Եսայիա մարգարեյի գիրք
56
Աստուծոյ ժողովուրդը բոլոր ազգերը պիտի պարունակէ
1Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Իրաւունքը պահեցէք ու արդարութիւն ըրէք, Քանզի իմ փրկութիւնս գալու Եւ արդարութիւնս յայտնուելու մօտ է: 2Երանի¯ այն մարդուն` որ ասիկա կ’ընէ, Ու մարդու որդիին` որ ասիկա ամուր կը բռնէ, Այսինքն շաբաթը կը պահէ ու զանիկա չպղծեր. Եւ ամէն անիրաւութիւն ընելէ իր ձեռքը ետ կը պահէ: 3Ու Տէրոջը յարող օտարականի որդին թող չզրուցէ` ըսելով` Տէրը զիս իր ժողովուրդէն բոլորովին զատեց. Ու ներքինին ալ թող չըսէ, Ահա ես չոր ծառ մըն եմ: 4Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ այն ներքինիներուն, Որոնք իմ շաբաթներս կը պահեն, Եւ ինծի հաճոյ եղածը կ’ընտրեն, Ու իմ ուխտիս մէջ հաստատ կը կենան. 5Անոնց` իմ տանս մէջ և պարիսպներուս մէջ Տղաքներէ ու աղջիկներէ աւելի աղէկ տեղ ու անուն պիտի տամ. Անոնց յաւիտենական անուն պիտի տամ, Որ պիտի չպակսի: 6Եւ այն օտարականի որդիները որոնք Տէրոջը յարեր են` Անոր ծառայութիւն ընելու, Տէրոջը անունը սիրելու Ու անոր ծառաներ ըլլալու համար, Այսինքն ամէն անոնք որ շաբաթը կը պահեն ու չեն պղծեր, Եւ իմ ուխտիս մէջ հաստատ կը կենան, 7Զանոնք ալ իմ սուրբ լեռս պիտի բերեմ, Եւ իմ աղօթքի տանս մէջ զանոնք պիտի ուրախացնեմ. Անոնց ողջակէզները ու զոհերը իմ սեղանիս վրայ ընդունելի պիտի ըլլան, Քանզի իմ տունս բոլոր ազգերուն համար աղօթքի տուն պիտի կոչուի: 8Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովա, Որ Իսրայէլի աքսորուածները կը ժողվէ. Անոր ժողվուածներուն վրայ ուրիշներ ալ պիտի ժողվեմ անոր:
Իսրայէլի առաջնորդները դատապարտուած են
9Ով դաշտի բոլոր գազաններ, Ով անտառի բոլոր գազաններ, ուտելու եկէք: 10Անոր բոլոր պահապանները կոյր են, բան մը չեն գիտեր, Ամէնն ալ համր շուներ են, հաջելու կարող չեն. Անոնք կը ցնորին, կը պառկին, քունը կը սիրեն. 11Այո, շատակեր ու անյագ շուներ են, Ու անոնք իմացողութենէ զուրկ հովիւներ են. Ամէնը իրենց ճամբաներուն դարձան, Ամէն մէկը իր կողմէն իր անիրաւ վաստակը փնտռելով, ու ըսին, 12Եկէք, գինի բերեմ, Ու ցքիով արբենանք. Վաղն ալ այսօրուան պէս Ու ալ աւելի առատ պիտի ըլլայ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981