Եսայիա մարգարեյի գիրք

63

Տէրոջը յաղթանակը ազգերու վրայ

1Ո՞վ է ասիկա որ կու գայ Եդովմէ, Կարմրագոյն զգեստով Բօսրայէ, Որ փառաւոր հանդերձով զարդարուած է. Եւ իր շատ զօրութիւնովը պանծալով կը քալէ: Ես եմ, որ արդարութիւն կը խօսիմ, Ու փրկելու կարողութիւն ունիմ: 2Ինչո՞ւ համար քու հանդերձդ կարմիր է, Ու քու զգեստներդ հնձանի մէջ կոխողին պէս են: 3Հնձանի մէջ միայն ես կոխեցի, Եւ ժողովուրդներէն ինծի հետ մա՛րդ մը չկար. Ու զանոնք իմ բարկութիւնովս կոխեցի, Եւ իմ սրտմտութիւնովս զանոնք ճմլեցի. Ու անոնց արիւնը իմ զգեստներուս վրայ ցաթկեց, Եւ բոլոր հանդերձներս ներկեցի. 4Քանզի իմ սրտիս մէջ վրէժխնդրութեան օր կար. Ու իմ փրկածներուս տարին հասած էր. 5Եւ նայեցայ, բայց օգնող չկար, Եւ զարմացայ որ ձեռնտու եղող մը չկար. Ուստի իմ բազուկս ինծի համար փըրկութիւն ըրաւ, Ու իմ բարկութիւնս ինծի ձեռնտու եղաւ: 6Եւ իմ բարկութիւնովս ժողովուրդներ կոխեցի, Ու զանոնք իմ սրտմտութիւնովս գինովցուցի, Եւ անոնց արիւնը գետինը իջեցուցի:

Տէրոջը բարութիւնը Իսրայէլի հանդէպ

7Տէրոջը ողորմութիւնները, Տէրոջը գովութիւնները պիտի յիշեմ`` Տէրոջը բոլոր մեզի ըրածներուն համեմատ Եւ այն շատ բարիքներուն համեմատ, Զորոնք իր գթութիւնովը և առատ ողորմութիւնովը Իսրայէլի տանը ըրած է: 8Քանզի ըսաւ, Իրաւցընէ անոնք իմ ժողովուրդս են, Սուտ չելլելու որդիներ են. Ու անիկա անոնց փրկիչ եղաւ. 9Անոնց ամէն նեղութիւններուն ատենը նեղութիւն քաշեց. Եւ իր երեսին հրեշտակը զանոնք ազատեց. Իր սիրովը ու գթութիւնովը զանոնք փրկեց, Եւ զանոնք վերցուց ու հին ժամանակին բոլոր օրերուն մէջ զանոնք կրեց: 10Բայց անոնք ապստամբեցան ու անոր Սուրբ Հոգին բարկացուցին. Անիկա ալ դարձաւ անոնց եղաւ, Ու ինք անոնց հետ ըրաւ: 11Այն ատեն առաջուան օրերը ու Մովսէսը և անոր ժողովուրդը յիշեցին. Ո՞ւր է անիկա` որ իր հօտին հովիւովը զանոնք ծովէն հանեց. Ո՞ւր է անիկա` որ անոնց մէջ իր Սուրբ Հոգին դրաւ. 12Իր փառաւոր բազուկը Մովսէսի աջ ձեռքին հետ պտըտցուց. Իրեն յաւիտենական վաստկելու համար Անոնց առջևէն ջուրերը պատռեց. 13Ու զանոնք անդունդներէն առանց սահելու անցուց, Ինչպէս ձի մը անապատէն կ’անցնի: 14Տէրոջը Հոգին զանիկա հանգստացուց, Հովիտի մէջ իջնող անասուններու պէս. Դուն քու ժողովուրդիդ այնպէս առաջնորդութիւն ըրիր, Որպէս զի քեզի փառաւոր անուն վաստըկիս:

Աղոթք մը գթութեան և օգնութեան

15Երկինքէն նայէ, Եւ քու սուրբ ու փառաւոր բնակութենէդ տես. Ո՞ւր է քու նախանձդ ու զօրութիւնդ. Քու աղիքներուդ գալարիլը և ինծի ըրած ողորմութիւններդ արգիլուեցա՞ն: 16Քանզի մեր Հայրը դուն ես, Թէև մեզ չգիտեր, Ու մեզ չճանչնար. Դուն, ով Տէր, մեր Հայրն ես, Ու քու անունդ սկիզբէն մեր Փրկիչն է: 17Ով Տէր, ինչո՞ւ համար մեզ քու ճամբաներէդ կը մոլորեցնես. Ինչո՞ւ մեր սիրտը կը խստացնես, որ քեզմէ չվախնանք. Քու ծառաներուդ համար, Քու ժառանգութեանդ ցեղերուն համար դարձիր: 18Քու սուրբ ժողովուրդդ իրենց ժառանգութիւնը քիչ ատեն վայելեցին. Մեր թշնամիները քու սրբարանդ ոտնակոխ ըրին: 19Մենք սկիզբէն քուկդ ենք. Դուն անոնց վրայ չտիրեցիր, Ու քու անունդ անոնց վրայ չկանչուեցաւ*:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981