Եսայիա մարգարեյի գիրք

53

1Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Ու Տէրոջը բազուկը որո՞ւ յայտնուեցաւ: 2Քանզի անիկա անոր առջև մատաղատունկի պէս, Եւ ծարաւուտ երկրէ ելլող արմատի պէս բուսաւ. Անիկա կերպարանք կամ վայելչութիւն չունէր` որ անոր նայէինք, Ոչ ալ այնպիսի երեւոյթ մը` որ անկէ ախորժէինք: 3Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ, Վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ. Եւ անկէ երես դարձնելու մարդու պէս եղաւ, Անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք: 4Իրաւցընէ անիկա մեր ցաւերը վերցուց Ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ. Եւ մենք զանիկա վիրաւորուած, Աստուծմէ զարնուած Ու չարիքի հանդիպած սեպեցինք: 5Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ, Եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ. Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ, Եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք: 6Ամէնս ոչխարներու պէս մոլորեցանք. Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ, Եւ Տէրը մեր ամէնուն անօրէնութիւնը անոր վրայ դրաւ: 7Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, Բայց իր բերանը չբացաւ. Մորթուելու տարուղ ոչխարի պէս, Ու իր խուզողներուն առջև մունճ կեցող մաքիի պէս, Այնպէս իր բերանը չբացաւ: 8Նեղութեամբ և դատապարտութեամբ վերցաւ. Ու անոր ազգատոհմը ո՞վ պիտի պատմէ. Քանզի անիկա կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ, Անիկա իմ ժողովուրդիս յանցանքին համար զարնուեցաւ: 9Եւ անոր գերեզմանը ամբարիշտներու հետ դրուեցաւ. Բայց երբ մեռաւ, հարուստին հետ եղաւ. Քանզի անիկա անօրէնութիւն մը չգործեց, Ու անոր բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ: 10Բայց Տէրը հաճեցաւ որ զանիկա ծեծելով ցաւերու մատնէ. Անոր անձը մեղքի համար ընելէդ ետքը` Անիկա սերունդ պիտի տեսնէ, իր օրերը պիտի երկնցնէ, Ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի: 11Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ. Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ, Քանզի անոնց անօրէնութիւնները ինք պիտի կրէ: 12Անոր համար մեծերուն հետ բաժին պիտի տամ անոր, Եւ հզօրներուն հետ աւարէն բաժին պիտի առնէ. Քանզի իր անձը մահուան մատնեց, Ու յանցաւորներուն հետ սեպուեցաւ. Եւ շատերուն մեղքը վերցուց, Ու յանցաւորներուն համար միջնորդութիւն ըրաւ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)