Դատավորների գիրք
11
Յեփթայէ
1Եւ Գաղաադացի Յեփթայէ զօրաւոր ու կտրիճ մարդ մըն էր, ու անիկա պոռնիկ կնոջ մը զաւակ էր. ու Յեփթայէի հայրը Գաղաադ էր: 2Եւ Գաղաադի կինը անոր զաւակներ ծնաւ. ու երբ կնոջը զաւակները մեծցան, Յեփթայէն վռնտեցին, ու անոր ըսին, Դուն մեր հօրը տանը մէջ ժառանգութիւն պիտի չունենաս, քանզի դուն օտար կնոջ մը զաւակ ես: 3Եւ Յեփթայէ իր եղբայրներուն երեսէն փախչելով` Տովբի երկրին մէջ բնակեցաւ. և Յեփթայէի քով սրիկայ մարդիկ ժողվուեցան ու անոր հետ կը պտըտէին: 4Եւ եղաւ որ ատենէ մը ետքը Ամմոնի որդիները Իսրայէլի հետ պատերազմ ըրին: 5Ու երբ Ամմոնի որդիները Իսրայէլի հետ պատերազմ կ’ընէին, Գաղաադու ծերերը գացին որ Յեփթայէն Տովբի երկրէն առնեն: 6Եւ Յեփթայէի ըսին, Եկուր, մեզի զօրագլուխ եղիր, որպէս զի Ամմոնի որդիներուն հետ պատերազմ ընենք: 7Ու Յեփթայէ Գաղաադու ծերերուն ըսաւ, Ահա դուք զիս ատեցիք և իմ հօրս տունէն զիս վռնտեցիք, ու հիմա որ նեղութեան մէջ էք, ինչո՞ւ համար ինծի եկաք: 8Եւ Գաղաադու ծերերը Յեփթայէի ըսին, Անոր համար հիմա քեզի դիմեցինք, որ մեզի հետ երթաս ու Ամմոնի որդիներուն դէմ պատերազմ ընես, և մեզի, Գաղաադու բոլոր բնակիչներուն, գլուխ ըլլաս: 9Ու Յեփթայէ Գաղաադու ծերերուն ըսաւ, Եթէ դուք զիս դարձնէք Ամմոնի որդիներուն դէմ պատերազմ ընելու համար, ու Տէրը զանոնք իմ ձեռքս մատնէ, ես ձեզի գլուխ ըլլա՞մ: 10Եւ Գաղաադու ծերերը Յեփթայէի ըսին, Տէրը մեր մէջ վկայ ըլլայ որ ըսածիդ պէս պիտի ընենք: 11Ու Յեփթայէ Գաղաադու ծերերուն հետ գնաց. և ժողովուրդը զանիկա իրենց վրայ գլուխ ու զօրապետ դրին. ու Յեփթայէ Մասփայի մէջ Տէրոջը առջև իր բոլոր խօսքերը զրուցեց: 12Եւ Յեփթայէ Ամմոնի որդիներուն թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեց` ըսելով, Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս, որ ինծի եկար իմ երկրիս մէջ պատերազմ ընելու համար: 13Եւ Ամմոնի որդիներուն թագաւորը Յեփթայէի պատգամաւորներուն ըսաւ, Որովհետև Իսրայէլ Եգիպտոսէ ելած ատենը Առնոնէ մինչև Յաբոկ ու մինչև Յորդանան իմ երկիրս առաւ. հիմա զանիկա խաղաղութեամբ ետ դարձուր: 14Ու Յեփթայէ Ամմոնի որդիներուն թագաւորին նորէն պատգամաւորներ ղրկեց, 15Եւ անոր ըսաւ, Յեփթայէ այսպէս կ’ըսէ. Իսրայէլ Մովաբի երկիրը ու Ամմոնի որդիներուն երկիրը չառաւ. 16Քանզի Եգիպտոսէ ելած ատենը Իսրայէլ մինչև Կարմիր ծովը անապատէն գնաց, ու Կադէս եկաւ. 17Եւ Իսրայէլ Եդովմի թագաւորին դեսպաններ ղրկեց` ըսելով, Շնորհք ըրէ, քու երկրէդ անցնիմ. բայց Եդովմի թագաւորը մտիկ չըրաւ. այնպէս ալ Մովաբի թագաւորին ղրկեց, ան ալ թող չտուաւ. ու Իսրայէլ Կադէսի մէջ մնաց: 18Եւ անապատին մէջէն գնաց, ու Եդովմի երկրին ու Մովաբի երկրին բոլորտիքը պտըտեցաւ. և Մովաբի երկրին արեւելեան կողմէն երթալով Առնոնի անդիի կողմը բանակեցաւ, բայց Մովաբի սահմանին մէջ չմտաւ. քանզի Մովաբի սահմանը Առնոն էր: 19Ու Իսրայէլ դեսպաններ ղրկեց Ամօրհացւոց Սեհոն թագաւորին, (որ Եսեբոնի թագաւորն էր,) և Իսրայէլ անոր ըսաւ, Շնորհք ըրէ, քու երկրէդ անցնիմ, որպէս զի իմ տեղս երթամ: 20Բայց Սեհոն Իսրայէլի հրաման չտուաւ որ իր սահմանէն անցնի ու Սեհոն իր բոլոր ժողովուրդը ժողվեց, և Յասսայի մէջ բանակեցան, ու անիկա Իսրայէլի դէմ պատերազմ ըրաւ: 21Եւ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Սեհոնը