Եսայիա մարգարեյի գիրք
5
Այգիին երգը
1Հիմա իմ սիրականիս երգը Իմ սիրելիիս երգեմ իր այգիին վրայով. Իմ սիրելիս այգի մը ունէր Խիստ պտղաբեր բլուրի մը վրայ. 2Զանիկա ցանկով պատեց, քարերը հանեց մէջէն, Եւ ընտիր որթեր տնկեց, Ու անոր մէջտեղը աշտարակ շինեց, Եւ հոն հնձան մըն ալ փորեց. Ու կը սպասէր որ խաղող տար, Բայց անիկա ազոխ տուաւ: 3Ուստի հիմա դուք, ով Երուսաղէմի բնակիչներ ու Յուդայի մարդիկ, Իմ ու այգիիս մէջտեղ դատաստան ըրէք: 4Իմ այգիիս` ալ ի՞նչ պէտք էր ընել, Զոր ես անոր չըրի. Ինչո՞ւ համար, երբ ես խաղող տալուն կը սպասէի, Անիկա ազոխ տուաւ: 5Եւ հիմա ես ձեզի պատմեմ Թէ ի՛նչ պիտի ընեմ իմ այգիիս. Անոր ցանկը պիտի քակեմ, որպէս զի անասուններու ճարակ ըլլայ. Անոր պատերը պիտի փլցնեմ, որպէս զի ոտնակոխ ըլլայ. 6Խոպանացած պիտի թողում. Անիկա պիտի չյօտուի ու չբրուի, Հապա ցախ ու փուշ պիտի բուսցնէ. Եւ ամպերուն պիտի պատուիրեմ Որ անոր վրայ անձրև չտեղան: 7Վասն զի զօրաց Տէրոջը այգին Իսրայէլի տունն է. Ու Յուդայի մարդիկը` անոր ախորժելի տունկը. Եւ անիկա իրաւունքի կը սպասէր, և ահա արիւնահեղութիւն, Արդարութեան` և ահա աղաղակ: 8Վա՜յ անոնց` որոնք տունը տան կը յարեն, Ագարակ ագարակի վրայ կ’աւելցնեն. Մինչև որ տեղ մը չմնայ, Ու դուք մինակ բնակիք երկրին մէջ: 9Զօրաց Տէրը իմ ականջիս խօսեցաւ` ըսելով, Յիրաւի շատ տուներ աւերակ պիտի ըլլան, Մեծ ու գեղեցիկ տուներ, ու անոնց մէջ բնակող պիտի չգտնուի: 10Վասն զի տասը լծավար այգին մէկ մար պիտի տայ, Ու մէկ քոռ սերմը մէկ արդու պիտի տայ: 11Վա՜յ անոնց, որոնք առաւօտուն կանուխ կ’ելլեն, Ու ցքի խմելու ետևէ կ’ըլլան, Եւ իրիկունն ալ կ’ուշանան, Մինչև որ գինին իրենց գլուխը տաքցնէ: 12Եւ անոնց խնջոյքներուն մէջ քնար ու տաւիղ, Թմբուկ ու սրինգ և գինի կը գտնուի. Բայց Տէրոջը ըրածներուն ուշադրութիւն չեն ըներ, Եւ անոր ձեռաց գործերուն չեն նայիր: 13Անոր համար իմ ժողովուրդս Տէրը չճանչնալով* գերի կիյնայ, Ու անոր մեծամեծ մարդիկը սով կը կրեն, Եւ բազմութիւնը ծարաւէն կը ցամքին: 14Անոր համար դժոխք ինքզինք կը լայնցնէ, Ու բերանը չափէ դուրս կը բանայ. Եւ անոր պարծանքը ու բազմութիւնը Եւ աղաղակը ու զուարճութիւնը անոր մէջ պիտի իջնէ: 15Եւ ռամիկ մարդը պիտի իյնայ, Ու ազնուականը պիտի խոնարհի, Ամբարտաւաններուն աչքերն ալ պիտի խոնարհին: 16Եւ զօրաց Տէրը իրաւունքով պիտի բարձրանայ, Ու Սուրբն Աստուած արդարութիւնով պիտի փառաւորի: 17Եւ գառնուկները իրենց սովորութեանը պէս պիտի արածին, Ու հարուստներուն աւերակները օտարները պիտի ուտեն: 18Վա՜յ անոնց, որոնք անօրէնութիւնը ունայնութեան չուաններով կը քաշեն, Ու մեղքը` սայլի փոկերով քաշելու պէս. 19Որոնք կ’ըսեն, Թող արտորայ, Իր գործը շուտով կատարէ, որպէս զի զանիկա տեսնենք. Եւ Իսրայէլի Սուրբին խորհուրդը Թող մօտենայ` գայ, որպէս զի զանիկա գիտնանք: 20Վա՜յ անոնց, որոնք չարին բարի կ’ըսեն, ու բարիին չար. Որոնք խաւարը լոյսի տեղ, ու լոյսը խաւարի տեղ կը դնեն, Որոնք դառնը քաղցրի տեղ, ու քաղցրը դառնի տեղ կը դնեն. 21Վա՜յ անոնց, որոնք իրենց աչքին իմաստուն Եւ իրենց առջև խոհական են. 22Վա՜յ անոնց, որոնք գինի խմելու զօրաւոր Ու ցքի խառնելու կտրիճ են: 23Որոնք կաշառքի համար ամբարիշտը կ’արդարացնեն, Եւ արդարը իր իրաւունքէն կը զրկեն: 24Անոր համար ինչպէս կրակին բոցը յարդը կ’ուտէ, Ու չոր խոտը բոցին մէջ կը հատնի, Այնպէս անոնց արմատը փտութեան պէս պիտի ըլլայ, Ու անոնց ծաղիկը փոշիի պէս վեր պիտի ելլէ. Վասն զի զօրաց Տէրոջը օրէնքը մերժեցին, Եւ Իսրայէլի Սուրբին խօսքը անարգեցին: 25Անոր համար Տէրոջը բարկութիւնը իր ժողովուրդին դէմ բորբոքեցաւ, Ու անոնց վրայ ձեռքը երկնցուց ու զարկաւ զանոնք. Այնպէս որ լեռները դողացին, Ու անոնց դիերը ճամբաներուն վրայ աղբի պէս մնացին. Այսու ամենայնիւ անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկընցած է: 26Եւ հեռաւոր ազգերու դրօշակ պիտի վերցնէ, Ու զանոնք երկրի ծայրէն սուլելով պիտի կանչէ, Եւ ահա անոնք արտորալով արագութեամբ պիտի գան: 27Անոնց մէջ մէ՛կը յոգնած պիտի չըլլայ, ու մէ՛կը պիտի չսահի. Մէ՛կը պիտի չմրափէ ու չքնանայ. Մէկո՛ւն մէջքի գօտին պիտի չքակուի, Ոչ ալ կօշիկին կապը պիտի կտրուի: 28Անոնց նետերը սուր են, Ու բոլոր աղեղները` լարուած. Անոնց ձիերուն սմբակները գայլախազի կը նմանին, Եւ կառքերուն անիւները մրրկի պէս են: 29Անոնց մռնչիւնը առիւծինին պէս է. Կորիւններուն պէս կը մռնչեն, Կը գոչեն ու կողոպուտը կը յափշտակեն, Եւ զանիկա կը փախցնեն, ու ազատող մը չկայ. 30Եւ այն օրը անոնց վրայ պիտի գոչեն ծովուն գոչելուն պէս. Ու երբ մէկը երկրին նայի, ահա խաւար և տագնապ պիտի տեսնէ. Եւ լոյսը անոր ամպերուն մէջ պիտի խաւարի: