Դատավորների գիրք
5
Դեբօրային և Բարակին երգը
1Եւ այն օրը Դեբօրա ու Աբինոամի որդին Բարակ երգեցին ու ըսին, 2Իսրայէլի զօրավարներուն առաջնորդելուն Ու ժողովուրդին յօժարակամ անձնանուէր ըլլալուն համար` Տէրը օրհնեցէք: 3Ով թագաւորներ, մտիկ ըրէք, Ով նախարարներ, ականջ դրէք. Ես Տէրոջը պիտի երգեմ, Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն սաղմոս պիտի ըսեմ: 4Ով Տէր, երբ դուն Սէիրէ ելար, Ու Եդովմի դաշտէն չուեցիր, Երկիր շարժեցաւ, երկինք անձրև տեղաց, Ամպերն ալ ջուր կաթեցուցին: 5Տէրոջը երեսէն լեռները հալեցան, Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն երեսէն Սինա ալ հալեցաւ: 6Անաթի որդւոյն Սամեգարի օրերը, Յայէլի օրերը, Մեծ ճամբաները անկոխ էին, Ու ճանապարհորդները խոտորնակ ճամբաներէ կ’երթային: 7Իսրայէլի մէջ զօրավարներ չմնացին, Չմնացին, մինչև որ ես Դեբօրա ելայ, Մինչև որ ելայ Իսրայէլի մէջ մայր ըլլալու: 8Նոր աստուածներ ընտրեցին. Այն ատեն իրենց դռներուն մէջ պատերազմ եղաւ. Արդեօք Իսրայէլի քառասուն հազար զօրքին մէջ Վահան կամ նիզակ երեւցա՞ւ: 9Իմ սիրտս Իսրայէլի իշխաններուն վրայ է. Ով ժողովուրդին անձնանուէր եղողներ, Տէրը օրնեցէք: 10Ճերմակ էշերու վրայ հեծնողներ, Դատաստանի ատեանը նստողներ, Ու ճամբու վրայ պտըտողներ, զրուցեցէք: 11Աղեղնաւորներուն ձայնէն ազատուած՝ Ջուր հանելու տեղերուն մէջ, Հոն Տէրոջը արդարութիւնները, Ու Իսրայէլի մէջ անոր զօրավարներուն արդարութիւնները պատմեն. Այն ատեն Տէրոջը ժողովուրդը դռները իջան: 12Արթնցիր, արթնցիր, ով Դեբօրա, Արթնցիր, արթնցիր ու երգ ըսէ. Ով Բարակ, ելիր. Ով Աբինոամի որդի, քու գերութիւնդ գերի ըրէ: 13Այն ատեն փախստականները Ժողովուրդին զօրաւորներուն վրայ յարձակեցան. Տէրը ինծի հետ Զօրաւորներուն դէմ իջաւ: 14Եփրեմի արմատէն եղողները Ամաղէկի վրայ ելան. Բենիամին քու ետեւէդ քու ժողովուրդիդ մէջ եկաւ. Մաքիրէ իշխաններ, Ու Զաբուղոնէ դպրի գրիչ բռնողներ իջան: 15Եւ Իսաքարի զօրավարները Դեբօրայի հետ, Ու Իսաքար ալ Բարակի պէս Անոր ետեւէն հովիտը ղրկուեցաւ. Ռուբէնի տոհմերուն մէջ Մեծ յուզմունք կար. 16Ինչո՞ւ համար փարախներուն մէջ նստար, Որ հօտերուն մայելը լսես: Ռուբէնի տոհմերուն մէջ Մեծ տարակուսանք կար: 17Գաղաադ Յորդանանու անդիի կողմը կը բնակէր, Ու Դան ինչո՞ւ համար նաւերու մէջ պանդուխտ մնաց, Ասեր ծովուն եզերքը կը նստէր, Ու իր նաւահանգիստներուն քով կը բնակէր: 18Զաբուղոն ու Նեփթաղիմ այնպիսի ժողովուրդ մըն է, Որ դաշտին բարձր տեղերը զինք մահուան վտանգի մէջ կը դնէ: 19Թագաւորները եկան, պատերազմ ըրին. Այն ատեն Քանանացւոց Թագաւորները Մակեդդովի ջուրին քով Թանաքի մէջ պատերազմ ըրին. Ստակ չշահեցան: 20Երկինքէն պատերազմ ըրին. Աստղերը իրենց շրջաններէն Սիսարայի դէմ պատերազմ ըրին: 21Կիսոն հեղեղատը, այն հին հեղեղատը, Կիսոն հեղեղատը զանոնք քշեց տարաւ: Ով իմ անձս, անոնց զօրութիւնը կոխեցիր: 22Այն ատեն ձիերուն սմբակները Սաստիկ վազելնուն համար կտոր կտոր եղան, Զօրաւորներուն վազցնելովը: 23Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ, Մարովզը նզովեցէք, Անոր բնակիչները սաստիկ նզովեցէք Քանզի Տէրոջը օգնութեանը, Զօրաւոր թշնամիներուն դէմ Տէրոջը օգնութեանը, չեկան: 24Կենեցի Քաբերի կինը Յայէլ Կիներուն մէջ ամէնէն աւելի օրհնեալ ըլլայ. Վրաններու մէջ բնակող կիներէն Աւելի օրհնեալ ըլլայ: 25Սիսարա ջուր ուզեց. կաթ տուաւ, Իշխաններուն ամանովը կոգի մատուց: 26Անիկա իր ձեռքը ցիցին, Ու իր աջ ձեռքը հիւսի ուռին երկնցուց, Ու Սիսարայի զարնելով գլուխը ճեղքեց. Ու ցիցը անոր ծամելիքը մխելով խոցեց: 27Անիկա ծռեցաւ, Յայէլի ոտքերուն մէջ ինկաւ փռուեցաւ, Ոտքերուն մէջ ծռեցաւ ինկաւ. Ուր որ ծռեցաւ, հոն մեռած ինկաւ: 28Սիսարայի մայրը պատուհանէն նայեցաւ, Ու վանդակին ետեւէն աղաղակեց. Ինչո՞ւ համար անոր կառքը կ’ուշանայ գալու, Ինչո՞ւ անոր կառքերուն քայլերը ետ կը մնան: 29Անոր իմաստուն տիկինները անոր պատասխան տուին, Ինք ալ իր խօսքերուն պատասխանը իրեն կու տար, 30Անշուշտ անոնք աւար գտան, Զանիկա բաժնելու վրայ են. Ամէն կտրիճի համար մէկ կամ երկու աղջիկ, Իսկ Սիսարայի համար գոյնզգոյն աւար մը, Գոյնզգոյն նկարագործ աւար մը, Երկու կողմը բանուած ու գոյնզգոյն վզնոցներ աւար առած պիտի ըլլան: 31Ով Տէր, քու բոլոր թշնամիներդ Այսպէս կորսուին. Իսկ զԱնիկա սիրողները Իր զօրութիւնովը ելլող արեւուն պէս ըլլան: Ու երկիրը քառասուն տարի հանգստացաւ: