Եսայիա մարգարեյի գիրք

60

Երուսաղէմին ապագայ փառքը

1Ելիր, լուսաւորուէ. քանզի քու լոյսդ եկաւ, Ու Տէրոջը փառքը քու վրադ ծագեցաւ: 2Վասն զի ահա երկիրը խաւար Ու ազգերը մառախուղ պիտի ծածկէ. Բայց քու վրադ Տէրը պիտի ծագի, Եւ անոր փառքը քու վրադ պիտի երևնայ: 3Ու քու լոյսիդ ազգեր պիտի գան, Եւ քու վրադ ծագած պայծառութեանը` թագաւորներ: 4Աչքերդ վերցուր ու բոլորտիքդ նայէ. Ամէնը կը ժողվուին ու քեզի կու գան. Քու տղաքներդ հեռուէն պիտի գան, Եւ քու աղջիկներդ գիրկի մէջ պիտի վերցուին: 5Այն ատեն պիտի տեսնես և ուրախանաս, Ու սիրտդ պիտի շարժի ու բացուի. Քանզի ծովուն առատութիւնը քեզի պիտի դառնայ, Ազգերուն հարստութիւնը քեզի պիտի գայ: 6Քեզ ուղտերուն երամակը, Մադիամու ու Գեփայի տաճիկ ուղտերը, պիտի ծածկեն. Ամէնը Սաբայէ պիտի գան, ու պիտի բերեն, Եւ Տէրոջը գովութիւնները պիտի աւետեն: 7Կեդարի բոլոր հօտերը քու քովդ պիտի ժողվուին, Ու Նաբէօթի խոյերը քեզի պիտի ծառայեն. Անոնք իմ սեղանիս վրայ պիտի ելլեն` ընդունելի ըլլալու, Եւ իմ փառքիս տունը պիտի փառաւորեմ: 8Ո՞վ են ասոնք` որ կը թռչին ամպի պէս, Ու դէպ ի իրենց վանդակը թռչող աղաւնիներու պէս: 9Քանզի կղզիները ու նախ Թարսիսի նաւերը Ինծի համար պատրաստ պիտի ըլլան, Որպէս զի հեռուէն քու տղաքներդ, Եւ անոնց հետ անոնց արծաթը ու ոսկին բերեն, Քու Տէր Աստուծոյդ անուանը համար, Ու Իսրայէլի Սուրբին համար, քանզի անիկա քեզ կը փառաւորէ: 10Եւ օտարներուն որդիները քու պարիսպներդ պիտի շինեն, Ու անոնց թագաւորները քեզի ծառայութիւն պիտի ընեն. Քանզի իմ բարկութիւնովս քեզ զարկի, Բայց բարեհաճութիւնովս քեզի պիտի ողորմիմ: 11Եւ քու դռներդ միշտ բաց պիտի ըլլան, Ցորեկ ու գիշեր պիտի չգոցուին, Որպէս զի քեզի ազգերուն ստացուածքը կրեն, Եւ անոնց թագաւորները բերուին: 12Քանզի քեզի ծառայութիւն չընող ազգը ու թագաւորութիւնը պիտի կորսուի, Ու ազգերը բոլորովին պիտի կործանին: 13Լիբանանի փառքը քեզի պիտի գայ, Մայրը, սօսին ու տօսախը մէկտեղ` Իմ սրբարանիս տեղը զարդարելու համար, Եւ իմ ոտքերուս տեղը պիտի փառաւորեմ: 14Ու քեզի նեղութիւն տուողներուն տղաքները Ծռելով քեզի պիտի գան, Ու քեզ անարգողներուն ամէնը Քու ոտքերուդ գարշապարներուն երկըրպագութիւն պիտի ընեն. Ու քեզ Տէրոջը քաղաքը, Իսրայէլի Սուրբին Սիօնը, պիտի անուանեն: 15Դուն որ երեսէ ձգուած ու ատելի եղար, Եւ քեզմէ անցնող չեղաւ, Քեզ յաւիտենական , Ու ազգէ ազգ տևող ուրախութիւն պիտի ընեմ: 16Եւ ազգերուն կաթը պիտի ծծես, Ու թագաւորներուն ստինքը պիտի ծծես. Եւ պիտի գիտնաս որ ես Տէրս եմ քու Ազատիչդ, Ու քու Փրկիչդ, Յակոբի Հզօրը: 17Պղինձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ, Ու երկաթի տեղ` արծաթ, Եւ փայտերու տեղ` պղինձ, Ու քարերու տեղ երկաթ պիտի բերեմ, Եւ քու վերակացուներդ խաղաղութիւն սիրող, Ու քու իշխաններդ արդարութիւն գործող պիտի ընեմ: 18Մէյմըն ալ քու երկրիդ մէջ բռնութիւն, Եւ քու սահմաններուդ մէջ յափշտակութիւն ու կոտորած պիտի չլսուի. Հապա քու պարիսպներդ Փրկութիւն, Ու դռներդ Գովութիւն պիտի անուանես: 19Մէյմըն ալ ցորեկը քու լոյսդ արևը պիտի չըլլայ, Ու գիշերը լուսինը իր պայծառութիւնովը քեզի լոյս պիտի չտայ. Հապա Եհովա քեզի յաւիտենական լոյս, Եւ քու Աստուածդ քու փառքդ պիտի ըլլայ: 20Քու արևդ մէյմըն ալ պիտի չմտնէ, Ու քու լուսինդ պիտի չնուազի Հապա Եհովա քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ, Եւ սուգի օրերդ պիտի վերջանան: 21Ու քու ժողովուրդիդ ամէնը արդար պիտի ըլլան, Ու երկիրը յաւիտեան պիտի ժառանգեն. Իմ տնկած տունկս, իմ ձեռքերուս գործը, Իմ փառքիս համար պիտի ըլլայ: 22Պզտիկը հազարաւոր` Ու քիչուորը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. Ես Տէրս շուտով պիտի կատարեմ ասիկա իր ժամանակին:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)