Հակոբոս
3
Լեզուն
1Եղբայրներս, շատ վարդապետներ մի ըլլաք, գիտնալով որ աւելի մեծ դատաստան պիտի ընդունինք. 2Վասն զի ամէնս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք. եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ` անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է բոլոր մարմինն ալ սանձել: 3Տես որ ձիերու բերանը սանձ կը դնենք, որպէս զի անոնք մեզի հնազանդին, ու անոնց բոլոր մարմինը կը կառավարենք. 4Ահա նաւերն ալ ո°րչափ մեծ բաներ են, և սաստիկ հովորէն կը քշուին, բայց ամենափոքր ղեկով մը կը կառաւարուին` ղեկաւարին կամքը ո°ր կողմը որ ուզէ: 5Այսպէս ալ լեզուն պզտիկ անդամ մըն է, ու մեծ բաներ կը խօսի. ահա քիչ մը կրակը ո°րչափ բան բոցի կու տայ: 6Լեզուն ալ կրակ մըն է, անիրաւութեան տիեզերք մը. լեզուն մեր անդամներուն մէջ այնպէս դրուած է, որ բոլոր մարմինը կ’ապականէ, և բնութեան շրջանը կը բըռնըկցնէ, ու ինք գեհեանէն կը բռնկի: 7Բոլոր գազաններուն ու թռչուններուն և սողուններուն ու ծովու մէջ եղածներուն բնութիւնը կը նուաճի` և նուաճուած է մարդկային բնութենէն: 8Բայց լեզուն մարդոց մէ°կը չկրնար նուաճել. անիկա անզուսպ չար է, ու մահաբեր թունով լեցուն: 9Անով կ’օրհնենք զԱստուած ու Հայրը, և անով կ’անիծենք մարդիկ` որոնք Աստուծոյ նմանութիւնովը ստեղծուած են: 10Միևնոյն բերնէն կ’ելլեն օրհնութիւն ու անէծք. եղբայրներս, պէտք չէ որ այս այսպէս ըլլայ: 11Միթէ աղբիւր մը միևնոյն բերնէն անոյշ ու լեղի կը բղխէ՞: 12Միթէ կարելի՞ է, եղբայրներս, որ թզենին ձիթապտուղ բերէ, կամ որթը` թուզ. նմանապէս կարելի չէ որ աղբիւրէ մը աղի ու անոյշ ջուր ելլէ:
Վերին իմաստութիւնը
13Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ. թող անիկա բարի վարմունքովը ցուցնէ իր գործերը իմաստութեան հեզութիւնով: 14Ապա եթէ դառն նախանձ և հակառակութիւն ունենաք սիրտերնուդ մէջ, մի պարծենաք ու ճշմարտութիւնը սուտ հանէք, 15Այս իմաստութիւնը վերէն իջած չէ, հապա երկրաւոր, շնչաւոր և դիւական է: 16Քանզի ուր նախանձ ու կռիւ կայ, հոն է անկարգութիւնը և ամէն չար բաները: 17Հապա վերին իմաստութիւնը նախ սուրբ է, ետքը խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնասէր ու անկեղծ: 18Եւ արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց` որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981