Երեմիա մարգարեյի գիրք
11
Երեմիա և ուխտը
1Այն խօսքը որ Տէրոջը կողմանէ Երեմիայի եղաւ` ըսելով, 2Այս ուխտին խօսքերը մտիկ ըրէք, և Յուդայի մարդոցը ու Երուսաղէմի բնակիչներուն խօսեցէք. 3Եւ դուն անոնց ըսես, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Անիծեալ ըլլայ այն մարդը` որ մտիկ չըներ այս ուխտին խօսքերը, 4Զորոնք ես ձեր հայրերուն պատուիրեցի Եգիպտոսի երկրէն, այն երկաթի հնոցէն, զանոնք հանած օրս` ու ըսի, Իմ ձայնս մտիկ ըրէք, ու ձեզի բոլոր հրամայածիս համեմատ ի գործ դրէք, որպէս զի դուք իմ ժողովուրդս ըլլաք, ու ես ձեր Աստուածը ըլլամ. 5Որպէս զի հաստատեմ այն երդումը զոր ձեր հայրերուն ըրի, այնպիսի երկիր մը տալու անոնց` որ կաթ ու մեղր կը բղխէ, ինչպէս այսօր կ’երևնայ: Եւ ես պատասխան տուի ու ըսի, Ամէն ով Տէր: 6Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Այս բոլոր խօսքերը Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ կանչելով` ըսէ, Այս ուխտին խօսքերը մտիկ ըրէք, ու զանոնք ի գործ դրէք. 7Վասն զի ձեր հայրերը փութով խրատեցի, զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանած օրէս մինչև այսօր, կանուխ ելլելով ու խրատելով` ըսի, Իմ ձայնս մտիկ ըրէք: 8Բայց անոնք մտիկ չըրին ու իրենց ականջը չխոնարհեցուցին, հապա ամէն մարդ իր չար սրտին կամակորութեանը համեմատ քալեց. ուստի ես անոնց վրայ կը բերեմ այս ուխտին բոլոր խօսքերը, զորոնք ես անոնց պատուիրեցի որ ընեն, ու անոնք չըրին: 9Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Յուդայի մարդոցը մէջ ու Երուսաղէմի բնակիչներուն մէջ դաւաճանութիւն գտնուեցաւ. 10Անոնք իմ խօսքերս մտիկ ընել չուզող իրենց նախահայրերուն անօրէնութիւններուն դարձան, և օտար աստուածներու ետևէ գացին, որպէս զի անոնց ծառայութիւն ընեն. Իսրայէլի տունը ու Յուդայի տունը իրենց հայրերուն հետ ըրած ուխտս աւրեցին: 11Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես այնպիսի չարիք կը բերեմ անոնց վրայ, Որոնք անկէ ելլելու կարող պիտի չըլլան. Եւ ինծի պիտի աղաղակեն, ու անոնց մտիկ պիտի չընեմ: 12Եւ Յուդայի քաղաքները ու Երուսաղէմի բնակիչները պիտի երթան, Ու պիտի աղաղակեն այն աստուածներուն, որոնց խունկ ծխեր էին. Բայց անոնց ձախորդութեան ժամանակը Բնաւ պիտի չազատեն զանոնք: 13Քանզի քու աստուածներդ, ով Յուդա, Քու քաղաքներուդ թիւին չափ եղան. Ու Երուսաղէմի փողոցներուն թիւին չափ` Ամօթալից կռապաշտութեան համար սեղաններ, Բահաղի խունկ ծխելու համար սեղաններ, կանգնեցիք: 14Ուստի դուն այս ժողովուրդին համար աղօթք մի ըներ, Ու անոնց համար խնդրուածքով ու պաղատանքով մի աղաչեր. Քանզի երբ իրենց վրայ հասած չարիքին համար ինծի աղաղակեն, Անոնց մտիկ պիտի չընեմ: 15Իմ սիրելիս ի՞նչ բաժին ունի իմ տանս մէջ, Որովհետև շատերուն հետ անօրէնութիւն* գործեր է. Սուրբ միսն ալ քեզմէ անցաւ, Քանզի բուն քու չարութիւնովդ կ’ուրախանաս: 16Տէրը քու անունդ Կանանչ, գեղեցիկ ու բարեպտուղ ձիթենի կոչեց, Բայց անոր վրայ մեծ աղմուկի ձայնով կրակ բռնկցուց, Եւ անոր ոստերը կոտրեցան: 17Ու քեզ տնկող զօրաց Տէրը Քու վրայովդ չարիք խօսեցաւ, Իսրայէլի տանը ու Յուդայի տանը չարութեանը համար` Զոր անոնք գործեցին, Եւ Բահաղի խունկ ծխելով` զիս բարկացուցին:
Դաւ մը Երեմիային կեանքին դէմ
18Եւ Տէրը ինծի գիտցուց, ու զանիկա գիտեմ. Այն ատեն ինծի անոնց գործերը ցուցուցիր: 19Բայց ես մորթուելու տարուող ընտանեցած գառի մը պէս էի, Ու չէի գիտեր որ անոնք ինծի համար նենգութիւններ կը հնարէին` ըսելով, Ծառը իր պտուղովը կործանենք, Եւ զանիկա կենդանիներուն երկրէն բնաջինջ ընենք, Որ անոր անունը մէյմըն ալ չյիշուի: 20Սակայն, ով Տէր զօրութեանց, արդար Դատաւոր, Որ երիկամունքը ու սիրտը կը քննես, Անոնցմէ առնելու վրէժդ տեսնեմ. Քանզի իմ դատս քեզի յայտնեցի: 21Ուստի Տէրը այսպէս կ’ըսէ Անաթովթի մարդոցը համար` Որոնք քու հոգիդ կը փնտռեն ու կ’ըսեն, Տէրոջը անունովը մարգարէութիւն մի ըներ, Որպէս զի մեր ձեռքերովը չմեռնիս: 22Անոր համար զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես անոնց այցելութիւն պիտի ընեմ. Կտրիճները սրով պիտի մեռնին, Անոնց տղաքները ու աղջիկները սովամահ պիտի ըլլան. 23Եւ անոնք մնացորդ պիտի չունենան. Վասն զի ես Անաթովթի մարդոցը վրայ, Անոնց այցելութեան տարին, չարիք պիտի բերեմ: