Եսայիա մարգարեյի գիրք
62
1Սիօնի սիրոյն համար պիտի չլռեմ, Ու Երուսաղէմի սիրոյն համար պիտի չհանդարտիմ, Մինչև որ անոր արդարութիւնը լոյսի պէս, Եւ անոր փրկութիւնը բոցավառ ջահի պէս ճառագայթէ: 2Ու ազգերը քու արդարութիւնդ, Ու բոլոր թագաւորները քու փառքդ պիտի տեսնեն. Ու դուն նոր անունով պիտի կոչուիս, Զոր Տէրոջը բերանը պիտի անուանէ: 3Եւ Տէրոջը ձեռքին մէջ վայելչութեան պսակ, Ու քու Աստուծոյդ ձեռքի մէջ արքայական թագ պիտի ըլլաս: 4Դուն մէյմըն ալ Թողուած պիտի չկոչուիս, Ու քու երկիրդ մէյմըն ալ Աւերակ պիտի չըսուի. Հապա դուն` Իմ հաւնածս*, Ու քու երկիրդ Ամուսնացեալ պիտի ըսուի. Քանզի Տէրը քեզի պիտի հաւնի, Ու քու երկիրդ պիտի ամուսնանայ: 5Վասն զի ինչպէս երիտասարդ մը կոյսի հետ կ’ամուսնանայ, Այնպէս քու տղաքներդ քեզի հետ պիտի ամուսնանան. Եւ ինչպէս փեսան հարսին վրայ կ’ուրախանայ, Այնպէս քու Աստուածդ քու վրադ պիտի ուրախանայ: 6Քու պարիսպներուդ վրայ, ով Երուսաղէմ, պահապաններ դրի. Անոնք բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը բնաւ պիտի չլռեն. Դուք, ով Տէրը յիշողներ, լուռ մի կենաք, 7Ու անոր հանգստութիւն մի տաք, Մինչև անիկա հաստատէ, Ու մինչև երկրի վրայ Երուսաղէմը գովելի ընէ: 8Տէրը իր աջ ձեռքին վրայ ու իր զօրաւոր բազուկին վրայ այսպէս երդում ըրաւ, Թէ քու ցորենդ մէյմըն ալ քու թշնամիներուդ կերակուր պիտի չտամ. Եւ օտարներու որդիները պիտի չխմեն քու գինիդ, Որու համար դուն աշխատեցար. 9Հապա զանիկա հնձողները պիտի ուտեն, Ու Տէրոջը փառք պիտի տան. Եւ զանիկա քաղողները իմ սուրբ սրահներուս մէջ պիտի խմեն: 10Անցէք, անցէք դռներէն, Ժողովուրդին ճամբայ պատրաստեցէք. Շիտկեցէք, շիտկեցէք շաւիղները, Քարերը անկէ ժողվեցէք. Ժողովուրդներուն դրօշակ վերցուցէք: 11Ահա Տէրը մինչև երկրի ծայրը լսել տուաւ. Սիօնի աղջկանը ըսէք, Ահա քու Փրկիչդ կու գայ. Ահա անոր վարձքը իրեն հետ է, Ու գործերու հատուցումը իր առջև է: 12Եւ անոնք Սուրբ ժողովուրդ, Տէրոջը փրկածները, պիտի ըսուին. Ու դուն Փնտռուած ու Չթողուած քաղաք պիտի կոչուիս:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981