Երեմիա մարգարեյի գիրք
21
Երուսաղէմի պարտութիւնը կը գուշակուի
1Տէրոջը կողմանէ Երեմիայի եղած խօսքն է, երբ Սեդեկիա թագաւորը Մեղքիայի որդին Փասուրը ու Մաասիայի որդին Սոփոնիա քահանան անոր ղրկեց` ըսելով, 2Շնորհք ըրէ, մեզի համար Տէրոջը հարցուր, վասն զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը մեզի հետ պատերազմ կ’ընէ. թերևս Տէրը մեզի համար իր բոլոր սքանչելիքներուն համեմատ ընէ. և անիկա մեզմէ դառնայ*: 3Եւ Երեմիա անոնց ըսաւ, Սեդեկիայի այսպէս ըսէք. 4Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես ձեր ձեռքերուն մէջ եղող պատերազմական զէնքերը պիտի դարձնեմ, որոնցմով դուք պարսպին դուրսէն ձեզ պաշարող Բաբելոնի թագաւորին ու Քաղդէացիներուն հետ կը պատերազմիք. և զանոնք այս քաղաքին մէջ պիտի ժողվեմ: 5Ու ես ալ երկնցած ձեռքով և զօրաւոր բազուկով, սրտմտութեամբ, բարկութեամբ ու մեծ ցասումով ձեզի հետ պիտի պատերազմիմ: 6Եւ այս քաղաքին բնակիչները, թէ՛ մարդ և թէ՛ անասուն պիտի զարնեմ. անոնք մեծ ժանտախտով պիտի մեռնին: 7Ու անկէ ետքը, կ’ըսէ Տէրը, Յուդայի թագաւորը Սեդեկիան, և անոր ծառաները ու ժողովուրդը, և այս քաղաքին մէջ ժանտախտէն, սուրէն ու սովէն մնացածները, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը, և անոնց թշնամիներուն ձեռքը, ու անոնց հոգիները փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ. և զանոնք սուրի բերնէ պիտի անցընէ, անոնց պիտի չխնայէ, պիտի չգթայ ու ողորմութիւն պիտի չընէ: 8Եւ այս ժողովուրդին ըսես, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես ձեր առջև կը դնեմ կեանքի ճամբան ու մահուան ճամբան: 9Այս քաղաքին մէջ կեցողը սրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ ելլողը ու ձեզ պաշարող Քաղդէացիներուն իյնողը ողջ պիտի մնայ, ու անոր կեանքը իրեն աւարի մը պէս պիտի ըլլայ: 10Քանզի իմ երեսս այս քաղաքին վրայ հաստատեցի չարիք ընելու համար և ոչ թէ բարիք, կ’ըսէ Տէրը. անիկա Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի, ու զանիկա կրակով պիտի այրէ:
Յուդայի արքայական տան դատաստանը
11Եւ Յուդայի թագաւորին տանը ըսես, Տէրոջը խօսքը լսեցէք. 12Ով Դաւիթի տունը, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Առտուանց իրաւունքով դատաստան տեսէք, ու զըրկուածը հարստահարողին ձեռքէն ազատեցէք. չըլլայ որ ձեր չար գործերուն համար իմ բարկութիւնս կրակի պէս ելլելով բռնկի, ու մարող մը չըլլայ: 13Ահա ես ձեզի դէմ եմ, ով հովիտին, դաշտական վէմին, բնակիչները, որ կ’ըսէք թէ Մեզի դէմ ո՞վ պիտի իջնէ, կամ մեր բնակարաններուն մէջ ո՞վ պիտի մտնէ. 14Բայց ես ձեզի ձեր գործերուն պտուղին համեմատ այցելութիւն պիտի ընեմ, կ’ըսէ Տէրը, ու անոր անտառին մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ, որ անոր ամէն բոլորտիքը եղածը պիտի ուտէ: