Եսայիա մարգարեյի գիրք

7

Պատգամ մը Ոզիա թագաւորին

1Եւ եղաւ որ Յուդայի թագաւորին, Ոզիայի որդւոյն Յովաթամի որդւոյն Աքազի, օրերը, Ասորւոց Ռասին թագաւորը ու Իսրայէլի թագաւորը Ռովմելայի որդին Փակէէ Երուսաղէմի վրայ պատերազմելու ելան, բայց չկրցան անոր հետ ընել: 2Ուստի երբ Դաւիթի տանը լուր տրուեցաւ` թէ Եփրեմի հետ միաբանեցան*, անոր սիրտը և անոր ժողովուրդին սիրտը շարժեցաւ, ինչպէս անտառին ծառերը հովէն կը շարժին: 3Բայց Տէրը Եսայիի ըսաւ, Հիմա դուն ու քու որդիդ Սէար-յասուբ, թափիչի ագարակին ճամբուն վրայ, վերի աւազանին ջրմուղին եզերքը, ելիր Աքազը դիմաւորելու: 4Եւ ըսէ անոր, Զգոյշ եղիր որ հանդարտ ըլլաս, Մի վախնար ու սիրտդ չմարի Այս ծուխ հանող երկու կիսայրեաց փայտի ծայրերէն, Այսինքն Ռասինի ու Ասորւոց Եւ Ռովմելայի որդւոյն սաստիկ բարկութենէն: 5Որովհետև Ասորիք, Եփրեմ ու Ռովմելայի որդին Քու վրայովդ չար խորհուրդ ըրին ու ըսին, 6Յուդայի վրա երթանք, ու զանիկա բռնադատենք Եւ մեզի հնազանդեցնենք, Ետքը անոր մէջ Տարէէլի որդին թագաւոր դնենք. 7Եհովա Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Այս խորհուրդը պիտի չհաստատուի ու չկատարուի. 8Վասն զի Ասորւոց երկրին գլուխը Դամասկոս, Եւ Դամասկոսի գլուխը Ռասին է. Ու վաթսունըհինգ տարուան մէջ Եփրեմ ժողովուրդը ըլլալէ պիտի ջնջուի: 9Ու Եփրեմի գլուխը , Եւ Սամարիայի գլուխը Ռովմելայի որդին է. Եթէ չհաւատաք, հաստատուն պիտի չըլլաք:

Էմմանուէլին նշանը

10Դարձեալ Տէրը խօսեցաւ Աքազի ու ըսաւ, 11Քու Տէր Աստուծմէդ քեզի համար նշան խնդրէ, Խորութեան մէջ կամ բարձրութեան մէջ խնդրէ: 12Բայց Աքազ ըսաւ, Չեմ խնդրեր և Տէրը չեմ փորձեր: 13Այն ատեն անիկա ըսաւ, Լսեցէք հիմա, ով Դաւիթի տունը. Պզտի՞կ բան կ’երեւնայ ձեզի մարդիկ աշխատցնելնիդ, Որ իմ Աստուածս ալ պիտի աշխատցընէք: 14Անոր համար Տէրը ինք նշան պիտի տայ ձեզի. Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, Եւ անոր անունը պիտի կոչէ: 15Անիկա կոգի ու մեղր պիտի ուտէ, Մինչև որ գիտնայ չարը մերժել ու բարին ընտրել: 16Վասն զի տղան չարը մերժելը ու բարին ընտրելը գիտնալէն առաջ Պիտի թողուի այն երկիրը Որուն երկու թագաւորներէն դուն կը վախնաս*: 17Տէրը քու վրադ, ու քու ժողովուրդիդ վրայ, Եւ քու հօրդ տանը վրայ այնպիսի օրեր պիտի բերէ, Որ Եփրեմի Յուդայէ զատուած օրէն ի վեր չեկան, Այսինքն Ասորեստանի թագաւորը: 18Եւ պիտի ըլլայ այն օրը, որ Տէրը պիտի սուլէ Եգիպտոսի գետերուն ծայրը եղած ճանճերուն, Ու Ասորեստանի երկրին մէջ եղած մեղուներուն. 19Եւ ամէնը պիտի գան ու պիտի հանգչին Ամայի ձորերուն մէջ ու վէմերուն խոռոչներուն մէջ, Եւ ամէն թուփերուն ու ամէն արօտներուն մէջ: 20Այն օրը Տէրը, վարձքով առնուած ածելիով Այսինքն Գետին անդիի կողմը եղող Ասորեստանի թագաւորով, Գլուխը ու ոտքերուն մազը պիտի ածիլէ Եւ մօրուքն ալ բոլորովին պիտի սափրէ. 21Ու պիտի ըլլայ այն օրը որ մարդ մը Մէկ երինջ ու երկու ոչխար պահելով, 22Անոնց տուած կաթին առատութենէն կոգի պիտի ուտէ. Վասն զի երկրին մէջ բոլոր մնացողները Կոգի ու մեղր պիտի ուտեն: 23Եւ պիտի ըլլայ այն օրը, Ուր որ հազար որթ տնկուած է հազար սիկղ արծաթի արժեքով, Ցախերով ու փուշերով պիտի լեցուի: 24Նետերով ու աղեղներով հոն պիտի գան, Վասն զի բոլոր երկիրը ցախերով ու փուշերով պիտի լեցուի: 25Եւ այն ամէն լեռները որոնք բրիչով կը փորուէին, Ցախի ու փուշի երկիւղին պատճառաւ հոն պիտի չերթաք. Արջառներուն արօտ ու խաշինքներուն կոխան պիտի ըլլան:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981