Եսայիա մարգարեյի գիրք

57

Իսրայէլի կռապաշտութիւնը կը դատապարտուի

1Արդարը կը կորսուի, և ուշադրութիւն ընող մարդ չկայ. Ու մարդիկը աշխարհէ կը վերցուին, Առանց մէկուն իմանալուն թէ արդարը չարիքին երեսէն կը վերցուի: 2Անիկա խաղաղութեան մէջ կը մտնէ. Ուղղութեամբ քալողները Իրենց անկողիններուն վրայ հանգըստութիւն կը գտնեն: 3Բայց դուք, ով վհուկի որդիներ, Շնացողի ու պոռնիկի սերունդ, հոս մօտեցէք. 4Դուք ո՞վ ծաղր կ’ընէք, Ձեր բերանը որո՞ւ վրայ կը լայնցնէք, Ու լեզունիդ կ’երկնցնէք. Չէ՞ որ դուք անօրէնութեան զաւակներ ու ստութեան սերունդ էք: 5Դուք ամէն կանանչ ծառերու տակ Դէպ ի կուռքերը* ցանկութեամբ կը տաքնաք. Տղաքները ձորերու մէջ, Վէմերու խոռոչներուն մէջ կը մորթէք: 6Քու բաժինդ ձորին տափակ քարերուն մէջ է. Քու վիճակդ անոնք են, անոնք. Անոնց անգամ նուէր թափեցիր, ընծայ մատուցիր. Միթէ ես ասոնց կրնա՞մ համբերել: 7Դուն քու անկողինդ բարձր ու վերացած լեռան վրայ դրիր. Հոն ալ ընելու ելար: 8Եւ դռներուն ու դրանդիքներուն ետևը քու յիշատակդ դրիր. Քանզի ինծմէ ուրիշին քու անձդ մերկացուցիր, Ու վեր ելլելով անկողինդ լայնցուցիր. Եւ անոնց հետ դաշնադրութիւն ըրիր, Անոնց անկողինը սիրեցիր, ու անոր համար տեղ պատրաստեցիր: 9Եւ թագաւորին քով հոտաւետ իւղով գացիր, Ու անուշահոտութիւններդ շատցուցիր, Եւ դեսպաններդ հեռաւոր տեղեր ղրկեցիր, Ու ինքզինքդ մինչև իջեցուցիր: 10Քու ճամբուդ երկայնութենէն յոգնեցար, Բայց Յոյս չկայ` չըսիր. Քու ձեռքիդ կեանքը գտար, Անոր համար չթուլցար: 11Եւ դուն որմէ՞ զարհուրեցար ու վախցար, որ ստախօս ելար, Եւ զիս չյիշեցիր ու սիրտդ չդրիր. Չէ՞ որ իմ շատոնցմէ լուռ կենալուս համար է Որ ինծմէ չես վախնար: 12Ես քու արդարութիւնդ ու գործերդ պիտի հրատարակեմ, Որոնք քեզի օգուտ պիտի չընեն: 13Երբ դուն աղաղակես, թող քու ժողվածներդ քեզ փրկեն. Բայց ամէնը հովը պիտի տանի, Շունչ մը զանոնք պիտի առնէ. Սակայն ինծի յուսացողները երկիրը իբրև կալուածք պիտի ստանան, Ու իմ սուրբ լեռս պիտի ժառանգեն.

Աստուած օգնել եւ փրկել կը խոստանայ

14Եւ պիտի ըսեն, Բարձրացուցէք, բարձրացուցէք. Ճամբայ պատրաստեցէք, Խոչը իմ ժողովուրդիս ճամբայէն վերցուցէք: 15Քանզի այսպէս կ’ըսէ Բարձրը ու Բարձրեալը, Որ յաւիտենականութեան մէջ կը բնակի ու անոր անունը Սուրբ է. Ես բարձր ու սուրբ տեղը կը բնակիմ, Բայց կոտրած ու խոնարհ ունեցողին հետ եմ, Որպէս զի խոնարհներուն հոգին կենդանացնեմ, Եւ կոտրած սիրտերը ապրեցնեմ: 16Քանզի յաւիտեան պիտի չվիճիմ, Ու միշտ պիտի չբարկանամ. Վասն զի իմ առջևս հոգիները պիտի մարէին. Եւ այն կեանքերը` զորոնք ես ստեղծեցի: 17Անոր ագահութեանը անօրէնութեանը համար բարկացայ Ու զանիկա զարկի, իմ երեսս ծածկեցի ու սրդողեցայ. Եւ ապստամբը իր կամքին ճամբուն հետևեցաւ: 18Անոր ճամբաները տեսայ, ու զանիկա պիտի բժշկեմ, Եւ անոր առաջնորդութիւն պիտի ընեմ, Ու զանիկա ու անոր սգաւորները պիտի մխիթարեմ: 19Շրթունքներուն պտուղը ես կը ստեղծեմ. Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն ըլլայ հեռուն եղողին Եւ մօտը եղողին, կ’ըսէ Տէրը, Ու ես զանիկա պիտի բժշկեմ: 20Բայց ամբարիշտները ալէծուփ ծովու պէս են, որ չկրնար հանդարտիլ, Որուն ջուրերը տիղմ ու ցեխ դուրս կը նետեն: 21Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան, կ’ըսէ իմ Աստուածս:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)