Երեմիա մարգարեյի գիրք
15
Դատավճիռ Յուդայի ժողովուրդին համար
1Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Թէև Մովսէս ու Սամուէլ իմ առջևս կայնելու ըլլային, Այս ժողովուրդին վրայ հաճութիւն պիտի չունենայի. Զանոնք առջևէս վռնտէ, ու թող ելլեն: 2Եւ եթէ քեզի` Ո՞ւր ելլենք ըսեն, Այն ատեն անոնց ըսես, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Մահուան համար որոշուածները` մահուան, Ու սուրի համար որոշուածները` սուրի, Եւ սովի համար որոշուածները` սովի, Ու գերության համար որոշուածները գերության ելլեն: 3Եւ անոնց վրայ չորս տեսակ պատիժ պիտի ղրկեմ` կ’ըսէ Տէրը. Մեռցնելու համար` սուրը, Ու պատառելու համար` շուները, Եւ ուտելու ու ապականելու համար` Երկինքի թռչունները ու երկրի գազանները: 4Եւ զանոնք, նեղութիւն կրելու համար, Երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն ձեռքը պիտի մատնեմ, Յուդայի թագաւորին Եզեկիայի որդւոյն Մանասէի պատճառաւ, Անոր Երուսաղէմի մէջ ըրած բաներուն համար: 5Վասն զի ո՞վ քեզի պիտի խնայէ, ով Երուսաղէմ, Ու ո՞վ քեզի ցաւակից պիտի ըլլայ, Եւ քու որպիսութիւնդ հարցնելու համար ո՞վ պիտի դառնայ: 6Դուն զիս թողուցիր, կ’ըսէ Տէրը, ու ետ գացիր. Ես ալ իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ և քեզ պիտի կորսնցնեմ. Գթութիւն ընելէն ձանձրացայ: 7Ու զանոնք երկրին դռներուն մէջ պիտի հոսեմ իբր թէ հեծանոցով. Իմ ժողովուրդս անզաւակ պիտի թողում և պիտի կորսնցնեմ, Վասն զի անոնք իրենց ճամբաներէն չդարձան: 8Անոնց որբևարիները ծովուն աւազէն աւելի շատցան իմ առջևս. Անոնց վրայ ու երիտասարդին* մօրը վրայ Կէսօրուան ատեն աւարառու բերի. Անոր վրայ յանկարծ արհաւիրք ու սոսկում ձգեցի: 9Եօթը զաւակ ծնանողը նուաղեցաւ, Իր հոգին աւանդեց, Ցորեկուան ատեն անոր արևը մտաւ. Անիկա ամչցաւ ու պատկառեցաւ, Եւ անոնց մնացորդը իրենց թշնամիներուն առջև Սուրի պիտի մատնեմ, կ’ըսէ Տէրը:
Երեմիա Աստուծոյ կը գանգատի
10Վա՜յ ինծի, ով մայրս, Որ զիս բոլոր երկրի համար Կռիւի մարդ ու վէճի մարդ ծնար. Ոչ ես շահով ստակ տուի, Ոչ ալ ինծի շահով ստակ տուին, Սակայն ամէնը ինծի անէծք կու տան: 11Տէրը կ’ըսէ որ Անշուշտ քեզ պիտի ազատեմ, Ու երջանիկ պիտի ըլլաս. Եւ անշուշտ նեղութեան ու տառապանքի ժամանակ Թշնամիիդ քեզի աղաչել պիտի տամ: 12Միթէ երկաթը հիւսիսի երկաթը ու պղինձը կը կոտրէ՞: 13Քու բոլոր մեղքերուդ համար բոլոր սահմաններուդ մէջ Քու ստացուածքդ ու գանձերդ ձրիապէս յափշտակութեան պիտի մատնեմ. 14Եւ քեզ քու թշնամիներուդ հետ քու չգիտցած երկիրդ պիտի փոխադրեմ*. Վասն զի իմ բարկութենէս կրակ վառեցաւ, Ու ձեր վրայ պիտի բորբոքի: 15Ով Տէր, դուն իմ վիճակս գիտես. Զիս յիշէ և ինծի այցելութիւն ըրէ, Ու իմ հալածիչներէս իմ վրէժս առ. Քու երկայնմտութեանդ համար զիս մի վերցներ. Գիտցիր որ քեզի համար նախատինք կրեցի: 16Ես քու խօսքերդ գտածիս պէս` զանոնք կերայ, Եւ քու խօսքդ իմ սրտիս ցնծութիւն և ուրախութիւն եղաւ. Վասն զի քու անունդ իմ վրաս կոչուած է, Ով զօրաց Տէր Աստուած: 17Ծաղր ընողներուն ժողովքին մէջ չնստայ ու չզուարճացայ. Քու ձեռքիդ պատճառաւ առանձին նստայ, Վասն զի քու բարկութիւնովդ զիս լեցուցիր: 18Ինչո՞ւ իմ ցաւս մշտնջենաւոր` Եւ իմ վէրքս անդարմանելի է. Անիկա բժշկուիլ չուզեր. Դուն ինծի բոլորովին սուտ Ու անհաւատարիմ ջուրերու պէ՞ս պիտի ըլլաս: 19Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Եթէ դառնաս` ես քեզ ետ պիտի բերեմ, Ու իմ առջևս պիտի կայնիս. Եւ եթէ պատուականը անարգէն որոշես, Իմ բերնիս պէս պիտի ըլլաս. Անոնք քեզի դառնան, Բայց դուն անոնց մի դառնար: 20Ու քեզ այս ժողովուրդին` պղնձէ ամուր պարիսպի պէս պիտի ընեմ. Եւ քեզի հետ պիտի պատերազմին, Բայց պիտի չկրնան քեզ յաղթել. Վասն զի ես քեզի հետ եմ Քեզ փրկելու ու ազատելու համար, կ’ըսէ Տէրը: 21Եւ քեզ չարերուն ձեռքէն պիտի ազատեմ, Ու բռնաւորներուն ձեռքէն պիտի փրկեմ: