Եսայիա մարգարեյի գիրք
54
Աստուծոյ սէրը Իսրայէլի հանդէպ
1Ով չծնանող ամուլ, ցնծա. Ով ծննդական ցաւ չքաշող, ցնծութեամբ գոչէ. և աղաղակէ. Քանզի երեսէ ձգուածին տղաքները Այր ունեցողին տղաքներէն շատ պիտի ըլլան, կ’ըսէ Տէրը: 2Վրանիդ տեղը լայնցուր, Ու քու բնակարանիդ վարագոյրները տարածուին. Մի խնայեր, չուաններդ երկնցուր ու ցիցերդ ամուրցուր: 3Քանզի աջ ու ձախ կողմը պիտի տարածուիս. Եւ քու սերունդդ ազգեր պիտի ժառանգէ, Ու աւերած քաղաքները բնակիչներով պիտի լեցնէ: 4Մի վախնար, վասն զի պիտի չամչնաս. Ու մի պատկառիր, վասն զի պիտի չնախատուիս. Քանզի քու մանկութեանդ ամօթը պիտի մոռնաս, Եւ քու որբևարութեանդ նախատինքը մէյմըն ալ պիտի չյիշես: 5Քանզի քու այրդ քու Ստեղծիչդ է, Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է. Ու քու Փրկիչդ Իսրայէլի Սուրբն է, Անիկա բոլոր երկրի Աստուածը պիտի կոչուի: 6Քանզի Տէրը քեզ, երեսէ ձգուած և հոգւով վշտացած կնոջ պէս, Ու մերժուած նորահասակ հարսի պէս կանչեց, կ’ըսէ քու Աստուածդ: 7Փոքր վայրկեան մը քեզ թողուցի, Բայց մեծ ողորմութիւններով քեզ պիտի ժողվեմ: 8Քիչ մը* սրտմտութեամբ, մէկ վայրկեան երեսս քեզմէ ծածկեցի Բայց յաւիտենական ողորմութիւնով քեզի պիտի ողորմիմ, Կ’ըսէ քու Փրկիչդ Եհովա: 9Քանզի ասիկա ինծի Նոյի ջուրերուն պէս է. Ինչպէս երդում ըրի, թէ Նոյի ջուրերը մէյմըն ալ երկրի վրայ չանցնին, Այնպէս երդում ըրի որ քեզի չբարկանամ ու քեզ չյանդիմանեմ: 10Քանզի լեռները պիտի վերնան, Եւ բլուրները պիտի սասանին, Բայց իմ ողորմութիւնս քեզմէ պիտի չվերնայ, Ու իմ խաղաղութեանս ուխտը պիտի չսասանի, Կ’ըսէ Տէրը, որ քեզի կ’ողորմի:
Ապագայ Երուսաղէմը
11Ով փոթորիկէ զարնուած անմխիթար ողորմելի, Ահա ես քու քարերդ գոյնզգոյն պիտի դնեմ. Ու քեզ շափիւղաներով պիտի հիմնեմ. 12Եւ քու մարտկոցներդ` կարմիր յակինթներով*, Ու դռներդ` կարկեհաններով, Ու բոլոր պարիսպներդ թանկագին քարերով պիտի շինեմ: 13Եւ քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ սորված պիտի ըլլան, Ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի ըլլայ: 14Դուն արդարութեամբ պիտի հաստատուիս. Բռնութենէ հեռու պիտի ըլլաս, որպէս զի չվախնաս, Ու արհաւիրքէն` որպէս զի քեզի չմօտենայ: 15Ահա անշուշտ ժողով պիտի ընեն, բայց ինծմէ չէ. Ով որ քու վրադ ժողվուի*, քու կողմդ պիտի դառնայ: 16Ահա կրակի մէջ ածուխները փչող Եւ իր գործին համար գործիք շինող դարբինը ես ստեղծեցի, Ու աւրելու համար` կործանողը ես ստեղծեցի: 17Քեզի դէմ շինուած գործիքը ամենեւին պիտի չյաջողի, Եւ քու վրադ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի. Տէրոջը ծառաներուն ժառանգութիւնը ասիկա է, Ու անոնց արդարութիւնը ինծմէ է, կ’ըսէ Տէրը:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981