Երեմիա մարգարեյի գիրք

14

Ահաւոր երաշտը

1Տէրոջը խօսքը որ Երեմիայի եղաւ երաշտութեան վրայով: 2Յուդա սուգ կը բռնէ, Եւ անոր դռները կը նուաղին. Անոնք գետնի վրայ տրտում կը նստին, Ու Երուսաղէմի աղաղակը վեր ելաւ: 3Եւ անոնց ազնուականները իրենց մանուկները ջուրի կը ղրկեն. Աւազանները գացին, չգտան, Եւ դարձան` իրենց ամանները պարապ բերելով. Ամչցան ու պատկառեցան և գլուխնին ծածկեցին: 4Երկրին վրայ անձրև չըլլալուն պատճառաւ Գետինը ճաթելուն համար` Երկրագործները ամչցան և գլուխնին ծածկեցին: 5Քանզի նաև եղնիկը դաշտի մէջ ծնաւ, Ու խոտ չըլլալուն համար իր ձագը թողուց: 6Ու վայրենի էշերը բլուրներու վրայ կայնեցան. Եւ չագալներու պէս օդը ծծեցին, Ու աչքերնին տկարացաւ, վասն զի խոտ չկար: 7Թէև մեր անօրէնութիւնները մեզի դէմ ելեր են, Սակայն, ով Տէր, քու անուանդ համար ըրէ, Քանզի մեր յանցանքները շատ են. Քեզի դէմ գործեցինք: 8Ով Իսրայէլի Յոյսը, Նեղութեան ատեն անոր Փրկիչը, Ինչո՞ւ համար երկրի վրայ հիւրի պէս, Ու գիշերը իջևան ընելու դարձող ճամբորդի պէս ըլլաս. 9Ինչո՞ւ համար ապշած մարդու պէս, Կամ ազատելու կարողութիւն չունեցող հզօրի մը պէս ըլլաս. Եւ դուն, ով Տէր, մեր մէջ ես, Ու քու անունդ մեր վրայ կոչուած է. Մեզ մի թողուր: 10Այսպէս կ’ըսէ Տէրը այս ժողովուրդին համար. Անոնք աստանդական շրջիլը այսպէս սիրեցին Եւ իրենց ոտքերը չզսպեցին, Ուստի Տէրը անոնց չհաւնեցաւ. Հիմա անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ, Ու անոնց մեղքերուն այցելութիւն պիտի ընէ: 11Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Այս ժողովուրդին բարիք ըլլալու համար մի ըներ: 12Եթէ անոնք ծոմ պահեն, Անոնց աղաղակը մտիկ պիտի չընեմ. Ու եթէ ողջակէզ կամ մատուցանեն, Զանոնք պիտի չընդունիմ. Հապա սրով, սովով և ժանտախտով Պիտի սպառեմ զանոնք: 13Ու ես ըսի, Աւա՜ղ, ով Տէր Եհովա, Ահա մարգարէները անոնց կ’ըսեն, Սուր պիտի չտեսնէք Ու ձեր մէջ սով պիտի չըլլայ, Հապա ձեզի այս տեղ ճշմարիտ խաղաղութիւն պիտի տամ: 14Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ, Մարգարէները իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն. Զանոնք ես չղրկեցի և անոնց չհրամայեցի Ու անոնց չխօսեցայ. Անոնք ձեզի սուտ տեսիլքներ, սնոտի գուշակութիւններ Եւ իրենց սրտին խաբէութիւնները կը մարգարէանան: 15Ուստի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Այն մարգարէներուն համար, որոնք իմ անունովս մարգարէութիւն կ’ընեն, (Թէպէտև զանոնք ես չղրկեցի,) Ու կ’ըսեն թէ Այս երկրին մէջ սուր ու սով պիտի չըլլայ, Այն մարգարէները սրով ու սովով պիտի կորսուին. 16Եւ այն ժողովուրդը, որոնց անոնք մարգարէութիւն կ’ընեն. Սուրին ու սովին պատճառաւ Երուսաղէմի փողոցները պիտի ձգուին. Եւ զանոնք, անոնց կիները, տղաքները ու աղջիկները Թաղող պիտի չգտնուի. Ու անոնց վրայ իրենց չարութիւնը պիտի թափեմ: 17Ուստի անոնց` այս խօսքը զրուցես. Գիշեր ու ցորեկ աչքերս արցունք պիտի թափեն Ու բնաւ պիտի չդադարին, Վասն զի իմ ժողովուրդիս կոյս աղջիկը մեծ կոտորածով, Խիստ սաստիկ հարուածով, կոտրեցաւ: 18Եթէ դաշտը ելլեմ` Ահա սրով մեռցուածներ, Եւ եթէ քաղաքը մտնեմ` Ահա սովով տկարացածներ կան. Վասն զի թէ՛ մարգարէն և թէ՛ քահանան Իրենց չգիտցած երկիրը կը պտըտին:

Ժողովուրդը Ասïուծոյ կը պաղատի

19Միթէ Յուդան բոլորովին մերժեցի՞ր. Քու հոգիդ Սիօնէ զզուեցա՞ւ. Մեզի ինչո՞ւ այնպէս զարկիր որ մեզի բժշկութիւն չկայ. Մենք խաղաղութեան սպասեցինք, բայց բարութիւն չկար. Բժշկութեան ժամանակին սպասեցինք, բայց ահա խռովութիւն եկաւ: 20Մենք, ով Տէր, մեր ամբարշտութիւնը Ու մեր հայրերուն տնօրէնութիւնը գիտենք, Վասն զի քեզի դէմ մեղք գործեցինք: 21Քու անուանդ համար մեզմէ մի զզուիր. Քու փառքիդ աթոռը մի անարգեր. Մեզի հետ ըրած ուխտդ յիշէ և զանիկա մի աւրեր: 22Միթէ հեթանոսաց ունայնութիւններուն մէջ անձրև տուող մը կա՞յ, Կամ թէ անձրևը երկինքնե՞րը կու տան. Չէ՞ որ ասիկա ընողը դուն ես, ով մեր Տէր Աստուածը. Ուստի քեզի կը յուսանք, Վասն զի ասոնց ամէնը դուն ըրիր:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)