Երեմիա մարգարեյի գիրք
22
Երեմիային պատգամը Յուդայի արքայական տան
1Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Յուդայի թագաւորին տունը իջիր, 2Ու հոն այս խօսքը խօսէ, ու ըսէ, Ով Դաւիթի աթոռին վրայ նստող Յուդայի թագաւոր, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէ, Թէ՛ դուն և թէ՛ քու ծառաներդ ու ժողովուրդդ, Որ այս դռներէն կը մտնէք: 3Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Իրաւունք ու արդարութիւն ըրէք, Ու զրկուածը հարստահարողին ձեռքէն ազատեցէք, Եւ օտարականին, որբին ու որբևարիին Անիրաւութիւն ու բռնութիւն մի ընէք, Եւ այս տեղ անմեղ արիւն մի թափէք: 4Վասն զի եթէ ամէն կերպով այս խօսքը ի գործ դնէք, Այն ատեն Դաւիթի աթոռին վրայ նստող թագաւորներ Կառքերու ու ձիերու վրայ հեծած` Այս տանը դռներէն պիտի մտնեն, Իրենք և իրենց ծառաները ու ժողովուրդը: 5Բայց եթէ այս խօսքերը մտիկ չընէք, Իմ անձիս վրայ երդում կ’ընեմ, կ’ըսէ Տէրը, Որ այս տունը աւերակ պիտի ըլլայ: 6Քանզի Յուդայի թագաւորին տանը վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Դուն թէև ինծի Գաղաադու պէս Ու Լիբանանու գագաթին պէս ես, Սակայն անշուշտ քեզ անապատի պէս Ու անբնակ քաղաքներու պէս պիտի ընեմ. 7Եւ քու վրադ կործանողներ պիտի հանեմ. Ամէն մէկը իր զէնքովը պիտի գայ, Ու քու ընտիր եղևիններդ պիտի կտրեն Եւ կրակը ձգեն: 8Ու այս քաղաքէն շատ ազգեր պիտի անցնին. Եւ իրարու պիտի ըսեն, Ինչո՞ւ համար Տէրը այս մեծ քաղաքին այսպէս ըրաւ: 9Եւ պիտի ըսեն, Վասն զի իրենց Տէր Աստուծոյն ուխտը թողուցին, Եւ ուրիշ աստուածներու երկրպագութիւն ըրին ու անոնց ծառայեցին: 10Մեռնողին համար մի լաք, Ու անոր համար մի ողբաք. Հապա գացողին համար դառնապէս լացէք, Որովհետև մէյմըն ալ պիտի չդառնայ, Ու իր հայրենիքը պիտի չտեսնէ: 11Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Յուդայի թագաւորին Յովսիայի որդւոյն Սեղղումի համար, Որ իր հօրը Յովսիայի տեղ թագաւոր նստաւ. Ու այս տեղէն ելաւ. Անիկա մէյմըն ալ հոս պիտի չդառնայ. 12Հապա անիկա իր գերի քշուած տեղը պիտի մեռնի, Ու մէյմըն ալ այս երկիրը պիտի չտեսնէ: 13Վա՜յ անոր, որ իր տունը զրկանքով Ու իր վերնատունները անիրաւութեամբ կը շինէ. Իր դրացին ձրի կը բանեցնէ, Եւ անոր աշխատութեանը վարձքը չվճարեր. 14Ինծի ընդարձակ տուն Ու հովասուն վերնատուններ շինեմ` ըսելով, Իրեն պատուհաններ կը բանայ, Ու զանիկա եղևնափայտով կը պատէ, Ու նօթով կը ներկէ: 15Միթէ դուն շատ եղևնափայտեր ժողվելովդ* Թագաւո՞ր պիտի ըլլաս: Չէ՞ որ քու հայրդ կերաւ ու խմեց, Նաև իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ, Այն ատեն անոր աղէկ եղաւ. 16Աղքատին ու տնանկին դատը տեսաւ, Այն ատեն անոր աղէկ եղաւ. Միթէ զիս գիտնալը ասիկա չէ՞, կ’ըսէ Տէրը: 17Սակայն քու աչքերդ ու սիրտդ ուրիշ բանի վրայ չէ, Բայց միայն քու ագահութեանդ Եւ անմեղ արիւն թափելու Եւ անիրաւութեան ու բռնաւորութեան վրայ է, որ զանոնք ընես:
