Եսայիա մարգարեյի գիրք

9

Ապագայ թագաւորը

1Բայց այնպէս խաւար պիտի չըլլայ, ինչպէս նեղութեան ժամանակը, Երբ առաջուան ատենը անարգեց Զաբուղոնի երկիրը ու Նեփթաղիմի երկիրը. Հապա վերջին ատենը պիտի պատուէ ծովուն ճամբան, Յորդանանու անդիի կողմը, Հեթանոսաց Գալիլեան: 2Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, Մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ: 3Ազգը շատցուցիր, անոր ուրախութիւնը մեծցուցիր. Անոնք քու առջևդ կ’ուրախանան` հունձքի ատենի ուրախութեան պէս Ինչպէս կը ցնծան անոնք որ աւար կը բաժնեն: 4Վասն զի Մադիամի օրուանը պէս` Անոր ծանր լուծը ու կռնակին գաւազանը Եւ անոր վրայ բռնութիւն ընողին ցուպը կոտրեցիր: 5Քանզի շառաչիւնով պատերազմողներուն ամէն զէնքերը Եւ արիւնաթաթախ հանդերձները Պիտի այրին և հրոյ ճարակ ըլլան: 6Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, Մեզի որդի մը տրուեցաւ, Եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ, Ու անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր , Յաւիտենականութեան , Խաղաղութեան : 7Դաւիթի աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ, Որպէս զի հիմակուընէ մինչև յաւիտեան Իրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատէ և զօրացնէ զանիկա: Զօրաց Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ ասիկա:

Աստուած պիտի պատժէ Իսրայէլը

8Տէրը Յակոբի պատգամ ղրկեց, Ու անիկա Իսրայէլի վրայ իջաւ: 9Եւ բոլոր ժողովուրդը պիտի իմանայ, Այսինքն Եփրեմ ու Սամարիայի բնակիչները, Որոնք ամբարտաւանութեամբ և սրտի հպարտութեամբ կ’ըսեն, 10Թէև աղիւսները ինկան, Բայց մենք տաշուած քարերով պիտի շինենք. Մոլաթզենիները կտրուեցան, Բայց մենք անոնց տեղ եղևնափայտեր պիտի դնենք: 11Սակայն Տէրը անոր վրայ Ռասինի հակառակորդները պիտի յարուցանէ, Ու անոր թշնամիները պիտի գրգռէ: 12Ասորիները արևելքէն, Փղշտացիները արևմուտքէն. Ու անոնք լեցուն բերանով Իսրայէլը պիտի ուտեն: Այսու ամենայնիւ անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկընցած է: 13Քանզի ժողովուրդը զինք զարնողին չդառնար, Ու զօրաց Տէրը չփնտռեր: 14Եւ Տէրը Իսրայէլի գլուխը ու պոչը, Արմաւենիին ոստը ու կնիւնը Մէկ օրուն մէջ պիտի կտրէ: 15(Ծերը ու պատուաւոր մարդը գլուխն է. Եւ ստութիւն սորվեցնող մարգարէն պոչն է:) 16Եւ այս ժողովուրդին առաջնորդները կը մոլորեցնեն զանոնք, Եւ անոնցմէ առաջնորդուածները պիտի կլլուին: 17Այս պատճառաւ Տէրը անոր երիտասարդներուն պիտի չհաճի, Եւ անոր որբերուն ու որբևարիներուն պիտի չողորմի, Վասն զի ամէնն ալ կեղծաւոր ու չարագործ եղան, Եւ ամէն բերան անզգամութիւն կը խօսի, Այսու ամենայնիւ անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկընցած է: 18Քանզի անօրէնութիւնը կրակի պէս կ’այրէ, Ցախերը ու փուշերը կը սպառէ, Անտառին թանձրախիտ ծառերը կ’այրէ, Ու անոնք կը ցնդին վեր ելլող ծուխի պէս: 19Զօրաց Տէրոջը բարկութենէն երկիրը պիտի , Ու ժողովուրդը հրոյ ճարակ եղածի պէս պիտի ըլլայ. Մարդ իր եղբօրը պիտի չխնայէ: 20Եւ աջ կողմը եղածը պիտի յափըշտակէ ու անօթի պիտի մնայ, Եւ ձախ կողմինն ալ պիտի ուտէ ու չկշտանայ, Ամէն մարդ իր բազուկներուն միսը պիտի ուտէ: 21Մանասէ Եփրեմը պիտի ուտէ, ու Եփրեմ Մանասէն, Եւ անոնք մէկտեղ Յուդայի վրայ պիտի յարձակին: Այսու ամենայնիւ անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկընցած է:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)