Եսայիա մարգարեյի գիրք
61
Ազատագրման բարի լուրը
1Տէր Եհովայի Հոգին իմ վրաս է. Վասն զի Տէրը զիս օծեց, Ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու, Կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, Գերիներուն ազատութիւն, Եւ բանտարկեալներուն` բանտին բացուիլը հրատարակելու. 2Տէրոջը ընդունելի տարին Ու մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը հրատարակելու, Ամէն սգաւորները մխիթարելու, 3Սիօնի սգաւորներուն որոշելու, Ու անոնց մոխիրի տեղ փառք, Սուգի տեղ ուրախութեան իւղ, Կոտրած հոգիի տեղ գովութեան պատմուճան տալու. Եւ պիտի անուանեն զանոնք Արդարութեան բևեկնիներ, Զորոնք Տէրը տնկեր է իր փառքին համար: 4Եւ հին աւերակները պիտի շինեն, Ու առաջուան կործանուածները պիտի կանգնեն, Եւ աւրուած քաղաքները Ու շատ դարերէ ի վեր աւերակ մնացածները պիտի նորոգեն: 5Եւ օտարականները պիտի ելլեն ու ձեր հօտերը պիտի հովուեն, Ու օտարներուն որդիները ձեր երկրագործները և այգեգործները պիտի ըլլան: 6Բայց դուք Տէրոջը քահանաները պիտի կոչուիք, Մեր Աստուծոյն պաշտօնեաները պիտի ըսուիք Ազգերուն հարստութիւնը պիտի ուտէք, Ու անոնց փառքովը պիտի փառաւորուիք: 7Ձեր ամօթին տեղ` կրկին ուրախութիւն, Եւ անարգանքին տեղ իրենց ժառանգութեանը մէջ պիտի ցնծան. Ուստի իրենց երկրին մէջ կրկին ժառանգութիւն պիտի առնեն. Անոնք յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ունենան: 8Քանզի ես Տէրս արդարութիւնը կը սիրեմ. Անիրաւութիւնը ու յափշտակութիւնը կ’ատեմ. Իրաւցընէ անոնց գործերուն վարձքը պիտի տամ, Ու անոնց հետ յաւիտենական ուխտ պիտի ընեմ: 9Եւ անոնց սերունդը ազգերուն մէջ` Ու անոնց տղաքները ժողովուրդներուն մէջ պիտի գիտցուին. Զանոնք ամէն տեսնողները պիտի ճանչնան Թէ անոնք Տէրոջը օրհնած սերունդն են: 10Ես Տէրոջմով մեծապէս պիտի ցնծամ, Ու իմ հոգիս իմ Աստուծովս պիտի ուրախանայ. Քանզի ինծի փրկութեան հադերձներ հագցուց, Զիս արդարութեան պատմուճանով ծածկեց, Փեսայի պէս` որ իրեն փառաւոր խոյր կը դնէ, Ու հարսի պէս` որ իր զարդերովը կը զարդարուի: 11Քանզի ինչպէս երկիր իր տունկը կ’աճեցնէ, Ու պարտէզը իր մէջ ցանուածները կը բուսցնէ, Այնպէս Տէր Եհովա բոլոր ազգերուն առջև Արդարութիւն ու գովութիւն պիտի բուսցնէ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981