եղէք, ու, ով , ցնծութիւն ըրէ`, Եւ, ով լեռներ, ուրախութեան ձայնով աղաղակեցէք. Քանզի Տէրը իր ժողովուրդին մխիթարութիւն տուաւ. Ու իր տնանկներուն ողորմեցաւ: 14Բայց ըսաւ, Եհովա զիս թողուց, Ու Տէրը զիս մոռցաւ: 15Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, Այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չգթայ. Թէև անոնք մոռնան, Բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ: 16Ահա ես քեզ իմ ձեռքերուս մէջ նկարագրեցի, Քու պարիսպներդ միշտ իմ առջևս են: 17Քու տղաքներդ պիտի արտորան, Ու քեզ փլցնողները և աւրողները քեզմէ պիտի ելլեն: 18Աչքերդ վերցուր ու բոլորտիքդ նայէ. Ամէնը կը ժողվուին ու քեզի կու գան. Տէրը կ’ըսէ որ Ես կենդանի եմ, Անշուշտ անոնց ամէնը զարդերու պէս պիտի հագնիս, Եւ անոնցմով հարսի պէս պիտի զարդարուիս: 19Քանզի քու աւերակներդ, ամայի տեղերդ, Ու քու կործանմանդ երկիրը Հիմա իր բնակիչներուն նեղ պիտի գայ, Եւ քեզ կլլողները պիտի հեռանան: 20Քու անզաւակութենէդ ետև ծնանելու որդիներդ Քու ականջներուդ պիտի ըսեն, Այս տեղը ինծի նեղ է, Տեղ տուր ինծի որ բնակիմ: 21Ու դուն քու սրտիդ մէջ պիտի ըսես, Ասոնք ինծի ո՞վ ծնաւ. Ես անզաւակ ու ամուլ էի, Ես գերի ու աքսորուած էի, Ասոնք ո՞վ մեծցուց. Ահա ես մինակ մնացեր էի, Ասոնք ո՞ւր էին: 22Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովա, Ահա իմ ձեռքս ազգերու վրայ պիտի վերցնեմ, Ու իմ դրօշակս ժողովուրդներու մէջ պիտի կանգնեմ. Եւ անոնք քու տղաքներդ իրենց ծոցին մէջ պիտի բերեն, Ու քու աղջիկներդ անոնց ուսերուն վրայ պիտի վերցուին: 23Եւ թագաւորները քու սնուցիչներդ պիտի ըլլան, Ու անոնց թագուհիները քու դայեակներդ. Երեսնին գետինը ծռելով` քեզի երկÁրպագութիւն պիտի ընեն, Ու ոտքերուդ փոշին պիտի լզեն, Եւ պիտի գիտնաս որ ես եմ Տէրը. Վասն զի ինծի ապաւինողները պիտի չամչնան: 24Միթէ հզօրէն աւարը կ’առնուի՞, Կամ ահարկու մարդուն գերի առածը կ’ազատի՞: 25Բայց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Հզօրին գերի առածը անգամ պիտի առնուի, Ու բռնաւոր մարդուն աւարը պիտի ազատուի. Ու քեզի հետ վիճողներուն դէմ ես պիտի վիճիմ, Եւ քու տղաքներդ ես պիտի ազատեմ: 26Ու քեզ հարստահարողներուն իրենց մարմինները պիտի կերցնեմ, Եւ իրենց արիւնը նոր գինիի պէս խմելով` պիտի գինովնան. Եւ ամէն մարմին պիտի գիտնայ Թէ ես եմ Տէրը, որ քեզ ազատեցի, Ու քու Փրկիչդ, Յակոբի Հզօրը:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)