Երեմիա մարգարեյի գիրք
1
1Բենիամինի երկիրը, Անաթովթի մէջ եղող քահանաներէն Քեղկիայի որդւոյն Երեմիայի խօսքերը. 2Որու Տէրոջը խօսքը եղաւ, Յուդայի թագաւորին Ամոնի որդւոյն Յովսիայի օրերը, անոր թագաւորութեան տասուիրեքերորդ տարին: 3Նաև Յուդայի թագաւորին Յովսիայի որդւոյն Յովակիմի օրերը, մինչև Յուդայի թագաւորին Յովսիայի որդւոյն Սեդեկիայի մետասաներորդ տարւոյն վերջը, մինչև Երուսաղէմի գերութիւնը, որ հինգերորդ ամսուն մէջ եղաւ:
Երեմիային կոչումը
4Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ` ըսելով, 5Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, Ու դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի. Քեզ ազգերուն մարգարէ ըրի: 6Այն ատեն ես ըսի, Ոհ, Տէր Եհովա, ահա ես խօսիլ չեմ գիտեր, Վասն զի ես մանուկ եմ: 7Բայց Տէրը ինծի ըսաւ, Մի ըսեր թէ Ես մանուկ եմ. Վասն զի ուր որ քեզ ղրկեմ` պիտի երթաս, Ու ինչ որ քեզի պատուիրեմ` պիտի խօսիս: 8Անոնց երեսէն մի վախնար. Քանզի ես քեզի հետ եմ Քեզ ազատելու համար, կ’ըսէ Տէրը: 9Եւ Տէրը իր ձեռքը երկնցուց ու իմ բերնիս դպաւ. Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Ահա իմ խօսքերս քու բերանդ դրի: 10Նայէ, ես այսօր քեզ ազգերուն վրայ, Եւ թագաւորութիւններուն վրայ կայնեցուցի, Որպէս զի խլես ու փլցնես և կորսնցնես ու աւրես, Նաև շինես ու տնկես:
Երկու տեսիլքներ
11Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ` ըսելով, Ով Երեմիա, ի՞նչ կը տեսնես: Ու ես ըսի, Նշենիի գաւազան մը կը տեսնեմ: 12Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ, Աղէկ տեսար. Վասն զի ես իմ խօսքիս համար զանիկա կատարելու պիտի արտորամ*: 13Եւ երկրորդ անգամ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ` ըսելով, Ի՞նչ կը տեսնես: Ու ես ըսի, Եռացող կաթսայ մը կը տեսնեմ, Եւ անոր երեսը դէպ ի հիւսիս է: 14Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Չարիքը հիւսիսէն պիտի բորբոքի Երկրին բոլոր բնակիչներուն վրայ: 15Քանզի ահա ես հիւսիսի թագաւորութիւններուն Բոլոր ազգատոհմները պիտի կանչեմ, կ’ըսէ Տէրը, Ու պիտի գան, և ամէն մէկը իր աթոռը Երուսաղէմի դռներուն առջև, Եւ անոր շրջակայ պարիսպներուն վրայ Ու Յուդայի բոլոր քաղաքներուն վրայ պիտի դնեն: 16Եւ պիտի խօսիմ անոնց իմ դատաստաններս, Անոնց բոլոր չարութիւններուն համար. Վասն զի անոնք զիս թողուցին, Եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, Ու իրենց ձեռքերուն գործերուն երկըրպագութիւն ըրին: 17Ուրեմն դուն քու մէջքդ պնդէ ու ելիր, Եւ քեզի բոլոր հրամայածս անոնց ըսէ, Անոնց երեսէն մի վախնար, Չըլլայ որ քեզ անոնց առջև ամօթով ընեմ: 18Եւ ես ահա այսօր քեզ բոլոր երկրին դէմ, Այսինքն Յուդայի թագաւորներուն, անոր իշխաններուն, Անոր քահանաներուն և երկրին ժողովուրդին Ամուր քաղաքի պէս ու երկաթէ սիւնի պէս Ու պղնձէ պարիսպներու պէս դրի. 19Եւ անոնք քեզի հետ պիտի պատերազմին, Բայց պիտի չկրնան քեզ յաղթել. Վասն զի ես քեզի հետ եմ Քեզ ազատելու համար, կ’ըսէ Տէրը: