Եսայիա մարգարեյի գիրք
65
Աստուծոյ պատիժը ապստամբներուն
1Զիս չհարցնողներէն փնտռուեցայ, Զիս չխնդրողներէն գտնուեցայ. Իմ անունս չկանչող* ազգին Ահա ես, ահա ես` ըսի: 2Ամէն օր իմ ձեռքերս երկնցուցի ապստամբ ժողովուրդի մը` Որոնք այնպիսի ճամբու մէջ կը քալեն որ աղէկ չէ, Եւ իրենց խորհուրդներուն կը հետևին. 3Այնպիսի ժողովուրդի մը` որ միշտ երեսիս դէմ զիս կը սրդողցնեն. Պարտէզներու մէջ կը զոհեն, Ու աղիւսներու վրայ խունկ կը ծխեն. 4Գերեզմաններու մէջ կը նստին Եւ գիշերը առանձին տեղեր կ’անցնեն. Խոզի միս կ’ուտեն, Ու իրենց ամաններուն մէջ գարշելի բաներու արգանակ կայ. 5Որոնք կ’ըսեն, Մէկդի կեցիր, ինծի մի դպչիր, Քանզի ես քեզմէ սուրբ եմ: Ասոնք իմ ռնգունքներուս մէջ ծուխ են, Ու ամէն օր բորբոքած կրակ են: 6Ահա իմ առջևս գրուած է. Պիտի չլռեմ, հապա պիտի հատուցանեմ. Այո, անոնց ծոցին մէջ պիտի հատուցանեմ 7Ձեր անօրէնութիւնները` ձեր հայրերուն անօրէնութիւններուն հետ մէկտեղ, Որոնք լեռներուն վրայ խունկ ծխեցին, Ու բլուրներուն վրայ զիս անարգեցին, կ’ըսէ Տէրը, Ուստի անոնց առաջուան գործերը իրենց ծոցերուն մէջ պիտի լեցնեմ: 8Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Զոր օրինակ երբ ողկոյզի մը վրայ քաղցու գտնուի, կ’ըսեն թէ Ատիկա մի կորսնցներ, Քանզի ատոր վրայ օրհնութիւն կայ. Ես ալ իմ ծառաներուս համար այնպէս պիտի ընեմ, Որպէս զի ամէնը չկորսնցնեմ: 9Ու Յակոբէ սերունդ` Եւ Յուդայէ իմ լեռներուս ժառանգորդ մը պիտի հանեմ. Ու իմ ընտրեալներս այն երկիրը պիտի ժառանգեն, Եւ իմ ծառաներս հոն պիտի բնակին: 10Ու զիս փնտռող ժողովուրդիս համար Սարօն հօտերու փարախ` Եւ Աքովրի ձորը արջառներու մակաղատեղ պիտի ըլլայ: 11Բայց դուք Տէրը թողուցիք Ու իմ սուրբ լեռս մոռցաք. Գադ կուռքին* սեղան պատրաստեցիք, Ու Մենիի թափելու նուէր* լեցուցիք: 12Ես ալ ձեզ սուրի պիտի մատնեմ, Եւ ամէնդ պիտի ծռիք մորթուելու համար. Քանզի կանչեցի ու պատասխան չտուիք, Խօսեցայ ու մտիկ չըրիք. Հապա իմ առջևս չարութիւն ըրիք, Եւ ինծի հաճելի չեղածը ընտրեցիք: 13Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա իմ ծառաներս պիտի ուտեն, Բայց դուք անօթի պիտի մնաք. Ահա իմ ծառաներս պիտի խմեն, Բայց դուք ծարաւ պիտի մնաք. Ահա իմ ծառաներս պիտի ուրախանան, Բայց դուք ամօթալից պիտի ըլլաք. 14Ահա իմ ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան, Բայց դուք սրտի ցաւէ պիտի աղաղակէք, Եւ հոգիի ճնշումէ պիտի ոռնաք: 15Ու ձեր անունը իմ ընտրածներուս անէծքի համար պիտի թողուք. Եւ Տէր Եհովա քեզ պիտի մեռցնէ, Ու իր ծառաները ուրիշ անունով պիտի կանչէ. 16Որպէս զի երկրի վրայ օրհնուողը Ճշմարիտ Աստուծով օրհնուի, Ու երկրի վրայ երդում ընողը Ճշմարիտ Աստուծով երդում ընէ. Քանզի առաջուան նեղութիւնները մոռցուեցան, Ու անոնք իմ աչքերէս ծածկուեցան:
Նոր ստեղծագործութիւն
17Քանզի ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր կը ստեղծեմ. Եւ առաջինները պիտի չյիշուին, ու մարդուս միտքը պիտի չգան: 18Բայց դուք իմ ստեղծագործութիւնովս Յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէք և ցնծացէք. Վասն զի ահա ես Երուսաղէմը ցնծութեան համար, Ու անոր ժողովուրդը ուրախութեան համար կը ստեղծեմ: 19Ու Երուսաղէմի վրայ պիտի ցնծամ, Եւ իմ ժողովուրդիս վրայ պիտի ուրախանամ. Ու հոն մէյմըն ալ լացի ձայն ու ողբի ձայն պիտի չլսուի: 20Հոն մէյմըն ալ քիչ օր ապրող տղայ, Կամ օրերը չլեցուած ծեր պիտի չըլլայ. Քանզի երտասարդը հարիւր տարեկան պիտի մեռնի, Եւ հարիւր տարեկան մեղաւորը անէծքի պիտի հանդիպի: 21Ու տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, Եւ այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն: 22Անոնք պիտի չշինեն` որ ուրիշները բնակին, Անոնք պիտի չտնկեն` որ ուրիշները ուտեն. Վասն զի իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան, Եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն: 23Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին, Ու դժբաղդութեան համար տղաքներ պիտի չծնանին. Քանզի անոնք Տէրոջը օրհնածներուն սերունդն են, Ու անոնց հետ անոնց զաւակներն ալ: 24Եւ պիտի ըլլայ որ անոնք դեռ չկանչած` պատասխան պիտի տամ, Ու քանի որ դեռ կը խօսին` պիտի լսեմ: 25Գայլը ու գառը մէկտեղ պիտի արածին, Եւ առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ. Ու օձին կերակուրը հող պիտի ըլլայ. Անոնք իմ բոլոր սուրբ լեռանս մէջ վնաս պիտի չտան Ու պիտի չապականեն, կ’ըսէ Տէրը: