Հակոբոս
1
1Յակոբոս, Աստուծոյ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծառայ, տասուերկու ցեղերուդ, որ ամէն կողմ ցրուած էք, ողջոյն:
Հաւատք և իմաստութիւն
2Եղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ կ’իյնաք, 3Գիտնալով որ ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը գործէ: 4Բայց համբերութիւնը կատարեալ գործ թող ունենայ, որպէս զի կատարեալ ու ամբողջ ըլլաք, ու բանի մը պակսութիւն չունենաք: 5Ապա եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ Աստուծմէ, որ ամէնուն առատապէս կու տայ ու չնախատեր, և անոր պիտի տրուի: 6Միայն թէ հաւատքով թող խնդրէ ու չերկմտի. վասն զի ան որ երկմիտ է, ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման է. 7�յն մարդը թող չկարծէ որ Տէրոջմէ բան մը պիտի առնէ. 8Երկմիտ մարդը անհաստատ է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ:
Աղքատութիւն և հարստութիւն
9Խոնարհ եղբայրը իր բարձրութեանը վրայ թող պարծենայ, 10Եւ ան որ հարուստ է, իր խոնարհութեանը վրայ, վասն զի անիկա խոտի ծաղկին պէս պիտի անցնի. 11Քանզի արևը սաստիկ տաքութիւնով մը կը ծագի ու կը ցամքեցնէ խոտը, և անոր ծաղիկը կը թափի, ու անոր երևութին գեղեցկութիւնն ալ կը կորսուի. նոյնպէս ալ հարուստը իր ճամբաներուն մէջ պիտի թառամի:
Փորձ և փորձուիլ
12Երանելի է այն մարդը որ փորձութեան կը համբերէ. վասն զի եթէ փորձուելով ընտիր գտնուի, կենաց պսակը պիտի առնէ, զոր Տէրը զինք սիրողներուն խոստացաւ: 13Չըլլայ որ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ թէ Աստուծմէ կը փորձուիմ վասն զի Աստուած չար բաներով չփորձուիր, ոչ ալ ինք մէկը կը փորձէ: 14Սակայն ամէն մէկը կը փորձուի` իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. 15Անկէ ետև ցանկութիւնը յղանալով` մեղք կը ծնանի, և մեղքը որ կատարուի ` մահ կը ծնանի: 16Մի խաբուիք, իմ սիրելի եղբայրներս. 17Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգև վերէն է, և լուսոյ Հօրմէն կ’իջնէ, որուն մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ: 18i>Իր ուզելովը մեզ ծնաւ ճշմարտութեան խօսքովը, որպէս զի մենք իր ստեղծածներուն երախայրի մը ըլլանք:
Լսել և կատարել
19Ուստի, իմ սիրելի եղբայրներս, ամէն մարդ թող շուտ ըլլայ լսելու, ու ծանր` խօսելու, և ծանր` բարկանալու. 20Վասն զի մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չգործեր: 21Ուստի ամէն աղտեղութիւնը ու չարութեան առաւելութիւնը մէկդի ձգելով, հեզութեամբ ընդունեցէք ձեր մէջ սերմանուած խօսքը, որ կրնայ ձեր հոգիները փրկել: 22Բայց խօսքը կատարողներ եղէք, և ոչ թէ միայն լսողներ` ինքզինքնիդ խաբելով: 23Վասն զի եթէ մէկը միայն լսող ըլլայ խօսքին ու կատարող չըլլայ, անիկա նման է մարդու մը` որ հայելիի մէջ աչքերը տնկած իր բնական երեսը կը դիտէ. 24Վասն զի դիտելով տեսաւ ինքզինք ու անցաւ գնաց, և շուտ մը մոռցաւ թէ ի°նչպիսի մէկն էր: 25Բայց ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի, և անոր մէջ կը կենայ, անիկա խօսքը լսող ու մոռցող չըլլալով, հապա գործը կատարող, երանելի պիտի ըլլայ իր կատարելուն մէջ: 26Եթէ մէկը զինք կրօնասէր կը սեպէ ու իր լեզուին սանձ չդներ, հապա իր սիրտը կը խաբէ, այնպիսւոյն կրօնասիրութիւնը փուճ է: 27Աստուծոյ ու Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. Որբերուն ու որբևարիներուն տես երթալ իրենց նեղութեան ատենը, ու անձը անարատ պահել աշխարհէ: