Երեմիա մարգարեյի գիրք
20
Երեմիային բաղխումը Փասուրին հետ
1Եւ Տէրոջը տանը գլխաւոր վերակացուն Եմմերի որդին Փասուր քահանան լսեց այս խօսքերը զորոնք Երեմիա կը մարգարէանար: 2Ու Փասուր Երեմիա մարգարէին զարկաւ, և զանիկա Տէրոջը տանը մէջ եղող` Բենիամինի վերի դրանը կոճղը դրաւ: 3Ու հետևյալ օրը Փասուր Երեմիան կոճղէն հանեց: Ու Երեմիա անոր ըսաւ, Տէրը քու անունդ Փասուր չկոչեց, հապա Մակոր-միսսապիպ. 4Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես քեզ արհաւիրք պիտի ընեմ քու անձիդ ու քու բոլոր բարեկամներուդ. և անոնք իրենց թշնամիներուն սրովը պիտի իյնան, ու քու աչքերդ պիտի տեսնեն. և բոլոր Յուդան Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի մատնեմ. ու զանոնք Բաբելոն գերի պիտի տանի, ու զանոնք սրով պիտի զարնէ: 5Եւ այս քաղաքին բոլոր հարստութիւնը ու անոր բոլոր վաստակը ու անոր բոլոր պատուական բաները պիտի տամ. և Յուդայի թագաւորներուն բոլոր գանձերը իրենց թշնամիներուն ձեռքը պիտի տամ. և զանոնք պիտի յափշտակեն ու առնեն և Բաբելոն տանին: 6Եւ դուն. ով Փասուր, ու քու տանդ բոլոր բնակիչները, գերության պիտի երթաք. և Բաբելոն պիտի երթաս, ու հոն պիտի մեռնիս, և հոն պիտի թաղուիս թէ՛ դուն և թէ՛ քու բոլոր բարեկամներդ, որոնց սուտ մարգարէութիւն ըրիր:
Երեմիա Աստուծոյ կը գանգատի
7Զիս համոզեցիր, ով Տէր ու ես համոզուեցայ. Դուն ինծմէ զօրաւոր ես ու յաղթեցիր. Ամէն օր խաղք եղայ, Ամէնը զիս ծաղր կ’ընեն: 8Քանզի քանի որ կը խօսիմ, կ’աղաղակեմ Եւ բռնութեան ու զրկանքի համար կը բողոքեմ. Վասն զի Տէրոջը խօսքը ամէն օր նախատինք ու անարգանք եղաւ ինծի: 9Ու ես ըսի, Զանիկա չյիշեմ, Եւ մէյմըն ալ անոր անունովը չխօսիմ. Բայց սրտիս մէջ վառած կրակի պէս եղաւ` ոսկորներուս մէջ գոցուած. Եւ յոգնեցայ զանիկա կրելէն ու ալ չեմ կրնար: 10Վասն զի շատերէն չարախօսութիւն լսեցի, Ամէն կողմանէ վախ եղաւ: Բամբասեցէք, ու բամբասենք` ըսին. Իմ բոլոր բարեկամներս իմ սխալիլս կը դիտէին`ըսելով*, Թերևս անիկա խաբուի, ու անոր յաղթենք Եւ անկէ մեր վրէժը առնենք: 11Բայց Տէրը ինծի հետ է զօրաւոր ախոյեանի պէս. Անոր համար զիս հալածողները պիտի գլորին ու պիտի չյաղթեն. Անոնք խիստ պիտի ամչնան, քանզի անխելքութեամբ կը վարուին, Անոնց կրելու անարգանքը յաւիտեան պիտի չմոռցուի: 12Բայց դուն, ով զօրաց Տէր, որ արդարը կը փորձես, Երիկամունքը ու սիրտը կը տեսնես, Անոնց վրայ քու վրէժխնդրութիւնդ տեսնեմ. Քանզի իմ դատս քեզի յայտնեցի: 13Տէրոջը երգեցէք, Տէրը գովեցէք. Քանզի տնանկին հոգին չարագործներուն ձեռքէն ազատեց: 14Անիծեալ ըլլայ այն օրը երբ ես ծնայ. Իմ մօրս զիս ծնած օրը օրհնեալ չըլլայ: 15Անիծեալ ըլլայ այն մարդը որ իմ հօրս աւետիս բերաւ, Ու զանիկա խիստ շատ ուրախացուց` ըսելով, Քեզի արու զաւակ մը ծնաւ: 16Եւ այն մարդը այն քաղաքներուն պէս ըլլայ` Զորոնք Տէրը կործանեց ու չխնայեց. Անիկա առաւօտուն ողբ լսէ, Ու կէսօրուան ատեն աղաղակ: 17Վասն զի մօրս արգանդէն զիս չմեռցուց, Որ մայրս ինծի գերեզման ըլլար, Եւ անոր արգանդը յաւիտեան յղի մնար: 18Ինչո՞ւ այսպէս մօրս արգանդէն ելայ Որ աշխատանք ու ցաւ տեսնեմ, Եւ իմ օրերս ամօթով սպառին: