Եսայիա մարգարեյի գիրք

64

1Երանի¯ թէ երկինքը ճեղքելով վար իջնէիր, Քու ներկայութենէդ լեռները հալէին 2Խռիւները բռնկցնող կրակի պէս, Ջուրերը եռացնող կրակի պէս, Որ քու անունդ թշնամիներուդ յայտնէիր, Ու ազգերը քու երեսէդ դողային: 3Երբ այն սոսկալի բաները ըրիր, որոնց չէինք յուսար, Իջար, քու երեսէդ լեռները հալեցան: 4Քանզի սկիզբէն ի վեր չլսուեցաւ ու ականջ չլսեց, Եւ աչք չտեսաւ քեզմէ ուրիշ մը, Որ իրեն յուսացողներուն այսպիսի բաներ ընէ: 5Ուրախ եղողին ու արդարութիւն գործողին Եւ քու ճամբաներուդ մէջ քեզ յիշողներուն հասար. Ահա բարկացար, վասն զի գործեցինք. Անոնց մէջ տևողութիւն կայ, ու պիտի փրկուինք: 6Բայց ամէնս պիղծ բանի պէս եղանք, Ու մեր բոլոր արդարութիւնները դաշտանի լաթին պէս են. Եւ ամէնս տերևի պէս կը թառամինք, Ու մեր անօրէնութիւնները հովի պէս մեզ կը վերցնեն: 7Եւ քու անունդ կանչող չկայ, Որ արթննայ ու քեզմով ոյժ գտնէ. Քանզի քու երեսդ մեզմէ ծածկեցիր, Ու մեր անօրէնութիւններուն պատճառաւ մեզ մաշեցիր: 8Բայց հիմա, ով Տէր, դուն մեր Հայրն ես Մենք կաւ ենք, ու դուն մեր Բրուտն ես. Եւ ամէնս քու ձեռքիդ գործն ենք: 9Շատ մի բարկանար, ով Տէր, Ու մեր անօրէնութիւնը յաւիտեան մի յիշեր. Ահա նայէ, կ’աղաչենք, ամէնս քու ժողովուրդդ ենք: 10Սուրբ քաղաքներդ եղան. անապատ եղաւ. աւերակ եղաւ: 11Մեր սուրբ ու փառաւոր տունը, Որուն մէջ մեր հայրերը քեզ կ’օրհնէին, Հրոյ ճարակ եղաւ, Եւ մեր ամէն ցանկալի տեղերը ամայի եղան: 12Ասոնց վրայ ինքզինքդ պիտի զսպե՞ս, ով Տէր, Տակաւին պիտի լռե՞ս ու մեզ խիստ շատ պիտի նեղե՞ս:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)