Երեմիա մարգարեյի գիրք

12

Երեմիա Տէրը կը հարցապնդէ

1Ով Տէր, երբ քեզի հետ վիճիմ, դուն արդար պիտի գտնուիս. Սակայն քեզի իրաւունքի վրայով պիտի խօսիմ. Ինչո՞ւ ամբարիշտներուն ճամբան յաջող է, Ու բոլոր նենգութիւն ընողները հանգստութիւն կը վայելեն: 2Դուն զանոնք տնկեցիր, և անոնք արմատացան: Անոնք կ’աճին ու կու տան. Դուն անոնց բերնին մօտ ես, Բայց անոնց երիկամունքէն հեռու ես: 3Եւ դուն, ով Տէր, զիս գիտես, Զիս տեսար ու իմ սիրտս քու առջևդ քննեցիր. Զատէ զանոնք մորթուելու ոչխարներու պէս, Եւ սպանման օրուան համար պատրաստէ: 4Մինչև ե՞րբ երկիրը սուգ պիտի բռնէ, Իր բնակիչներուն չարութեանը համար. Ու բոլոր դաշտին խոտը պիտի չորնայ. Անասունները ու թռչունները կորսուեցան, Վասն զի ըսին, Անիկա մեր վախճանը պիտի չտեսնէ: 5Եթէ դուն հետևակներուն հետ վազեցիր, ու քեզ յոգնեցուցին, Հապա ձիաւորներուն հետ ի՞նչպէս ասպարէզը պիտի մտնես. Եւ դուն որ խաղաղութեան երկրին մէջ ապահով ես. Ի՞նչ պիտի ընես` երբ Յորդանան գետը բարձրանայ: 6Քանզի քու եղբայրներդ ու քու հօրդ տունն ալ, Անոնք անգամ քեզի դէմ նենգութիւն ըրին, Եւ քու ետևէդ բարձրաձայն աղաղակեցին. Թէև անոնք քեզի աղէկ բաներ ալ խօսին, Դուն անոնց մի հաւատար:

Տէրոջը վիշտը իր ժողովուրդին համար

7Իմ տունս թողուցի, իմ ժառանգութիւնս ձգեցի, Հոգիիս սիրածը իր թշնամիներուն ձեռքը տուի: 8Իմ ժառանգութիւնս անտառի առիւծին պէս եղաւ ինծի, Անիկա իր ձայնովը իմ վրաս պոռաց. Այս պատճառաւ զանիկա ատեցի: 9Իմ ժառանգութիւնս գոյնզգոյն թÁռչունի մը պէս եղաւ ինծի, Թռչունները անոր չորս կողմն են. Եկէք. անապատին բոլոր գազանները ժողվեցէք, Բերէք որ ուտեն: 10Շատ հովիւներ իմ այգիս աւրեցին, Իմ բաժինս ոտնակոխ ըրին, Եւ իմ ցանկալի վիճակս անապատի ամայութեան դարձուցին: 11Զանիկա ամայութեան դարձուցին, Ու ամայի ըլլալով իմ առջևս սուգ բռնեց. Բոլոր երկիրը ամայութեան դարձաւ, Քանզի մարդ մը չկայ որ այս բաները մտածէ: 12Անապատին ամէն բլուրներուն վրայ աւառարուներ եկան. Վասն զի երկրին մէկ ծայրէն մինչև միւս ծայրը Տէրոջը սուրը կ’ուտէ, Եւ ամէն մարմնի խաղաղութիւն չկայ: 13Ցորեն ցանեցին, բայց փուշեր պիտի հնձեն. Աշխատանք քաշեցին, բայց օգուտ պիտի չտեսնեն. Ու Տէրոջը սաստիկ բարկութեանը համար Ձեր արդիւնքներէն պիտի ամչնաք:

Տէրոջը խոստումը Իսրայէլի դրացիներուն

14Այսպէս կ’ըսէ Տէրը իմ չար դրացիներուս համար, Որոնք իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի տուած ժառանգութեանս կը դպչին. Ահա ես զանոնք իրենց երկրին երեսէն պիտի խլեմ, Յուդայի տունն ալ անոնց մէջէն պիտի խլեմ: 15Ու պիտի ըլլայ որ զանոնք խլելէս ետքը Պիտի դառնամ անոնց ողորմիմ, Եւ ամէն մէկը իր ժառանգութեանը` Ու ամէն մէկը իր երկիրը պիտի դարձնեմ. 16Եւ եթէ անոնք իմ ժողովուրդիս ճամբաները սորվին, Ու իմ անունովս ընեն` ըսելով, Կենդանի է Տէրը, (Ինչպէս անոնք իմ ժողովուրդիս` Բահաղի անունովը երդում ընել սորվեցուցին,) Այն ատեն իմ ժողովուրդիս մէջ պիտի հաստատուին: 17Բայց եթէ մտիկ չընեն, Այն ատեն այն ազգը արմատաքի պիտի խլեմ Ու պիտի կորսնցնեմ, կ’ըսէ Տէրը:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981