Երեմիա մարգարեյի գիրք
18
Երեմիա բրուտին տանը մէջ
1Տէրոջը կողմանէ Երեմիայի խօսքն է զոր ըսաւ, 2Ելիր ու բրուտին տունը իջիր, և հոն քեզի իմ խօսքերս լսել տամ: 3Ու ես բրուտին տունը իջայ, և ահա անիկա ճախարակով կը գործէր: 4Ու կաւէ շինած ամանը բրուտին ձեռքին մէջ աւրուեցաւ. և զանիկա նորէն ուրիշ աման մը շինեց` ինչպէս բրուտին հաճոյ եղաւ որ ընէ: 5Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ` ըսելով, 6Միթէ ձեզի` այս բրուտին ըրածին պէս ընելու կարող չե՞մ, Ով Իսրայէլի տունը, կ’ըսէ Տէրը. Ահա ինչպէս է կաւը բրուտին ձեռքին մէջ, Դուք իմ ձեռքիս մէջ այնպէս էք, ով Իսրայէլի տունը: 7Երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ Թէ պիտի քակեմ, պիտի փլցնեմ ու պիտի կորսնցնեմ, 8Եթէ այն ազգը, որուն վրայով խօսեցայ, իր չարութենէն դառնայ, Ես ալ պիտի զղջամ այն չարիքին համար` զոր անոր ընել մտածեր էի: 9Իսկ երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ Թէ պիտի շինեմ ու պիտի տնկեմ, 10Եթէ անիկա իմ խօսքս մտիկ չընելով` իմ առջևս չարութիւն ընէ, Ես ալ պիտի զղջամ այն բարիքին համար` զոր ըսեր էի թէ անոր պիտի ընեմ: 11Եւ հիմա Յուդայի մարդիկներուն Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն խօսէ ու ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես ձեզի համար չարիք կը պատրաստեմ, Ու ձեզի համար խորհուրդ մը կը խորհիմ. Հիմա ամէն մէկդ ձեր չար ճամբաներէն դարձէք, Եւ ձեր ճամբաները ու ձեր գործերը ուղղեցէք: 12Բայց անոնք կ’ըսեն, Յոյս չկայ. Վասն զի մենք մեր խորհուրդներուն ետևէն պիտի երթանք, Ու ամէն մէկս մեր չար սրտին կամակáրութեանը պէս պիտի ընենք:
Ժողովուրդը կը մերժէ Տէրը
13Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Հիմա ազգերուն մէջ հարցուցէք, Այսպիսի բան մը ո՞վ լսեր է: Իսրայէլի կոյսը խիստ սոսկալի բան ըրաւ: 14Միթէ Լիբանանի ձիւնը արտին վէմէն* կը պակսի՞, Կամ հեռուէն վազող ցուրտ ջուրերը կը ցամքի՞ն: 15Բայց իմ ժողովուրդս զիս մոռցաւ. Ունայնութիւններու խունկ ծխեցին. Ու զանոնք իրենց քալած հին ճամբաներուն մէջ սահեցուցին, Որպէս զի ուրիշ շաւիղներու մէջ, չշիտկուած ճամբայի մէջ, քալեն, 16Որպէս զի իրենց երկիրը աւերակ, Ու յաւիտեան սուլելու ենթակայ ընեն. Անկէ ամէն անցնողը պիտի հիանայ Ու գլուխը պիտի շարժէ: 17Զանոնք թշնամիին առջև պիտի ցրուեմ Իբր թէ արևելեան հովով, Անոնց թշուառութեան օրը Անոնց կռնակ պիտի ցուցնեմ և ոչ թէ երես:
Դաւ մը Երեմիային դէմ
18Ու ըսին, Եկէք, Երեմիայի դէմ հնարքներ խորհինք. Վասն զի քահանայէն օրէնք Ու իմաստունէն խորհուրդ Եւ մարգարէէն խօսք պիտի չկորսուի. Եկէք, զանիկա լեզուով զարնենք, Ու անոր ամէն խօսքերուն ականջ չտանք: 19Ով Տէր, ինծի ականջ տուր, Ու ինծի հետ վէճ ընողներուն ձայնը լսէ: 20Միթէ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցուի՞. Վասն զի անոնք իմ անձիս համար փոս փորեցին. Յիշէ որ քու առջևդ կայնեցայ, Որպէս զի անոնց համար բարեխօսութիւն ընեմ, Ու քու բարկութիւնդ անոնցմէ դարձնեմ: 21Անոր համար անոնց տղաքները սովի մատնէ, Ու զանոնք սուրին ձեռքը յանձնէ. Անոնց կիները անզաւակ ու որբևարի ըլլան, Եւ այրերը մահով կոտրուին, Ու երիտասարդները պատերազմի մէջ սրով զարնուին: 22Երբ անոնց վրայ յանկարծակի ասպատակող գունդեր բերես, Անոնց տուներէն աղաղակ լսուի. Վասն զի զիս բռնելու համար փոս փորեցին, Եւ իմ ոտքերուս համար ծածուկ որոգայթներ լարեցին: 23Ու դուն, ով Տէր, գիտես անոնց բոլոր խորհուրդը Ինծի դէմ, զիս մեռցնելու համար. Անոնց անօրէնութիւնը մի քաւեր, Եւ անոնց մեղքը քու առջևէդ մի ջնջեր. Հապա անոնք քու առջևդ կործանին. Քու բարկութեանդ ատենը անոնց այցելութիւն ըրէ: