Եսայիա մարգարեյի գիրք

52

Աստուած Երուսաղէմը պիտի փրկէ

1Արթնցիր, արթնցիր, քու զօրութիւնդ հագիր, ով . Քու փառաւոր հանդերձներդ հագիր, ով սուրբ . Քանզի մէյմըն ալ անթլփատ ու պիղծ մէկը քու մէջդ պիտի չմտնէ: 2Փոշին քեզմէ թօթվէ, Ել նստէ, ով Երուսաղէմ. Քու պարանոցիդ կապերը քակէ, Ով Սիօնի գերի աղջիկը: 3Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ձրի ծախուեցաք, Եւ առանց ստակի պիտի փրկուիք: 4Քանզի Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Իմ ժողովուրդս առաջ իջաւ, Որպէս զի հոն պանդխտութիւն ընէ. Ու Ասորեստանցիք առանց պատճառի անոր բռնութիւն ըրին: 5Եւ հիմա հոս ի՞նչ ունիմ, կ’ըսէ Տէրը, Որ իմ ժողովուրդս պարապ տեղ քշուեցաւ. Անոր վրայ իշխողները զանիկա կը պոռացնեն, կ’ըսէ Տէրը, Ու միշտ ամէն օր իմ անունս կը հայհոյուի: 6Ասոր համար իմ ժողովուրդս պիտի գիտնայ իմ անունս. Ասոր համար այն օրուան մէջ պիտի գիտնայ, Թէ ես ան եմ` որ կը խօսէի. ահա ես եմ: 7Ի՜նչ գեղեցիկ են լեռներուն վրայ անոր ոտքերը` Որ աւետիս կը բերէ, խաղաղութիւն կը քարոզէ, Բարութեան աւետիս կը բերէ, փրկութիւն կը քարոզէ, Ու Սիօնի կ’ըսէ, Քու Աստուածդ կը թագաւորէ: 8Քու պահապաններդ ձայն պիտի վերցնեն. Ցնծութեան ձայնով միաբերան պիտի երգեն. Քանզի երբ Տէրը Սիօնը ետ դարձնէ, Անոնք յայտնապէս պիտի տեսնեն: 9Ով Երուսաղէմի աւերակներ, Ցնծութեան ձայնով մէկտեղ աղաղակեցէք. Քանզի Տէրը իր ժողովուրդը մխիթարեց, Ու Երուսաղէմը փրկեց: 10Տէրը իր սուրբ բազուկը մերկացուց Բոլոր ազգաց աչքերուն առջև, Ու երկրի ամէն ծայրերը Մեր Աստուծոյն փրկութիւնը պիտի տեսնեն: 11Քաշուեցէք, քաշուեցէք, անկէ ելէք, Պիղծ բանի մի դպչիք, Անոր մէջէն ելէք. Մաքուր եղէք, ով Տէրոջը սպասները վերցնողներ: 12Քանզի ոչ թէ արտորալով պիտի ելլէք, Եւ ոչ թէ փախչելով պիտի երթաք. Հապա Տէրը ձեր առջևէն պիտի երթայ, Ու Իսրայէլի Աստուածը ձեզի թիկնապահ պիտի ըլլայ:

Տառապող ծառան

13Ահա իմ ծառաս յաջողութիւն պիտի գտնէ, Եւ պիտի մեծնայ ու պիտի բարձրանայ ու խիստ պիտի փառաւորի: 14Ինչպէս շատերը անոր վրայ* ապշեցան, (Անոր երեսին մարդու երեսէն, Ու կերպարանքին մարդու որդիներէն աւելի աւրուած ըլլալուն համար,) 15Այնպէս շատ ազգեր պիտի զարմացնէ, Թագաւորները անոր առջև իրենց բերանը պիտի գոցեն. Վասն զի իրենց չպատմուածը պիտի տեսնեն, Եւ իրենց չլսածը պիտի իմանան:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)