Երեմիային պատգամը Յովակիմին մասին
18Անոր համար Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդւոյն Յովակիմի, վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Անոր վրայ պիտի չողբան` ըսելով, Վա՜յ, եղբայրս, կամ Վա՜յ, քոյրս. Անոր վրայ պիտի չողբան` ըսելով, Վա՜յ, տէր իմ, կամ Վա՜յ անոր փառքին: 19Անիկա իշու թաղումով պիտի թաղուի, Ու քաշելով պիտի տարուի, Ու Երուսաղէմի դռներէն դուրս պիտի նետուի:
Երեմիային պատգամը Երուսաղէմի ճակատագրին մասին
20Լիբանան ելիր ու աղաղակէ, Եւ Բասանի վրայ ձայնդ ձգէ Ու Աբարիմէ աղաղակէ. Վասն զի քու բոլոր հոմանիներդ կոտրուեցան: 21Երբ դուն յաջողութեան մէջ էիր, քեզի զրուցեցի, Ու դուն ըսիր, Մտիկ չեմ ըներ. Քու մանկութենէդ ի վեր ճամբադ այս է` Որ իմ խօսքս մտիկ չընես: 22Քու բոլոր հովիւներդ հովը պիտի կործանէ, Ու հոմանիներդ գերութեան պիտի երթան. Յիրաւի այն ատեն բոլոր չարութեանդ համար Պիտի ամչնաս ու պիտի պատկառիս: 23Ով Լիբանանի մէջ բնակող, Ու եղևիններու մէջ բոյն ունեցող, Երբ քեզի ծննդական կնոջ երկունքին պէս ցաւեր գան, Ո՜րչափ ողորմելի պիտի ըլլաս:
Աստուծոյ դատաստանը Յեքոնիային
24Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը, Ով Յուդայի թագաւոր, Յովակիմի որդի Յեքոնիա, Թէև իմ աջ ձեռքիս վրայ կնիք ալ ըլլաս, Անկէ ալ քեզ պիտի փրցնեմ. 25Եւ քեզ քու հոգիդ փնտռողներուն ձեռքը Ու այն մարդոց ձեռքը, որոնց երեսէն դուն կը վախնաս, Եւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը Ու Քաղդէացւոց ձեռքը պիտի մատնեմ. 26Եւ քեզ ու քու մայրդ որ քեզ ծնաւ, Օտար երկիր պիտի նստեմ Ուր ծնած չէք, Եւ հոն պիտի մեռնիք: 27Ու պիտի չդառնան այն երկիրը, Ուր դառնալու կը յուսան: 28Միթէ այս Յեքոնիա ըսուած մարդը անարգուած ու կոտրուած սափո՞ր մըն է. Կամ թէ այնպիսի ամա՞ն մըն է` որու մէ՛կը չհաճիր. Ինչո՞ւ համար ինք ու իր սերունդը նետուեցան, Ու իրենց չգիտցած երկիրը քշուեցան: 29Ով երկիր, երկիր, երկիր, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէ. 30Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Այս մարդը անզաւակ գրեցէք, Այս մարդը իր օրերուն մէջ յաջողութիւն պիտի չգտնէ. Քանզի անոր սերունդէն բնաւ մէկը յաջողութիւն պիտի չգտնէ, Որ Դաւիթի աթոռին վրայ նստի, Եւ այսուհետև Յուդայի վրայ թագաւորութիւն ընէ: