Եսայիա մարգարեյի գիրք
6
Աստուած Եսային կը կանչէ մարգարէանալու
1Ոզիա թագաւորին մահուան տարին Տէրը տեսայ որ բարձր ու վերացած աթոռի վրայ նստեր էր, ու անոր քղանցքը տաճարը կը լեցնէր: 2Վերի կողմը սերովբէները կը կայնէին անոր առջև, որոնց ամէն մէկը վեց վեց թեւեր ունէին. երկուքով երեսնին կը ծածկէին, երկուքով ոտքերնին կը ծածկէին, ու երկուքով կը թըռչէին: 3Եւ փոփոխակի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին: Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ է զօրաց Տէրը. Բոլոր երկիր անոր փառքովը լեցուն է: 4Եւ աղաղակողին ձայնէն սեմերուն հիմերը շարժեցան, ու տունը ծխով լեցուեցաւ: 5Եւ ըսի, Վա՛յ ինծի, ահա կը կորսուիմ. Վասն զի ես պիղծ շրթունք ունեցող մարդ մըն եմ, Ու պղծաշուրթն ժողովուրդի մէջ կը բնակիմ, Եւ իմ աչքերս զօրաց Տէրը, Թագաւորը, տեսան: 6Բայց սերովբէներէն մէկը դէպ յիս թռաւ, ու ձեռքը կրակի կայծ մը կար զոր սեղանէն ունելիքով առած էր: 7Եւ բերնիս դպցնելով` ըսաւ, Ահա ասիկա քու շրթունքներուդ դպաւ, Ու քու անօրէնութիւնդ վերցաւ, Եւ մեղքիդ քաւութիւն եղաւ: 8Ետքը լսեցի Տէրոջը ձայնը, որ ըսաւ, Ո՞վ ղրկեմ, և մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ. Ու ես ըսի, Ահաւասիկ ես. զիս ղրկէ: 9Այն ատեն ըսաւ, Գնա, ըսէ այս ժողովուրդին, Լսելով պիտի լսէք, բայց պիտի չիմանաք, Ու տեսնելով պիտի տեսնէք, բայց պիտի չգիտնաք: 10Այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացուր, Եւ ականջները ծանրացուր, ու անոր աչքերը գոցէ, Որպէս զի չըլլայ թէ աչքերովը տեսնէ, ու ականջներովը լսէ, Եւ սրտովը իմանայ, և դարձի գայ ու բժշկուի: 11Եւ ես ըսի, Մինչև ե՞րբ, ով Տէր իմ. ու ըսաւ, Մինչև որ քաղաքները բնակիչ չունենալով` Եւ տուները մարդ չգտնուելով` ամայի մնան, Ու երկիրը բոլորովին աւերակ ըլլայ. 12Ու մինչև որ Տէրը հեռացնէ մարդիկը, Ու երկրին մէջտեղը մեծ ամայութիւն ըլլայ: 13Բայց անոր մէջ դեռ տասներորդ մասը պիտի գտնուի, Եւ այն ալ դարձեալ պիտի սպառի. Ինչպէս բևեկնին ու կաղնին կտրուելով` անոնց բունը կը մնայ, Այնպէս սուրբ սերունդը այն ժողովուրդին բունը պիտի ըլլայ: