Երեմիա մարգարեյի գիրք
16
Աստուծոյ կամքը Երեմիային կեանքին համար
1Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ` ըսելով, 2Քեզի կին մի առներ, Ու այս տեղ տղաքներ ու աղջիկներ չունենաս. 3Քանզի այս տեղ ծնած տղաքներուն ու աղջիկներուն համար, Եւ այս երկրին մէջ զանոնք ծնանող մայրերուն համար, Ու զանոնք ծնանող հայրերուն համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. 4Անոնք մահառիթ հիւանդութիւններով պիտի մեռնին. Անոնց համար սուգ պիտի չբռնուի, ու անոնք պիտի չթաղուին. Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան, Եւ սրով ու սովով պիտի հատնին. Եւ անոնց դիերը երկինքի թռչուններուն Ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան: 5Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Սուգի տուն մի մտներ ու լալու մի երթար, Եւ անոնց համար մի ողբար, Վասն զի իմ խաղաղութիւնս այս ժողովուրդէն վերցուցի, կ’ըսէ Տէրը, Ողորմութիւնը ու գթութիւնը վերցուցի: 6Ու այս երկրին մէջ մեծերը ու պզտիկները Պիտի մեռնին և պիտի չթաղուին. Ու անոնց համար սուգ պիտի չընեն, Եւ իրենց մարմիններուն վրայ կտրածներ պիտի չընեն, Ու անոնց համար իրենց մազերը պիտի չփետեն: 7Եւ մեռելի մը վրայով մխիթարութիւն տալու համար Սուգի հաց պիտի չբաժնեն, Ու անոնց հայրերուն ու մայրերուն համար Մխիթարութեան բաժակը անոնց պիտի չխմցնեն: 8Նաև կոչունքի տուն մի մտներ, Որ անոնց հետ նստիս ուտելու և խմելու համար. 9Վասն զի Զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես այս տեղէն, ձեր աչքին առջևէն ու ձեր օրերուն մէջ Ցնծութեան ձայնը և ուրախութեան ձայնը, Փեսային ձայնը ու հարսին ձայնը պիտի դադարեցնեմ: 10Ու երբ այս բոլոր խօսքերը այս ժողովուրդին զրուցես, և անոնք քեզի ըսեն, Ինչո՞ւ համար Տէրը բոլոր այս մեծ չարիքը մեր վրայ խօսեցաւ, Ու ի՞նչ է մեր անօրէնութիւնը ու մեր մեղքը Զոր մեր Տէր Աստուծոյն դէմ գործեր ենք, 11Այն ատեն անոնց ըսես, Վասն զի ձեր հայրերը զիս թողուցին, կ’ըսէ Տէրը, Եւ ուրիշ աստուածներու ետևէ գացին, Ու անոնց ծառայութիւն ըրին և անոնց երկրպագութիւն ըրին. Զիս թողուցին ու իմ օրէնքս չպահեցին: 12Եւ դուք ձեր հայրերէն աւելի չարութիւն ըրիք. Եւ ահա ինծի մտիկ չընելով Ձեզմէ ամէն մէկը իր չար սրտին կամակորութեանը ետևէն գնաց. 13Ես ալ այս երկրին երեսէն ձեզ պիտի նետեմ Այնպիսի երկիր մը, զոր չէք ճանչնար Ոչ դուք` ոչ ալ ձեր հայրերը. Ու հոն ցորեկ ու գիշեր օտար աստուածներու ծառայութիւն պիտի ընէք, Վասն զի ձեզի ողորմութիւն պիտի չընեմ:
Աքսորէն վերադարձ
14Անոր համար ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Որ ա՛լ պիտի չըսուի թէ Կենդանի է Տէրը` Որ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանեց. 15Հապա` Կենդանի է Տէրը` Որ Իսրայէլի որդիները հանեց հիւսիսի երկրէն Եւ այն բոլոր երկիրներէն` ուր զանոնք քշեր էր. Ու զանոնք պիտի դարձնեմ իրենց երկիրը` Զոր իրենց հայրերուն տուի:
Գալիք պատուհասը
16Ահա ես շատ ձկնորսներ բերել պիտի տամ, կ’ըսէ Տէրը, Ու զանոնք պիտի որսան, Եւ անկէ ետքը շատ որսորդներ բերել պիտի տամ, Ու զանոնք ամէն լեռան վրայէն Եւ ամէն բլուրի վրայէն Ու վէմերուն ծակերէն պիտի որսան: 17Վասն զի իմ աչքերս անոնց ամէն ճամբաներուն վրայ են. Իմ երեսէս ծածկուած չեն, Ու անոնց անօրէնութիւնը իմ աչքերուս առջևէն պահուած չէ: 18Եւ նախ անոնց անօրէնութեանը ու մեղքին Կրկնապատիկ հատուցում պիտի ընեմ, Որովհետև իմ երկիրս պղծեցին, Եւ իրենց գարշութիւններուն ու պղծութիւններուն դիերովը Իմ ժառանգութիւնս լեցուցին: 19Ով Տէր, իմ զօրութիւնս և իմ բերդս Ու իմ ապաստանարանս նեղութեան օրը, Երկրի ծայրերէն ազգերը քեզի պիտի գան Ու պիտի ըսեն, Իրաւցընէ մեր հայրերը ստութիւն, Ունայնութիւն ու անօգուտ բաներ ժառանգեցին: 20Միթէ մարդ իրեն աստուածնե՞ր պիտի ընէ. Ու անոնք աստուածներ չեն: 21Անոր համար ահա ես անոնց այս անգամ պիտի գիտցնեմ, Իմ ձեռքս ու իմ զօրութիւնս պիտի գիտցնեմ անոնց. Եւ պիտի գիտնան որ իմ անունս Եհովա է: