Դատավորների գիրք
21
Կիներ Բենիամինին ցեղին համար
1Եւ Իսրայէլի մարդիկը Մասփայի մէջ երդում ըրեր էին, ու ըսեր էին թէ Մեզմէ բնաւ մարդ մը իր աղջիկը Բենիամինի կին ըլլալու չտայ: 2Եւ ժողովուրդը Բեթէլ երթալով` հոն Աստուծոյ առջև մինչև իրիկուն նստան, ու ձայներնին վերցնելով` մեծ լացով մը լացին: 3Եւ ըսին, Ով Իսրայէլի Տէր Աստուածը, ինչո՞ւ համար այս բանը Իսրայէլի մէջ պատահեցաւ, որ այսօր Իսրայէլէ ցեղ մը պակսի: 4Ու հետեւեալ օրը ժողովուրդը կանուխ ելաւ, և հոն սեղան մը շինեցին, ու ողջակէզներ և խաղաղութեան զոհեր մատուցին: 5Ու Իսրայէլի որդիները ըսին, Իսրայէլի ամէն ցեղերէն ժողովքին հետ Տէրոջը առջև չելլողը ո՞վ է. քանզի Տէրոջը առջև Մասփա չելլող մարդուն համար մեծ երդում ըրեր էին` ըսելով թէ Անիկա անպատճառ պիտի մեռնի: 6Այն ատեն Իսրայէլի որդիները իրենց եղբօրը Բենիամինի համար ցաւելով ըսին, Այսօր Իսրայէլէ ցեղ մը բնաջինջ եղաւ: 7Այս մնացածներուն ի՞նչ ընենք, որ անոնց կիներ առնենք. քանզի մենք Տէրոջը անունովը երդում ըրինք որ մեր աղջիկներէն անոնց կին չտանք: 8Ու ըսին, Իսրայէլի ցեղերէն ո՞վ է որ Տէրոջը առջև Մասփա չելաւ. և ահա Գաղաադու Յաբիսէ բնաւ մարդ մը եկած չէր բանակը ու ժողովքը: 9Ու ժողովուրդը աչքէ անցուցին. և ահա անոնց մէջ Գաղաադու Յաբիսի բնակիչներէն մարդ մը չգտնուեցաւ: 10Այն ատեն ժողովքը խիստ զօրաւորներէն հոն տասուերկու հազար մարդ ղրկեցին, ու անոնց պատուիրելով` ըսին, Գացէք, և Գաղաադու Յաբիսի բնակիչները սուրի բերնէ անցուցէք, կիներն ալ ու տղաքներն ալ: 11Եւ ձեր ընելու բանը այս է. Ամէն այր մարդը ու այր մարդու անկողին գիտցող ամէն կինը կորսնցուցէք: 12Եւ Գաղաադու Յաբիսի բնակիչներուն մէջ չորս հարիւր կոյս աղջիկներ գտան, որոնք արուի հետ պառկած չէին, ու այր մարդ չէին գիտեր, և զանոնք Քանանու երկրին մէջ Սելովի բանակը բերին: 13Ու բոլոր ժողովքը մարդ ղրկելով, Ռեմօնի վէմը եղող Բենիամինի որդիներուն խօսեցան, և զանոնք խաղաղութեան հրաւիրեցին: 14Ու այն ատեն Բենիամինեանք դարձան. և անոնց այն կիները տուին, զորոնք Գաղաադու Յաբիսի կիներէն ողջ թողուցեր էին. բայց անոնց բաւական չեղան: 15Եւ ժողովուրդը Բենիամինի համար ցաւեցաւ. քանզի Տէրը Իսրայէլի ցեղերուն մէջ խրամատութիւն ըրաւ: 16Ու ժողովքին ծերերը ըսին, Մնացածներուն ի՞նչ ընենք կիներ տալու համար. որովհետև Բենիամինի ցեղին կիները կորսուեցան: 17Եւ ըսին, Ողջ մնացող Բենիամինեանց ժառանգութիւն թող մնայ, որպէս զի Իսրայէլէ ցեղ մը բնաջինջ չըլլայ: 18Ու մենք անոնց մեր աղջիկներէն կին չենք կրնար տալ, քանզի Իսրայէլի որդիները երդում ընելով ըսին թէ Բենիամինի կին տուողը անիծեալ ըլլայ: 19Եւ ըսին, Ահա տարուէ տարի Տէրոջը տօնախմբութիւն կ’ըլլայ Սելովի մէջ, այն տեղը` որ Բեթէլի հիւսիսային կողմը, ու Բեթէլէ Սիւքէմ ելլող ճամբուն արեւելեան կողմը, և Ղեբօնայի հարաւային կողմը կ’իյնայ: 20Ու Բենիամինի որդիներուն պատուիրելով` ըսին, Գացէք, այգիներուն մէջ պահուեցէք. 21Ու երբ տեսնէք որ Սելովի աղջիկները պար բռնելով խաղալու ելեր են, այն ատեն այգիներէն ելէք, և ամէն մէկդ Սելովի աղջիկներէն ձեզի մէյմէկ կին յափշտակեցէք, ու Բենիամինի երկիրը գացէք: 22Եւ եթէ անոնց հայրերը կամ եղբայրները մեզի գալով` գանգատ ընեն, անոնց կ’ըսենք թէ Մեր սիրոյն համար շնորհք ըրէք անոնց. քանզի մենք պատերազմին մէջ անոնց ամէնուն մէյմէկ կին չպահեցինք. ու հիմա դուք չտուիք անոնց որ յանցաւոր ըլլաք: 23Եւ Բենիամինի որդիները այնպէս ըրին, ու իրենց թիւին չափ պար բռնողներէն կիներ յափշտակելով` առին ու գացին իրենց ժառանգութիւնը դարձան, ու քաղաքները շինեցին և անոնց մէջ բնակեցան: 24Ու այն ատեն Իսրայէլի որդիները` անկէ ամէն մարդ իր ցեղին ու իր ազգատոհմին գնաց, և ամէն մարդ անկէ իր ժառանգութեանը ելաւ: 25Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար. ամէն մարդ իր աչքին հաճելի եղածը կ’ընէր:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981