ու անոր բոլոր ժողովուրդը Իսրայէլի ձեռքը մատնեց, ու զանոնք զարկին. և Իսրայէլ այն երկրին մէջ բնակող Ամօրհացւոց բոլոր երկիրը առաւ: 22Ու Իսրայէլ Ամօրհացւոց բոլոր սահմանը, Առնոնէ մինչև Յաբոկ, ու անապատէն մինչև Յորդանան ժառանգեց: 23Ուստի հիմա որ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Ամօրհացիները իր Իսրայէլ ժողովուրդին առջևէն վռնտեր է, դո՞ւն պիտի ժառանգես այն երկիրը: 24Քու աստուծոյդ Քամովսի քեզի ժառանգութիւն տուածը դուն չե՞ս ժառանգեր. մենք ալ մեր Եհովա Աստուծոյն մեր առջեւէն վռնտած ազգերուն երկիրը կը ժառանգենք: 25Եւ հիմա դուն Մովաբի թագաւորէն, Սեպփօրեան Բաղակէ, աւելի զօրաւո՞ր ես. միթէ անիկա բնաւ Իսրայէլի հետ ծեծկուեցա՞ւ, կամ անոնց հետ պատերազմ ըրա՞ւ: 26Իսրայէլ Եսեբոնի ու անոր գեղերուն մէջ, Արոէրի ու անոր գեղերուն մէջ, և Առնոնի եզերքին վրայ եղող բոլոր քաղաքներուն մէջ երեք հարիւր տարի է որ կը բնակի. և ինչո՞ւ համար զանոնք այնքան ատենի մէջ չազատեցիք: 27Ուստի ես քեզի դէմ յանցանք մը չեմ ըրած, և դուն ինծի հետ պատերազմ ընելով ինծի չարութիւն կ’ընես. այսօր Իսրայէլի որդիներուն ու Ամմոնի որդիներուն մէջ Դատաւոր եղող Տէրը թող դատաստան ընէ: 28Բայց Ամմոնի որդիներուն թագաւորը Յեփթայէի ղրկած խօսքերը մտիկ չըրաւ: 29Այն ատեն Յեփթայէի վրայ Տէրոջը Հոգին եկաւ. ու անիկա Գաղաադէ ու Մանասէէ անցաւ, Գաղաադու Մասփայէն ալ անցաւ, ու Գաղաադու Մասփայէն Ամմոնի որդիներուն վրայ գնաց: 30Եւ Յեփթայէ Տէրոջը ուխտ ըրաւ ու ըսաւ, Եթէ Ամմոնի որդիները բոլորովին իմ ձեռքս մատնես, 31Ու Ամմոնի որդիներէն խաղաղութեամբ ետ դառնամ, այն ատեն իմ տանս դռնէն զիս դիմաւորելու ելլողը Տէրոջը թող ըլլայ, ու զանիկա ողջակէզ մատուցանեմ: 32Եւ Յեփթայէ Ամմոնի որդիներուն վրայ գնաց, որպէս զի անոնց հետ պատերազմ ընէ, ու Տէրը անոր ձեռքը մատնեց զանոնք: 33Եւ Արոէրէ մինչև Մեննիթ, քսան քաղաք, ու մինչև Աբէլքերամիմ սաստիկ կոտորածով ջարդեց զանոնք. ու Ամմոնի որդիները Իսրայէլի որդիներուն առջև նուաճեցան:
Յեփթայէին աղջիկը
34Եւ Յեփթայէ Մասփա իր տունը եկաւ. ու ահա անոր աղջիկը թմբուկներով և պար բռնելով զանիկա դիմաւորելու կ’ելլէր. և անիկա անոր մէկ հատիկ զաւակն էր, ու անկէ զատ տղայ կամ աղջիկ չունէր: 35Եւ Յեփթայէ երբ զանիկա տեսաւ, իր լաթերը պատռեց, ու ըսաւ, Ոհ, աղջիկս, դուն զիս բոլորովին նկուն ըրիր, և դուն ինծի իմ նեղիչներէս մէկը եղար. քանզի ես բերանս բացի Տէրոջը, ու չեմ կրնար ետ դարձնել: 36Եւ աղջիկը անոր ըսաւ, Ով հայր իմ, եթէ Տէրոջը բերանդ բացիր, բերնէդ ելածը ըրէ ինծի. քանզի Տէրը քու թշնամիներէդ, Ամմոնի որդիներէն, քեզի համար վրէժխնդրութիւն ըրաւ: 37Եւ իր հօրը ըսաւ, Միայն այս բանն ըրէ ինծի. Զիս երկու ամիս թող տուր որպէս զի լեռներուն վրայ ելլեմ ու իջնեմ, ու ես իմ ընկերներովս իմ կուսութեանս վրայ լամ: 38Եւ անիկա ըսաւ, Գնա. ու զանիկա երկու ամիս թող տուաւ. և անիկա իր ընկերներով գնաց, ու լեռներուն վրայ իր կուսութիւնը լացաւ: 39Եւ երկու ամսուն լմննալէն ետքը իր հօրը դարձաւ, ու անիկա իր ըրած ուխտը անով կատարեց. և անիկա այր մարդ չճանչցաւ: 40Ու Իսրայէլի մէջ սովորութիւն եղաւ, որ ատեն ատեն Իսրայէլի աղջիկները երթան, ու Գաղաադացի Յեփթայէի աղջկանը համար տարին չորս օր լան:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981