Դատավորների գիրք
2
Տէրոջը հրեշտակը Բոքիմի մէջ
1Եւ Տէրոջը հրեշտակը Գաղգաղայէ Բոքիմ ելաւ ու ըսաւ, Ձեզ Եգիպտոսէ հանեցի, և ձեզ այն երկիրը բերի, որու համար ձեր հայրերուն երդում ըրեր էի. ու ըսի որ Ձեզի հետ ըրած ուխտս յաւիտեան պիտի չաւրեմ. 2Եւ այս երկրին բնակիչներուն հետ դաշնակցութիւն մի ընէք, անոնց սեղանները փլցուցէք. բայց դուք իմ խոսքիս հնազանդութիւն չըրիք. ինչո՞ւ համար այս բանը ըրիք: 3Ես ալ ըսի, Զանոնք ձեր առջեւէն պիտի չվռնտեմ, հապա անոնք ձեզի թշնամի, ու անոնց աստուածներն ալ ձեզի որոգայթ պիտի ըլլան: 4Ու երբ Տէրոջը հրեշտակը բոլոր Իսրայէլի որդիներուն այս խոսքերը ըսաւ, ժողովուրդը ձայնը վերցնելով լացաւ: 5Եւ այն տեղին անունը Բոքիմ կոչեցին. ու հոն Տէրոջը զոհ մատուցին: 6Ու երբ Յեսու ժողովուրդը արձակեց, Իսրայէլի որդիները ամէն մէկը իր կալուածքը գնաց` երկիրը ժառանգելու համար: 7Եւ ժողովուրդը, Յեսուի բոլոր օրերուն մէջ, ու Յեսուէ ետքը ողջ մնացող և Իսրայէլի համար Տէրոջը ըրած ամէն մեծ գործերը տեսնող ծերերուն բոլոր օրերուն մէջ, Տէրոջը ծառայութիւն ըրին:
Յեսուի մահը
8Եւ Տէրոջը ծառան Յեսու Նաւեան հարիւր տասը տարեկան մեռաւ: 9Ու զանիկա իր ժառանգութեանը սահմանին մէջ Գաաս լեռանը հիւսիսային կողմը, Եփրեմի լեռը, Թամնաթ-հարեսի մէջ, թաղեցին: 10Եւ այն դարուն բոլոր մարդիկը իրենց հայրերուն խառնուեցան. ու անոնցմէ ետքը ուրիշ ազգ մը ելաւ, որ Տէրը ու Իսրայէլի համար անոր ըրած գործերը չճանչցան:
Իսրայէլ Տէրը պաշտելէ կը դադարի
11Եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը առջև չարութիւն ըրին ու Բահաղիմը պաշտեցին. 12Եւ թողուցին իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը, որ զիրենք Եգիպտոսի երկրէն հաներ էր, ու օտար աստուածներու ետևէ գացին, այսինքն իրենց բոլորտիքը եղող ազգերուն քանի մը աստուածներուն, ու անոնց երկրպագութիւն ըրին, և Տէրը սրդողցուցին: 13Ուստի Տէրը թողուցին և Բահաղը ու Աստարովթը պաշտեցին: 14Եւ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ, ու զանոնք կողոպտիչներու ձեռքը մատնեց, ու զանոնք կողոպտեցին. և զանոնք շրջակայ թշնամիներուն ծախեց, ու ալ չէին կրնար իրենց թշնամիներուն առջև կայնիլ: 15Ուր որ երթային` Տէրոջը ձեռքը անոնց վրայ էր չարիք ընելու համար, ինչպէս Տէրը ըսեր էր, և ինչպէս անոնց երդում ըրեր էր. ու խիստ մեծ նեղութեան մէջ էին: 16Եւ Տէրը դատաւորներ հանեց, որոնք կողոպտիչներուն ձեռքէն ազատեցին զանոնք: 17Սակայն իրենց դատաւորներուն ալ մտիկ չըրին, ու օտար աստուածներու ետեւէ երթալով պոռնկութիւն ըրին, ու անոնց երկրպագութիւն ըրին. շուտով խոտորեցան այն ճամբայէն` որուն մէջ իրենց հայրերը կը քալէին Տէրոջը հրամաններուն հնազանդելով, բայց ասոնք այնպէս չըրին: 18Ու երբ Տէրը անոնց դատաւորներ կը հանէր, Տէրը դատաւորին հետ ըլլալով, դատաւորին բոլոր օրերը զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքէն կ’ազատէր. քանզի անոնց նեղութիւն տուողներուն ու չարչարողներուն երեսէն անոնց հեծութիւններուն համար Տէրը կը զղջար: 19Ու երբ այն դատաւորը մեռնէր, կը դառնային նորէն օտար աստուածներու ետեւէ կ’երթային, զանոնք կը պաշտէին և անոնց երկրպագութիւն կ’ընէին, ու իրենց հայրերէն աւելի անօրէնութիւն կ’ընէին. իրենց չար գործերէն ու իրենց ծուռ ճամբայէն չէին դառնար: 20Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքելով` ըսաւ, Որովհետև այս ազգը իրենց հայրերուն պատուիրած ուխտս զանց ընելով, իմ ձայնիս հնազանդութիւն չըրին, 21Ես ալ այսուհետև անոնց առջեւէն բնաւ մէկը պիտի չվռնտեմ այն ազգերէն զորոնք Յեսու իր մեռած ատենը թողուց: 22Որպէս զի անոնցմով Իսրայէլը փորձեմ, թէ արդեօք իրենց հայրերուն պէս զգուշութիւն պիտի ընե՛ն Տէրոջը ճամբան քալելու, թէ ոչ: 23Ուստի Տէրը այս ազգերը թող տուաւ, և շուտով չվռնտեց, ու զանոնք Յեսուի ձեռքը չմատնեց:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981