Երեմիա մարգարեյի գիրք

10

Կռապաշտութիւն և ճշմարիտ երկրպագութիւն

1Ով Իսրայէլի տունը, Տէրոջը ձեզի համար ըսած խօսքը մտիկ ըրէք: 2Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ազգերուն ճամբաները մի սորվիք, Ու երկինքի նշաններէն մի զարհուրիք, Վասն զի անոնցմէ հեթանոսները կը զարհուրին: 3Քանզի ժողովուրդներուն սովորութիւնները ունայնութիւն են. Քանզի անտառէն փայտ կը կտրեն, Անիկա արուեստագէտին ձեռքերուն գործն է` տապարով գործուած: 4Զանիկա արծաթով և ոսկիով կը զարդարեն, Ու գամերով և ուռերով կը գամեն զանիկա ու չշարժիր: 5Անոնք արմաւենիի պէս շիտակ են, բայց չեն խօսիր. Անոնք ի հարկէ պիտի վերցուին, վասն զի չեն կրնար քալել. Անոնցմէ մի վախնաք, վասն զի չարիք մը չեն կրնար հասցնել, Ոչ ալ բարիք ընելու կարող են: 6Ով Տէր, քեզի նման մէկը չկայ. Դուն մեծ ես, ու քու անունդ զօրութեամբ մեծ է: 7Քեզմէ ո՞վ պիտի չվախնայ, ով ազգաց Թագաւոր, Քանզի քեզի կը վայլէ. Վասն զի ազգաց բոլոր իմաստուններուն մէջ Եւ անոնց բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ Քեզի նման մէ՛կը չկայ: 8Բայց անոնք բոլորովին անբան ու անմիտ են. Անոնց կրօնքը ունայնութեանց վարդապետութիւն է, փայտ է: 9Թարսիսէ ծեծուած արծաթ Եւ Ոփազէ կը բերուի, Անոնք վարպետի ու ոսկերիչի ձեռքերուն գործն են. Անոնց զգեստը կապուտակ ու ծիրանի է. Ամէնը հանճարեղներու գործեր են: 10Սակայն Եհովա է ճշմարիտ , Անիկա է կենդանի Աստուած և յաւիտենական Թագաւոր. Անոր բարկութենէն կը դողայ, Ու ազգերը անոր սրտմտութեանը չեն դիմանար: 11[Անոնց այսպէս ըսէք. Այն աստուածները, որոնք երկինքը ու երկիրը չշինեցին. Երկրէ ու այս երկինքներուն տակէն պիտի կորսուին:]

Աստուծոյ փառաբանութեան երգ մը

12Երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց, Աշխարհը իր իմաստութիւնովը հաստատեց, Ու երկինքը իր խորհրդովը տարածեց: 13Երբ իր ձայնը կու տայ, երկինքի մէջ ջուրերու բազմութիւն կ’ըլլայ, Եւ երկրի ծայրերէն շոգիներ կը հանէ. Անձրևի համար փայլակներ կը շինէ, Ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն: 14Ամէն մարդ գիտութենէ զրկուած` անասուն դարձաւ. Ամէն ոսկերիչ իր քանդակած կուռքին պատճառաւ ամօթով եղաւ. Վասն զի ձուլած կուռքը ստութիւն է, Ու անոնք չունին: 15Անոնք ունայնութեան և խաբէութեան գործեր են, Անոնց այցելութիւն եղած ատեն անոնք պիտի կորսուին: 16Յակոբի Բաժինը ասոնց պէս չէ, Վասն զի անիկա ամէն բան Ստեղծողն է, Ու անոր ժառանգութեանը վիճակն է. Եւ անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է:

Մօտեցող աքսորը

17Ով բերդի մէջ բնակող, Քու վաճառներդ երկրէն ժողվէ: 18Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես այս անգամ երկրին բնակիչները դուրս պիտի նետեմ, Ու զանոնք նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ, որպէս զի իրենց չարիքը գտնեն: 19Վա՜յ ինծի իմ հարուածքիս համար, Իմ վէրքս անդարմանելի է. Բայց ես ըսի, Իրաւցընէ ասիկա ցաւ է, Ու զանիկա կրելու եմ: 20Իմ վրանս կործանեցաւ և ամէն չուաններս փրթան. Տղաքներս ինծմէ ելան ու չկան. Ասկէ ետև վրանս կանգնող Ու վարագոյրներս դնող չկայ: 21Վասն զի հովիւները անասուն դարձան, Եւ Տէրը չխնդրեցին. Անոր համար յաջողութիւն չգտան, Ու անոնց բոլոր հօտը ցրուեցաւ: 22Ահա հիւսիսի երկրէն գուժի ձայն Եւ մեծ խռովութիւն կու գայ, Որպէս զի Յուդայի քաղաքները աւերակ Ու չագալներու բնակարան ընէ: 23Գիտեմ, ով Տէր, որ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, Քալող մարդը իր քալուածքը շիտկելու կարող չէ: 24Ով Տէր, զիս խրատէ, բայց չափաւորութեամբ, Եւ ոչ թէ քու բարկութիւնովդ, չըլլայ որ զիս սպառես: 25Քու սրտմտութիւնդ քեզ չճանչցող ազգերուն վրայ Եւ քու անունդ չկանչող ազգատոհմներուն վրայ թափէ. Վասն զի Յակոբը կերան, Զանիկա կերան ու հատցուցին, Եւ անոր բնակութիւնը աւերակ դարձուցին:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)