Երեմիա մարգարեյի գիրք
2
Աստուծոյ հոգածութիւնը Իսրայէլի
1Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով, 2Գնա ու Երուսաղէմի ականջներուն կանչէ ու ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Անապատին մէջ այն չցանուած երկիրը Իմ ետևէս եկած ատենդ` Քու մանկութեանդ քաղցրութիւնը, Քու հարսնութեանդ սէրը քեզի համար յիշեցի: 3Իսրայէլ Տէրոջը սուրբ էր, Անոր արմտիքներուն երախայրին էր. Ամէն անոնք որ զանիկա կ’ուտէին` յանցաւոր կ’ըլլային. Անոնց վրայ չարիք կը հասնէր, կ’ըսէ Տէրը: 4Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք, ով Յակոբի տունը, Ու Իսրայէլի տանը բոլոր ազգատոհմները.
Իսրայէլի նախահայրերուն մեղքը
5Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ձեր հայրերը ի՞նչ անիրաւութիւն գտան իմ վրաս, Որ ինծմէ հեռացան, Եւ ունայնութեան ետևէ երթալով ունայն եղան. 6Ու չըսին թէ Ո՞ւր է Տէրը Որ մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեց. Որ մեզ անապատէն պտըտցուց, Ամայութեան և փոսերու երկրէն, Չորութեան և մահուան ստուերի երկրէն, Այնպիսի երկրէ մը՝ ուրկէ մարդ չէր անցներ, Ու հոն մարդ չէր բնակեր: 7Եւ ձեզ բարեբեր երկիր մը բերի, Որպէս զի անոր պտուղը ու բարիքը ուտէք. Եւ դուք մտաք ու իմ երկիրս անմաքուր ըրիք, Եւ իմ ժառանգութիւնս պղծեցիք: 8Քահանաները չըսին թէ Տէրը ո՞ւր է, Ու օրինաց վարդապետները զիս չճանչցան, Եւ հովիւները ինծմէ ապստամբեցան, Ու մարգարէները Բահաղով մարգարէութիւն ըրին, Եւ անօգուտ բաներու ետևէ գացին:
Տէրոջը դատը իր ժողովուրդին դէմ
9Ասոր համար ձեզի հետ տակաւին պիտի վիճիմ, կ’ըսէ Տէրը, Ու ձեր որդւոց որդիներուն հետ պիտի վիճիմ: 10Վասն զի Կիտացւոց կղզիները անցէք ու նայեցէք, Եւ Կեդար մարդ ղրկեցէք ու աղէկ հասկըցէք, Եւ տեսէք թէ այսպիսի բան մը եղե՞ր է. 11Միթէ ազգ մը իր աստուածները փոխե՞ց, Թէև անոնք Աստուած չեն. Բայց իմ ժողովուրդս իր Փառքը Անօգուտ բանի հետ փոխեց: 12Ով երկինք. ասոր վրայ զարմացէք. Ապշեցէք ու խիստ սոսկացէք, կ’ըսէ Տէրը. 13Վասն զի իմ ժողովուրդս երկու չարութիւն գործեց, Զիս, կենաց ջուրին աղբիւրը, թողուցին, Եւ իրենց գուբեր փորեցին, Ծակոտ գուբեր` որոնք չեն կրնար ջուր պահել: 14Միթէ Իսրայէլ ծառա՞յ է, Կամ ծառայի՞ զաւակ* է. Անիկա ինչո՞ւ համար յափշտակութեան մատնուեցաւ. 15Անոր վրայ առիւծի կորիւնները գոչեցին Ու ձայներնին հանեցին, Եւ անոր երկիրը աւերակ ըրին. Անոր քաղաքները այրեցան, անբնակ եղան:
Իսրայէլի անհաւատարմութեան արդիւնքը
16Մեմփացւոց ու Տափնացւոց տղաքները անգամ Քու գլխուդ գագաթը կոտրեցին: 17Չէ՞ որ ասիկա դուն քու վրադ բերիր Քու Տէր Աստուածդ ձգելով, Երբ անիկա ճամբուն մէջ քեզի առաջնորդութիւն կ’ընէր: 18Եւ հիմա դուն Եգիպտացւոց ճամբան ի՞նչ բան ունիս, Որ Սիովրի ջուրը խմելու կ ’երթաս. Կամ Ասորեստանի ճամբան ի՞նչ բան ունիս, Որ Գետին ջուրը խմելու կ ’երթաս: 19Քու չարութիւնդ քեզ պիտի խրատէ, Ու քու անհաւատարմութիւններդ քեզ պիտի յանդիմանեն. Արդ գիտցիր ու տես թէ գէշ ու դառն բան մըն է, Որ քու Տէր Աստուածդ կը թողուս Եւ քու վրադ իմ վախս չկայ, Կ’ըսէ զօրաց Եհովա Տէրը:
Իսրայէլ կը մերժէ Տէրը պաշտել
20Վասն զի քու լուծդ շատոնցմէ կոտրեցի, Քու կապանքներդ փրցուցի, Ու դուն ըսիր, Օրինազանց չեմ ըլլար. Սակայն* ամէն բարձր բլուրի վրայ Եւ ամէն կանանչ ծառի տակ Ծռեցար` պոռնկութիւն ըրիր: 21Ու ես քեզ ընտիր որթ Ու բոլորովին հարազատ սերմ տնկեր էի, Եւ դուն ի՞նչպէս վայրենի որթի անպիտան ճիւղերու պէս եղար ինծի: 22Եթէ բորակով լուացուիս Ու շատ օճառ ալ գործածես, Քու անօրէնութիւնդ առջևս բիծի պէս կը մնայ, Կ’ըսէ Տէր Եհովա: 23Ի՞նչպէս կրնաս ըսել, Ես չպղծուեցայ, Բահաղի ետևէն չգացի. Հովիտին մէջ քու ճամբադ նայէ, Ինչ ըրածդ գիտցիր, Ով խոտորնակ ճամբաներ պտըտող արագընթաց տաճիկ ուղտ: 24Անապատը սովորած վայրենի էշը, Որ իր հոգւոյն ցանկութիւնովը օդը կը ծծէ, Իր ցանկութենէն ո՞վ կրնայ ետ դարձնել. Զանիկա ամէն փնտռողները չեն յոգնիր, Զանիկա իր ամսուն մէջ կը գտնեն: 25Ոտքդ մերկութենէ ու կոկորդդ ծարաւէ ետ պահէ. Բայց դուն ըսիր, Անկարելի է*, չըլլար. Վասն զի օտարները սիրեր եմ, Ու անոնց ետևէն պիտի երթամ:
Իսրայէլ պատիժի կ’արժանանայ
26Ինչպէս գողը բռնուած ատեն կ’ամչնայ. Այսպէս պիտի ամչնան Իսրայէլի տունը, Իրենք, իրենց թագաւորները ու իշխանները Եւ քահանաները ու մարգարէները. 27Որոնք փայտին կ’ըսեն, Դուն իմ հայրս ես, Ու քարին` Դուն զիս ծնար. Քանզի ինծի կռնակ դարձուցին և ոչ թէ երես. Բայց իրենց ձախորդութեան ժամանակը կ’ըսեն, Ելիր ու մեզ ազատէ: 28Եւ ո՞ւր են քու աստուածներդ, զորոնք քեզի շինեցիր. Եթէ քու ձախորդութեանդ ժամանակը քեզ կրնան ազատել, թող ելլեն. Վասն զի քու աստուածներդ, ով Յուդա, Քու քաղաքներուդ թիւին չափ եղան: 29Ինչո՞ւ համար ինծի հետ կը վիճիք. Դուք ամէնդ ինծմէ ապստամբեցաք, կ’ըսէ Տէրը: 30Պարապ տեղ ձեր տղաքը ծեծեցի. Անոնք խրատ չառին. Ձեր սուրը ապականարար առիւծի պէս Ձեր մարգարէները կերաւ: 31Ով ազգ, Տէրոջը խօսքին նայեցէք. Միթէ ես անապա՞տ եղայ Իսրայէլի, Կամ մութ երկի՞ր մը. Իմ ժողովուրդս ինչո՞ւ կ’ըսեն, Մենք ինքնագլուխ կը պտըտինք, Մէյմըն ալ քեզի չենք գար: 32Միթէ կոյսը իր զարդերը, Կամ հարսը իր գօտին կը մոռնա՞յ. Բայց իմ ժողովուրդս անթիւ օրեր զիս մոռցաւ: 33Սէր փնտռելու համար` ինչո՞ւ քու ճամբադ աղէկ կը ցուցնես, Այնպէս որ քու ճամբաներդ չար կիներուն ալ սորվեցուցիր: 34Նաև քու քղանցքներուդ վրայ Անմեղ աղքատներուն հոգիներուն արիւնները գտնուեցան. Զանոնք գաղտուկ տեղեր չգտայ, Հապա այս ամէն բաներուն վրայ: 35Բայց դուն կ’ըսես թէ Անմէղ ըլլալուս համար Անոր բարկութիւնը անշուշտ ինծմէ պիտի դառնայ: Ահա ես քեզի հետ դատ պիտի վարեմ Ես մեղք չգործեցի` ըսելուդ համար: 36Ինչո՞ւ ճամբադ փոխելով այսչափ կը թափառիս. Դուն Եգիպտոսէ ալ պիտի ամչնաս, Ինչպէս Ասորեստանէ ամչցար: 37Դուն ասկէ ալ պիտի ելլես Ձեռքերդ գլխուդ վրայ դրած. Քանզի Տէրը քու յոյսերդ մերժեց, Ու անոնցմով յաջողութիւն պիտի չունենաս:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981