Երեմիա մարգարեյի գիրք

17

Յուդային մեղքը և պատիժը

1Յուդայի մեղքը երկաթի գրիչով Ու ադամանդի ծայրով գրուած է. Անոնց սրտին տախտակին վրայ Եւ անոնց սեղաններուն եղջիւներուն վրայ փորուած է. 2Որպէս զի անոնց տղաքը միտքերնին բերեն Անոնց սեղանները ու անոնց Աստարովթի կուռքերը, Որոնք կանանչ ծառերուն քով բարձր բլուրներուն վրայ շինուած էին: 3Ով իմ լեռս* որ դաշտի մէջ ես, Քու ստացուածքդ, քու բոլոր գանձերդ, Ու բոլոր սահմաններուդ մէջ մեղքի համար շինուած բարձր տեղերդ Յափշտակութեան պիտի մատնեմ: 4Եւ դուն ալ պիտի զրկուիս քու ժառանգութենէդ զոր քեզի տուի. Եւ քու չգիտցած երկրիդ մէջ Քու թշնամիներուդ ծառայ պիտի ընեմ քեզ. Վասն զի իմ բարկութեանս մէջ կրակ վառեցիք. Որ յաւիտեան պիտի բորբոքի:

Զանազան ասացուածքներ

5Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Անիծեալ ըլլայ այն մարդը` որ մարդու կ’ապաւինի, Ու մարմինը իրեն բազուկ կ’ընէ, Եւ իր սիրտը Տէրոջմէ կը խոտորի: 6Անիկա անապատի մէջ մոշայի պէս պիտի ըլլայ. Ու երբ աղէկութիւն գայ պիտի չտեսնէ, Եւ անապատին այրուած տեղերը` Աղի ու անբնակ երկրի մէջ պիտի բնակի: 7Օրհնեալ ըլլայ այն մարդը` որ Տէրոջը կ’ապաւինի, Ու անոր յոյսը Տէրն է: 8Անիկա ջուրերու քով տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, Որ իր արմատները գետի քով երկնցնելով, Տաքութեան գալը չտեսներ. Հապա անոր տերևը կանանչ կ’ըլլայ, Ու երաշտութեան տարին նեղութիւն չքաշեր, Ու տալէն ետ չմնար: 9Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, Զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ: 10Ես Տէրս սիրտը կը քննեմ, Երիկամունքները կը փորձեմ, Որպէս զի մարդուն` իր ճամբաներուն համեմատ Ու իր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընեմ: 11Անիրաւութեամբ հարստութիւն դիզողը` Իր չածած հաւկիթներով թուխսի նստող կաքաւի պէս է. Զանիկա իր օրերուն կէսին պիտի թողու, Ու վերջը անմիտ պիտի ըլլայ: 12Մեր սրբարանին տեղը Ի սկզբանէ փառաւոր ու բարձր աթոռ է: 13Ով Տէր, Իսրայէլի յոյսը, Ամէն անոնք որ քեզ կը թողուն` պիտի ամչնան, Քեզմէ հեռացողները երկրի հողին վրայ պիտի գրուին, Վասն զի Տէրը, կենաց ջուրին աղբիւրը, թողուցին:

Երեմիա Տէրոջը օգնութիւնը կը խնդրէ

14Ով Տէր, զիս բժշկէ ու պիտի բժշկուիմ, Զիս փրկէ ու պիտի փրկուիմ. Վասն զի իմ պարծանքս դուն ես: 15Ահա անոնք ինծի կ’ըսեն, Տէրոջը խօսքը ո՞ւր է. հիմա թող գայ: 16Բայց ես քու ետևէդ` ըլլալէն չփախայ, Ու չարիքի օրուան չցանկացայ, ինչպէս դուն գիտես. Իմ շրթունքներէս ելածը քու առջևդ էր: 17Ինծի արհաւիրք մի ըլլար. Նեղութեան օրը իմ ապաւէնս դուն ես: 18Զիս հալածողները թող ամչնան, ու ես չամչնամ. Թող անոնք զարհուրին, ու ես չզարհուրիմ. Անոնց վրայ թշուառութեան օրը բեր, Եւ զանոնք կրկին կոտորածով կոտրէ:

Շաբաթը պահել

19Տէրը այսպէս ըսաւ ինծի. Գնա, ու ժողովուրդին որդիներուն դուռը, ուրկէ Յուդայի թագաւորները կը մտնեն ու կ’ելլեն, ու Երուսաղէմի ամէն դռները կայնէ. 20Եւ անոնց ըսէ, Ով Յուդայի թագաւորներ, ու բոլոր Յուդա, ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներ որ այս դռներէն կը մտնէք, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք. 21Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ձեր անձերուն զգուշութիւն ըրէք, և օրը բեռ մի վերցնէք, ու Երուսաղէմի դռներէն ներս մի բերէք. 22Եւ շաբաթ օրը ձեր տուներէն դուրս բեռ մի հանէք, ու բնաւ գործ մը չընէք. հապա շաբաթ օրը սուրբ պահեցէք, ինչպէս ձեր հայրերուն պատուիրեցի. 23Բայց անոնք մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին, հապա իրենց պարանոցը խստացուցին որպէս զի մտիկ չընեն ու խրատ չընդունին: 24Իսկ եթէ ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ընէք, կ’Áսէ Տէրը, որ շաբաթ օրը այս քաղաքին դռներէն ներս բեռ չբերէք, ու շաբաթ օրը սուրբ պահէք` բնաւ անոր մէջ գործ մը չընելով, 25Այն ատեն Դաւիթի աթոռին վրայ նստող թագաւորներ ու իշխաններ, կառքերու ու ձիերու վրայ հեծած, այս քաղաքին դռներէն պիտի մտնեն, իրենք և իրենց իշխանները, Յուդայի մարդիկը ու Երուսաղէմի բնակիչները. ու այս քաղաքը յաւիտեան պիտի մնայ: 26Եւ Յուդայի քաղաքներէն ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերէն, ու Բենիամինի երկրէն և դաշտերէն ու լեռներէն ու հարաւէն պիտի գան, և ողջակէզ ու և հացի ընծայ ու պիտի բերեն, և Տէրոջը տունը շնորհակալութեան ընծաներ պիտի բերեն: 27Բայց եթէ ինծի մտիկ չընէք, որ շաբաթ օրը սուրբ պահէք ու շաբաթ օրը բեռ չվերցնէք ու Երուսաղէմի դռներէն ներս չմտնէք, ես ալ անոր դռներուն մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ. ու Երուսաղէմի պալատները պիտի ուտէ, ու պիտի չմարի:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)