Եսայիա մարգարեյի գիրք
50
1Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ո՞ւր է ձեր մօրը ապահարզանի թուղթը, Որով ես զանիկա արձակեցի. Կամ ո՞վ է այն պարտատէրս, Որու ես ձեզ ծախեցի. Ահա դուք ձեր անօրէնութիւններուն համար ծախուեցաք, Ու ձեր մայրը ձեր յանցանքներուն համար արձակուեցաւ: 2Ինչո՞ւ համար իմ եկած ատենս մարդ մը չկար, Ու կանչած ատենս պատասխան տուող մը չկար. Միթէ իմ ձեռքս բնաւ կարճըցա՞ւ` որ փրկելու կարող չըլլամ, Կամ թէ ազատելու զօրութիւն չունի՞մ. Ահա իմ սաստելովս ծովը կը ցամքեցնեմ, Գետերը անապատի կը դարձնեմ. Անոնց ձուկերը ջուր չըլլալուն համար կը հոտին Ու ծարաւէն կը մեռնին: 3Երկինքներուն խաւար կը հագցնեմ, Ու ծածկոցի համար անոնց վրայ քուրձ կը դնեմ:
Տէրոջը ծառաներուն հնազանդութիւն
4Տէր Եհովա ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ, Որպէս զի յոգնածին խօսքով օգնել գիտնամ, Ամէն առտու զիս կ’արթնցնէ, Անիկա իմ ականջս կ’արթնցնէ, Որպէս զի աշակերտներու պէս լսեմ: 5Տէր Եհովա իմ ականջս բացաւ, Ու ես անհնազանդ չեղայ, ետ չդարձայ: 6Իմ կռնակս` զարնողներուն, Եւ այտերս` փետողներուն տուի. Իմ երեսս նախատինքէն ու թուքէն չծածկեցի: 7Բայց Տէր Եհովա ինծի կ’օգնէ, Անոր համար ամօթապարտ պիտ չըլլամ. Անոր համար իմ երեսս գայլախազի պէս ըրի, Ու գիտեմ որ պիտի չամչնամ: 8Զիս արդարացնողը մօտ է. Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի. մէկտեղ դատաստանի կայնինք. Իմ դատախազս ո՞վ է թող ինծի մօտենայ: 9Ահա Տէր Եհովա ինծի պիտի օգնէ. Ո՞վ է անիկա որ զիս յանցաւոր պիտի հանէ. Ահա ամէնը հանդերձի պէս պիտի մաշին, Ցեցը պիտի ուտէ զանոնք: 10Ձեր մէջ Տէրոջմէ վախցող, Անոր ծառային ձայնը մտիկ ընող ո՞վ կայ, Որ մութի մէջ կը քալէ ու բնաւ լոյս չունի. Թող անիկա Տէրոջը անուանը ապաւինի, Ու իր Աստուծոյն կռթնի: 11Ահա դուք ամէնդ, որ կրակ կը վառէք Ու կայծերով կը շրջապատիք, Ձեր կրակին լուսովը Ու ձեր վառած կայծերուն մէջ քալեցէք. Ասիկա ձեզի իմ ձեքէս պիտի ըլլայ, Դուք տրտմութեամբ պիտի պառկիք:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981